
Շուտով իր լրումին կը հասնի Մուսա-Լերան հերոսամարտի յաղթանակի 106-ամեակի տօնկատարութիւնը, եւ հերոսամարտի 18 քաջարի հերոս նահատակներու ոգեկոչումը:
2015 տարեշրջանին, հայրենիքի, Արցախի եւ Սփիւռքի տարածքին հայ գաղութներու մէջ կանխաւ սերտուուած, ծրագրուած եւ համադրուած պետական, եկեղեցական եւ կազմակերպութիւներու համագործակցութեամբ համազգային առումով եւ մեծ շուքով ոգեկոչեցինք 1915ին հայոց դէմ կատարուած Ցեղասպանութիւնը, եւ առաւել քաղաքակիրթ մեծ ազգերու պետութիւններէն, պահանջեցինք, որ ժամանակն է ճանչնան Հայոց Ցեղասպանութիւնը, եւ ճնշում բանեցնեն թուրք կառավադրութեան վրայ, որպէս ժառանգորդը Երիտասարդ թուրք կառավարութեան, որոնք անցնող դարասկիզբին կանխամտածուած ու ծրագրուած կերպով քաղաքակիրթ եւ մեծ պետութիւներու աչքերուն առջեւ ի գործ դրին իրենց անմարդկային եւ սադայելական ծրագիրը, բռնի կերպով տեղահանելով ժողովուրդ մը ամբողջ իր դարաւոր հայենիքէն:…Եւ աքսորի ճամբուն վրայ ոչնչացնելով մէկ ու կէս միլիոն անպաշտպան ժողովուրդը:
1915-ին, գարնան չարաշուք օրերուն, Մուսա-Լերան ժողովուրդը մերժեց դուրք կառավարութեան գաղթելու հրամանին, նախընտրեց լեռ բարձրանալ եւ մինչեւ վերջին շունչ մագարիլ իրմէ գերազան հզօր թուրք բանակին դէմ:
Թիկունքը տուած իր լեռներու ժայռերուն, կռուելու եւ նահատակուելու պատրաստակամութեամբ Մուսալեռցին հայացքը սեւեռեց երկինք, մարդկային կարողութիւններէն վեր ըրաւ այն՝ ինչ որ մեր նախահայրը Հայկ Նահապետ կատարած էր բռնակալ Բէլին դէմ:
Քառասուն օրեր մղեց տասնեակ մը ընդհարումներ, եւ չորս գլխաւոր վճռական ճակատամարտեր, բոլորն ալ կատարեալ յաջողութեամբ պսակուեցան:Սեպտեմբեր 5-ի չորրորդ եւ վերջինը, զգետնեց ոսոխ թշնամին, եւ յաղթական ճակատամարտի աւարտին, արեւածագին քաջարի մարտիկներ լերան լաջերուն տեսան ջախջախուծ թուրք բանակի զիուորներու բազմաթիւ դիակներ: Այդ առաւօտ ծովուն դիմաց լերան բարձուլքին շաշանեց իր կարմիր խաչ դրօշը: Աչքերը յարեց երկինք, եւ խնդրեց Աստուծոյ օգնութիւնը: Իսկապէս այդ օր Աստուած իջաւ ի Մուսա Լեռ, ծովուն վրայ երեւցաւ ասպետական Ֆրանսայի Կիշէն զրահանաւը, ընկերակցութեամբ այլոց:
Սեպտեմբեր 12ի առաւօտուն փրկութեան ժամը կը հնչէ: Հրաշքը կատարուած է: Ժողովուրդը շոքեմակոյքներով կը փոխադրուի դէպի մարտանաւերը, ապա Եգիպտոս՝ Փոր-Սայիտի, Սուէզի ջրանցքին արեւելեան ափին:
Չորս տարի եգիպտոս գաղթական մնալէ ետք, 1919-ին, Մուսա Լերան ժողովուրդը կը վերադարձաւ հայրենիք, վերաշինեց թուրքերու կողմէ իր այրուած ու կիսագանթ եղած տունը, մշակեց խոպան մնացած դաշտերը, եւ կրկին Մուսա-Լերան լանջերուն հնչեց հայու յաղթական երգը:
Քսան տարիներ, Սեպտեմբեր 15ի առաւօտուն,Մուսա Լերան վեց գիւղերու ժողովուրդը բարձրացաւ իր պաշտելի սարերու «Տամլաճըքի» բարձունքը, ամէն կողմ խարոյկներ, գետնի վրայ յարդարուած սեղաններ, կեր ու խում, լայն սարահարթին վրայ տարեցներ, հայրեր, մայրեր, պարման պարմանուշիներ ձեռք ձեռքի բռնաձ, անընկուն հաւատքով եւ ոգեւորութեամբ, թմբուկի եւ զուռնայի ազնուական ռազմերքի հնչողութեամբ մեծ շրջագիծով շուրջպար բռնեց, տօնակատարեց դիւցազնամարտին պանծալի յաղթանակը եւ ոգեկոչեց 18 հերոսներու անմեռ նահատակներու յիշատակը:
Սակայն այդ ուրախութիւնը երկար չտեւեց, 1939ին, ասպետական Ֆրանսա Սանճաքը թուրք կառավարութեան յանձնելէ ետք, Մուսա Լերան բուռ մը հայութիւնը, որ հոգեկան ամուր կապերով զօդուած էր իր լեռներուն ու հնաւանդ թանկագին նուիրականութիւններուն, գաղթելու ստպողութեան տակ, դժբախտութիւնը ունեցաւ լքելու պապենական լեռնաշխարհը, գալով հաստատուեցաւ հիւրընկալ Լիբանան, Պէքաա դաշտի Այնճար կոչուած ճահճոտ շրջանը:
Շնորհիւ հայու շինարար անընկուն կամքին ու հաւատքին, շուտով համակերպեցաւ տիրող շրջապատին եւ ստեղծուած պայմաներուն:
1939-ին, սկսաւ իր բնակարանի շինութեան որ աւարտեցաւ 1941-ին ամրան, զայն վերանուանեց Մուսա Լերան պապենական վեց գիւղերու անուններով: Նոյն տարին եւս տեղի ունեցած կալուածներու բաժանումը:
Կարճ ժամանակի մը ընթացքին Այնճար հայ գիւղաւանը դարձաւ Պէքաայի հովիտին ծաղկուն ու կանչազարդ նոր «Մուսա լեռ»ը:
Այնճարաբնակ նոր «Մուսա-Լեռ» ժողովուրդը, որպէս յուշարար իրենց մէջքին կապեցին իրենց ազնուատոհմ հայրերու, մեծ հայրերու մետաքսէ գօտին, իրանը բարձր պահել ու շարունակելու Մեծ հայրերուն յաւերժական արժէքները: Ամուռ ու անքակտելի կապով մը, մտքի եւ հոգիի սլացքները ուղղութիւն առին հայու ցեղային առաքինութիւններէն:
75 տարիները հեռու Մուսա Լերան փէշերէն սահեցան օտարութեան մէջ, մեր անսպառ կորովին եւ խանդավառութեան խառնելով անձկութ-եան եւ անստուգութեան լեղին: Տօնեցինք եւ կը տօնակատարէնք մեր պապերուն պանծալի յաղթանակը, դժբախտաբար օտար հողի եւ միջա-վայրի մէջ սփիւռս աշխարհի: Տասնամեակներ տօնեցինք՝ սպասելով վաղուայ պայծար արշալույսին: Տօնեցինք՝ եւ պիտի տօնենք՝ լի հաւատքով եւ ապագայի գեղեցիկ տեսիլքով, նոյն խանդավառութեամբ, յարատեւութեամբ եւ գոյապայքարի անընկճելի վճռակամութեամբ, եւ իրապաշտ տեսիլքով պիտի շարունակել մեր երթը:
Տուեալ աննպաստ պայմաններու մէջ, դժուար թէ կարենայինք դիմանալ ֆիզիքապէս կտրուած՝ դարաւոր հայրենիքէն՝ Մուա լեռէն, շրջապատուած՝ բազմաթիւ բացասական ազդակներով, տրամաբանականօրէն եթէ չըլլար մեր պապերու Մուսա Լերան Սրբազան «Խորհուրդ Խորհի»ի մոգական ոյժը: Իրերայաջորդ սերունդներ լիցքաւորուած վառ տեսիլքով, եւ խոհեմ գործունէութեամբ դրսեւորեցին «Առողջ միտք, առողջ մարմինի մէջ» կարգախօսը, որ համազօր է միայն ու միայն յաղթանակի:
՝՝Շուտով կը բոլորենք Ցեղասպանութեան եւ Մուսա Լերան հերոսամարտի հարիւրամեակը: Կանգնած ենք նոր հարիւրամեակի մը սեմին, դիմաւո
րաւելու մեր դարաւոր թշնամին կողմէ ծռագրուող ու պատմութեան իւրո-ղութիւնը խեղադիւրող սադրանքներուն առջեւ: Կանգնած ենք թուրք կառավարութեան եւ իր դաշնակից կառավարութիւներու կողմէ մշակուող քաղաքական նոր մարտահրաւերնէրու դէմ, որոնք յղի են մութ անակնկալներով եւ դարձակետնէրով: Զանոնք կարենալ դիմագրաւելու եւ յաղթահարելու համար պէտք է ազգովին մշակենք նոր մարտավարութիւն մը, սերտուած, ուսումնասիրուած, ծրագրուած եւ համադրուած հակահարուածող ուղիներով:
Որպէս Մուսատաղցի թոռ հետաքրքրութեամբ կարդագած եմ Մուսա լերան հերոսամարտին մասին գրուած գիրքեր՝ շատեր գրած եւ գեղեցիկ ներբողներ հիւսած, ներշնչուելով ափ մը անզէն ու անպաշտպան ժողովուրդին ցուցաբերած հերոսական կեցուածքէն ու ձեռք բերած անսպասելի յաղթանակէն: Հայկական հերոսամարտերու ոսկեմատեանին մէջ՝ անջնջելի տառերով արձանագրուած պիտի մնայ Մուսա լերան յաղթապանծ դիւցազնամարտը:
Որքան տխուր եւ յուսալքիչ պիտի ըլլար հայ ժողովուրդի ժամանակակից պատմութիւնը՝ առանց ազատագրական շարժումին մասնակից անթիւ, անհամար անձնազոհ մարտիկներու դիւցազնական խոյանքներուն: Առանց Զէյթունի, Սասունի, Վանի, Շապին-Գարահիսարի, Ուրֆայի, Հաճընի,Մուսատաղի եւ 1908ին, Չորք-Մարզպանի (Տորթյէօլ)ի գոյամարտերուն: 1918-ին,Սարդարապատի, Բաշ Աբարանի եւ Ղարաքիլիսէի վճռական ճակատամարտերուն շարաւիղը հանդիսացաւ Արցախի ազատագրումը:
Տամլաճըքի բարձունքին, Մուսա-Լերցիներու հոգիներուն ու մտքե-րուն մէջ լուծուած էր՝ թէ՝ կուսակցութիւնները, թէ՝համայնքները եւ թէ՝ անհատական հեղինակութիւնները, կար միայն միաձոյլ ու պողպատեայ կամքի տէր հայութիւն, լիցքաւորուած Աւարայի վառ տեսիլքով «Մահ Իմացեալ Անմահութիւն է» կադգախօսը: Այսպիսի հայութիւն մըն էր որ դեսեւորեց ու առինքնեց իր արիական պարտականութիւնը՝Մուսա լերան Տամլաճըգի բարձունքներուն մղուած դիցազնամարտը ուրիշ բան չէր, միայն ու միայն պաշտպանել հայու մարդկային տարրական ապրելու եւ գոյատեպւելու իրաւունքը, պահելու իր ազգային սրբութիւնները, պատիւը եւ մարդկային արժանիքները՝ հաւաքաբար կռուելով մեռնելու պատրաստակամութեամբ:
Քսաներորդ դարու մեր ազգային պատմութեան մէջ,Մուսա-Լերան դի-ցազնամարդը առանձնայատուկ եւ եզակի տեղ մը կը գրաւէ մղուած միւս գոյամարտերէն, շնորհիւ միջազգային գրակաենութեան դափնեկիր, մե-ծահամբաւ վիպասան, հայասէր ֆրանց Վերֆէլի «Մուսա Տաղի Քառա-սուն օրերը» անմահացուած վէպը՝ որ ներկայիս քառասունէ աւելի լեզուներու թարգմանուած է, հայութիւնը ճանցնելով օտարներուն:
Արդարեւ, միլիոններ եթէ ծախսէինք, 1915-ին մեր կրած տարապան-քը եւ անպատմել ջարդերը նկարագրելու համար, եւ հայ ժողովուրդի նկատմամբ ի գործ դրուած անարդարութեան մասին, վստահ եմ որ ոչինչ պիտի կարենայինք հասկցնել օտարներուն, որքան Ֆրանց Վերֆել ըրաւ՝ «Մուսա Տաղի Քառասու օրեր» վէպով: Որպէս հայ ժողովուրդ, եւ յատկապէս Մուսա լեռցիները շատ բան կը պարտինք, եւ երախտապարտ ենք, մեծահամբաւ վիպասանին:
Երբ թղթակիցներ կը հարցնեն այս մեծ գրագէտին թէ չ՞նչ բան զինք մղած է գրելու հայոց մասին, ան կը պատասխանէ.- «Հայերու մասին գիրք մը գրելու գաղափարը յղացած էի մեծ պատերազմին, Եւրոպական թեր-թերը կարդալով, ծանօթացած էի հայ ժողովուրդի ողբերգութեան: Այնքան ազդուեցայ տմարդ այդ ոճիրէն, եւ որոշեցի պատմական վեպով մը զայն մարդկութեան ներկայացնել»: