
23 տարիէ ի վեր աւանդութիւն դարձած է, որ Յուլիս 4-ի Ա.Մ.Ն. անկախութեան օրերուն, կատարուին Արեւելեան շրջանի միջ-մասնաճիւղային մրցումները:
Անգամ մը եւս, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի տիրական ներկայութիւնն ու կազմակերպուած գոյութիւնը պերճախօս վկայութիւններ են, փաստելու թէ այս կազմակերպութիւնը կը մնայ պատնէշի վրայ, իր իւրայատուկ ինքնութեամբ եւ կառոյցով, եզակի ինքնութեամբ եւ մթնոլորտով:
Հրճուանք ու հպարտանք է տեսնել նմանօրինակ ձեռնարկներու ստեղծուած մթնոլորտը…Սերունդ մը որ, ամենայն խանդավառութեամբ, բերկրանքով եւ յոյսով կ՛ոգեւորէ եւ կը մղէ հայորդին կառչած մնալու իր արմատներուն եւ ամէն գնով մերժելու բարոյալքում, այլասերում, սայթաքում եւ օտարալքում:
Ի զուր չէ որ Հ.Մ.Ը.Մ.-ը, կը նկատուի սերունդ մը, որ “միշտ պատրա՛ստ“, հաւաքական ուխտով եւ հաւատքով կը գործէ յաչս հայ ժողովուրդին:
Ի զուր չէ որ, Հ.Մ.Ը.Մ.-ը, իր կամաւոր բանակով, յիշատակելի պահեր կը ստեղծէ, ազգային պատկանելիութեան, վերապրումի եւ վերելքի կենդանի փաստը կը փոխանցէ:
Ի զուր չէ որ, Հ.Մ.Ը.Մ.-ը, իր գաղափարով կ՛ուռճանայ եւ անսասան յառաջանալով, կը թրծէ ապագայ խոստացող սերունդ մը:
Այսօր, Ֆիլատելֆիոյ մէջ, Ա.Մ.Ն.-ի Արեւելեան Շրջանի 23-րդ միջ-մասնաճիւղային մրցումներուն առթիւ, մարմնակրթական հայ մեծագոյն կազմակերպութիւնը, անգամ մը եւս կառչած իր փայփայած տեսլականին եւ սկզբունքներուն, Հ.Մ.Ը.Մ.-ը իր շուրջ հաւաքած է զանազան գաղթօճախներէ ժամանած հայորդիներ, երիտասարդ թէ ալեհեր, որոնք հոգեկան բերկրանքի եւ ազգային արժանապատուութեան զգացումներով պիտի ողջունէ ազդանշանը:
Հ.Մ.Ը.Մ.-ի պանծալի դրօշին տակ հասակ նետող սերունդին համար տօն է այսօր…
Հուսկ, կը բաւէ ըմբոշխնել այս խաղերու փակման հանդիսութեան տողանցող Հ.Մ.Ը.Մ.-ի շարքերը, որոնց պիտի դիմաւորեն ոտնկայս հանդիսատեսներու բուռն ծափողջոյնները…եւ ահաւասիկ հոս է որ կ՛ենթագիտակցուի թէ հայորդին որքա՜ն կապուած է հրաթեւ տորմիղին:
…Հ.Մ.Ը.Մ.-ի դրօշը պիտի ծածանի եւ ազատութեան զանգերը պիտի ղօղանջեն Ուիլիրմ Փեննի ստեղծած “Լիպըրթի Պել“ի քաղաքէն ներս: