22-ՐԴ ՄԻՋ-ՄԱՍ­ՆԱ­ՃԻՒ­ՂԱ­ՅԻՆ ՄՐՑՈՒՄ­ՆԵ­ՐԸ ԱՆ­ԳԱՄ ՄԸ ԵՒՍ ՊՍԱԿ­ՈՒԵ­ՑԱՆ Հ.Մ.Ը.Մ.-Ի ՅԱՂ­ԹԱ­ՆԱ­ԿՈՎ

0 0
Read Time:42 Minute, 32 Second

 ԹՂԹԱԿԻՑ

Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Արե­ւել­եան Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու 22-րդ միջ-մաս­նա­ճիւ­ղա­յին մար­զա­կան խա­ղե­րը տե­ղի ու­նե­ցան Չո­րեք­շաբ­թի, Յու­լիս 4-էն սկսեալ մին­չեւ Կի­րա­կի, Յու­լիս 8, 2012, նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ` Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Շրջա­նա­յին Վար­չու­թեան, հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ` Ա.Մ.Ն. Արե­ւել­եան Շրջա­նի Բա­րե­ջան Առաջ­նորդ Բարձ­րաշ­նորհ Տ. Օշա­կան Արք. Չօ­լոյ­եա­նի, ներ­կա­յու­թեամբ` Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդ­րո­նա­կան Վար­չու­թեան ան­դամ եւ Արե­ւել­եան Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու Շրջա­նի կապ` եղբ. Հրաչ Մես­րոպ­եա­նի, պա­տուոյ նա­խա­գա­հու­թեամբ Տէր եւ տի­կին Գէ­որգ եւ Էլի­զա­պէթ Գա­զանճ­եան­նե­րու, եւ հիւ­րըն­կա­լու­թեամբ` Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Ուա­շինկ­թը­նի մաս­նա­ճիւ­ղին:

 Հ.Մ.Ը.Մ.-ի տա­րե­կան այս մար­զա­կան խա­ղե­րը, առիթ մըն են սա­տա­րե­լու Հ.Մ.Ը.Մ.-ի վսեմ նպա­տա­կին, երբ շրջա­նիս 10 մաս­նա­ճիւ­ղե­րէն, ժա­մա­նած Հ.Մ.Ը.Մ.ական­ներ եւ հա­մա­կիր­ներ, գօ­տեպնդ­ուած Հ.Մ.Ը.Մ.-ի շուն­չով եւ ոգի­ով, կը հա­ւաք­ուին Միջ-մաս­նա­ճիւ­ղա­յին խա­ղե­րու դրօ­շին տակ` մրցե­լու` հայ­կական ազ­նիւ ոգի­ով, ստեղ­ծե­լու` խան­դա­վառ մթնո­լորտ մը, ծա­ռա­յե­լու` “Բարձ­րա­ցի՛ր-Բարձ­րա­ցո՛ւր“-ին, եւ միշտ ի մի­տի ու­նե­նա­լով` թէ այս խա­ղե­րէն յաղ­թա­կան դուրս պի­տի գայ միայն  Հ.Մ.Ը.Մ.-ը: Հ.Մ.Ը.Մ.-ն էր յաղ­թա­կա­նը, բարձ­րա­ցո­ղը… եւ բարձ­րաց­նո­ղը:

 Չորս օրե­րու վրայ եր­կա­րող խա­ղե­րու ըն­թաց­քին` դաշ­տե­րու վրայ, պան­դո­կի մի­ջանցք­նե­րուն եւ ամէ­նու­րէք հայ մար­զի­կը հան­դի­պե­ցաւ իր եղ­բօր ու քրոջ, որոնք ժա­մա­նած էին Արե­ւել­եան Ամե­րի­կա­յի տա­սը շրջան­նե­րու մաս­նա­ճիւ­ղե­րէն.- Ալ­պը­նի, Նիւ Եորք, Նիւ Ճըր­զի, Շի­քա­կօ, Պոս­թըն, Տիթ­րոյթ, Փրո­վի­տէնս, Ֆի­լա­տելֆ­իա, Ֆլո­րի­տա եւ հիւրըն­կալ մաս­նա­ճիւղ Ուա­շինկ­թը­նէն:

Յու­լիս 4ին բո­լոր մար­զիկ­նե­րը, սկաուտ­նե­րը եւ հա­մա­կիր­նե­րը, խումբ առ խումբ ժա­մա­նե­ցին Մի­աց­եալ Նա­հան­գնե­րու մայ­րա­քա­ղաք` Ուա­շինկ­թը­նի “Woodly Park Marriott“ շքեղ պան­դոկ, ուր տե­ղի ու­նե­ցաւ մաս­նա­ճիւ­ղե­րու պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րու կարճ ժո­ղով մը, բա­ցատ­րե­լու սոյն շա­բա­թա­վեր­ջի մար­զա­խա­ղե­րու դա­սա­ւո­րու­մը, օրէնք­նե­րը եւ խստա­պա­հանջ կար­գա­պա­հա­կան պայ­ման­նե­րը:

 

ԽՄԲԱ­ՅԻՆ ՄԱՐ­ԶԱ­ԽԱ­ՂԵՐ

Հինգ­շաբ­թի, Յու­լիս 5, առա­ւօտ­եան ժա­մը 9-ին “Germantown“ շրջա­նի “Discovery Sports Center“ մար­զա­հա­շա­լի­րի դաշ­տե­րուն վրայ սկսան խմբա­յին խա­ղե­րը: Մօ­տա­ւո­րա­պէս 450 մար­զիկ-մար­զի­կու­հի­ներ, ծիլ, փոքր, կրտսեր, երէց եւ վե­թե­րան դա­սա­կար­գե­րով, իրենց մաս­նակ­ցու­թիւնը բե­րին հե­տեւ­եալ մար­զա­խա­ղե­րուն, ոտ­նագն­դա­կի 6 խում­բեր, վո­լի­պո­լի 15 խում­բեր, պաս­քէթ­պո­լի 35 խում­բեր, ընդ­հա­նուր 56 խում­բեր եւ 77 խմբա­յին խա­ղեր: Երեք օրե­րու վրայ եր­կա­րող Հ.Մ.Ը.Մ.ական բարձր ոգի­ով տե­ղի ու­նե­ցած մրցում­նե­րու ար­դիւնք­ներն են.-

 

Խա­ղա­ձեւ                             Ախոյ­եան       Փոխ ախոյ­եան

Pee Wee Basketball                         Նիւ Ճըր­զի         Ուա­շինկ­թըն

Pee Wee Soccer                    Ուա­շինկ­թըն Ա.           Ուա­շինկ­թըն Բ.

Midget Basketball                            Նիւ Ճըր­զի         Տիթ­րոյթ

Junior Men’s Basketball          Ֆի­լա­տելֆ­իա              Պոս­թըն

Junior Women’s Basketball               Նիւ Ճըր­զի         Պոս­թըն

Senior Men’s Basketball                   Նիւ Ճըր­զի         Նիւ Եորք

Senior Women’s Basketball              Ուա­շինկ­թըն      Նիւ Ճըր­զի

Senior Men’s Soccer               Ուա­շինկ­թըն      Պոս­թըն

Senior Women’s Volleyball               Ուա­շինկ­թըն      Նիւ Ճըր­զի

Senior Men’s Volleyball           Ուա­շինկ­թըն      Շի­քա­կօ

Veteran Basketball                           Նիւ Եորք          Ֆի­լա­տելֆ­իա

 

ԱՆ­ՀԱ­ՏԱ­ԿԱՆ ՄԱՐ­ԶԱ­ԽԱ­ՂԵՐ

 Ան­հա­տա­կան մար­զա­կան խա­ղե­րուն ար­ձա­նագր­ուած էին` Լո­ղի 37 մար­զիկ եւ աթ­լե­թիզ­մի 50 մար­զիկ­ներ: Օդի չա­փա­զանց տա­քու­թեան պատ­ճա­ռաւ, եւ նկա­տի առ­նե­լով մար­զիկ­նե­րու առող­ջու­թիւնը, որոշ­ուե­ցաւ ջնջել աթլե­թի խա­ղե­րը, որոնք տե­ղի պի­տի ունե­նա­յին Շա­բաթ, Յու­լիս 7ի առա­ւօտ­եան: Լո­ղի մրցում­նե­րը տե­ղի ու­նե­ցան “Discovery Sports Center“ մար­զա­հա­մա­լի­րի լո­ղա­ւա­զա­նին մէջ, ուր ծնող­նե­րու եւ հա­մա­կիր­նե­րու ջերմ քա­ջա­լե­րան­քով մար­զիկ­նե­րը մրցե­ցան ապա­հո­վե­լու ոս­կի  կամ ար­ծաթ մե­տալ­ներ, հիւ­րըն­կալ մաս­նա­ճիւղ Ուա­շինկ­թը­նի մար­զիկ­նե­րը ար­ժա­նա­ցան առա­ւե­լա­գոյն մե­տալ­նե­րուն:

 

ՊԱ­ՐԱ­ՀԱՆ­ԴԷՍ ԽՐԱԽ­ՃԱՆՔ

Մար­զիկ­նե­րու կե­ցու­թիւն հաս­տա­տած պան­դո­կին մէջ, Ուր­բաթ երե­կոյ­եան տե­ղի ու­նե­ցաւ պա­րա­հան­դէս, մաս­նակ­ցու­թեամբ այս առի­թով Հա­յաս­տա­նէն ժա­մա­նած աստղ եր­գիչ` Թա­թա Սի­մոն­եա­նին եւ իր նուա­գա­խում­բին, ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ` DJ Ռաֆֆի­ին: Թա­թան իր ազ­գագ­րա­կան եր­գե­րով խան­դա­վա­ռեց ներ­կա­նե­րը, որոնք առա­ւօտ­եան ժա­մը երե­քին սրա­հէն հե­ռա­ցան բարձր տրա­մադ­րու­թեամբ:

 

ԳՆԱ­ՀԱ­ՏԱՆ­ՔԻ ԵՐԵ­ԿՈՅ

Շա­բաթ, Յու­լիս 7ի երե­կոյ­եան Շրջա­նա­յին Վար­չու­թիւնը Գնա­հա­տան­քի Երե­կոյ ձեռ­նար­կեց հրա­ւի­րե­լով 22րդ Մար­զա­կան Խա­ղե­րու պատ­ւոյ նա­խա­գահ­ներ Տէր եւ Տի­կին Գէ­որգ եւ Էլի­զա­պէթ Գա­զանճ­եան­նե­րու: Ներ­կայ էին  ԹԵ­միս Բա­րե­ջան Առաջ­նորդ Տ. Օշա­կան Արք. Չօ­լոյ­եա­նը, Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան ար­տա­կարգ եւ լի­ա­զօր դես­պան Նո­րին վսե­մու­թիւն տի­ար Թա­թուլ Մար­գար­եա­նը, Կեդ­րո­նա­կան Վար­չու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ եղբ. Հրաչ Մես­րոպ­եա­նը, Ար­ցա­խի Հան­րա­պե­տու­թեան Ուա­շինկ­թը­նի գրա­սեն­եա­կի վսեմա­շուք ներ­կա­յա­ցու­ցիչ պա­րոն Ռո­պերթ Աւե­տիս­եա­նը, Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան Դես­պա­նու­թեան զի­նուո­րա­կան կցորդ Գնդա­պետ Մես­րոպ Նա­զար­եա­նը, Հա­յոց Բա­նա­կի սպա­ներ` Ար­տակ Թո­նոյ­եան եւ Արդի­ոմ Գէ­որգ­եա­նը, Ուա­շինկ­թը­նի Սուրբ Խաչ եկե­ղեց­ւոյ Հո­գե­ւոր Հո­վիւ` Արժ. Տ. Սար­գիս քհնյ. Ագթա­ւուգ­եան, շրջա­նէս Ըն­թա­ցա­ւարտ Կեդ­րո­նա­կան Վար­չու­թեան եւ Շրջա­նա­յին Վար­չու­թեան ան­դամ­ներ ու ներ­կայ Շրջա­նա­յին Վար­չու­թեան ծա­ռա­յող եղ­բայր­ներ եւ քոյ­րեր, կազ­մա­կեր­պող մաս­նա­ճիւ­ղի վար­չու­թեան եւ խա­ղե­րու կազ­մա­կեր­պիչ յանձ­նա­խում­բի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ:

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջա­նա­յին Վար­չու­թեան ատե­նա­պետ` եղբ. Յո­վիկ Աբ­գար­եան եւ Շրջա­նա­յին Վար­չու­թեան ան­դամ քոյր Էլի­զա­պէթ Տրամ­կոչ­եան եռա­գոյն դրօ­շով պատ­ուե­ցին օր­ուան պատ­ւոյ նա­խա­գահ­նե­րը, որոնք խօսք առ­նե­լով գնա­հա­տե­ցին սոյն ձեռ­նադ­րու­թիւնը, մաղ­թե­լով առա­ւել յա­ջո­ղու­թիւն:

 

ՅԱՂ­ԹԱ­ՆԱ­ԿԻ ՃԱՇ­ԿԵ­ՐՈՅԹՊԱ­ՐԱ­ՀԱՆ­ԴԷՍ

Շա­բաթ, Յու­լիս 7ի երե­կոյ­եան տե­ղի ու­նե­ցաւ յաղ­թա­նա­կի ճաշ­կե­րոյթ-պա­րա­հան­դէ­սը Ուա­շիկ­թը­նի “Woodly Park Marriott“ պան­դո­կի շքեղ սրա­հին մէջ: Պաշ­տօ­նա­կան բա­ժի­նը բաց­ուե­ցաւ պատ­ւոյ հիւ­րե­րու մուտ­քով: Ներ­կայ էին 500-է աւե­լի Հ.Մ.Ը.Մ.ական­ներ եւ հա­մա­կիր ազ­գա­յին­ներ, որոնք ապ­րե­ցան յի­շա­տա­կե­լի երե­կոյ մը Հ.Մ.Ը.Մ.ի մեծ ըն­տա­նի­քին հետ: Պատ­ւոյ սե­ղա­նին վրայ ներ­կայ էին Արե­ւել­եան Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու Թե­մի Բա­րե­ջան Առաջ­նորդ` Բարձ­րաշ­նորհ Տ. Օշա­կան Արք. Չօ­լոյ­եան, Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան ար­տա­կարգ եւ լի­ա­զօր դես­պան Նո­րին Վսե­մու­թիւն տի­ար Թա­թուլ Մար­գար­եան, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդ­րո­նա­կան Վար­չու­թեան ան­դամ եւ Արե­ւել­եան Շրջա­նի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ եղբ. Հրաչ Մես­րոպ­եան, պատ­ւոյ նա­խա­գահ­ներ` Տէր եւ Տի­կին Գէ­որգ եւ Էլի­զա­պէթ Գա­զանճ­եաններ, Ար­ցա­խի Հան­րա­պե­տու­թեան Ուա­շինկ­թը­նի գրա­սեն­եա­կի Վսե­մա­շուք Ներ­կա­յա­ցու­ցիչ` պա­րոն Ռո­պերթ Աւե­տիս­եան, Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան Դես­պա­նու­թեան զի­նուո­րա­կան կցորդ Գնդա­պետ Մես­րոպ Նա­զար­եան, Հ.Յ.Դ. Արե­ւել­եան Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու Կեդ­րո­նա­կան Կո­մի­տէի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ընկ. Ժան Աւե­տիս­եան, Շրջա­նա­յին Վար­չու­թեան ատե­նա­պետ եղբ. Յո­վիկ Աբ­գար­եան, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Ուա­շինկ­թը­նի մաս­նա­ճիւ­ղի ատե­նա­պե­

տու­հի` քոյր Երան Սի­մոն­եան, խա­ղե­րու կազ­մա­կեր­պիչ յանձ­նա­խում­բի ատե­նա­պետ եղբ. Վա­հէ Թա­նաշ­եան եւ օր­ուան հան­դի­սա­վար ընկ. Յով­սէփ Աւագ­եան: Պատ­ուոյ հիւ­րե­րէն ներ­կայ էին Հ.Օ.Մ.ի Արե­ւել­եան Շրջա­նի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ` ընկհ. Սիլ­վա Քէ­շիշ­եան: Շրջա­նա­յին Վար­չու­թեան սե­ղա­նին ներ­կայ էին փոխ ատե­նա­պետ եղբ. Թո­րոս Ոս­պիկ­եան, ատե­նադպ­րու­հի քոյր Էլի­զա­պէթ Տրամ­կոչ­եան, գան­ձա­պահ քոյր Ար­շօ Գան­թարճ­եան, մար­զա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ` եղբ. Սար­գիս Դար­բին­եան, Սկաու­տա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ` եղբ. Արամ Գայ­սեր­եան եւ ան­դամ­ներ եղբ. Յա­կոբ Սո­լաք­եան, եղբ. Ռազ­միկ Փա­նո­սեան եւ եղբ. Սե­ւան Թո­րոս­եան:

Հան­դի­սու­թեան պաշ­տօ­նա­կան բա­ցու­մը կա­տար­ուե­ցաւ Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու քայ­լեր­գի կա­տա­րո­ղու­թեամբ տի­կին Էմ­մա Սո­ղո­մոն­եա­նի, Հա­յաս­տա­նի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի քա­յլերգ­նե­րով կա­տա­րո­ղու­թեամբ եղբ. Գէ­որգ Թա­թար­եա­նին:

Սրբա­զան Հօր սե­ղա­նի օրհ­նու­թե­նէ եւ ճա­շէն ետք, օր­ուան պատ­շաճ յայ­տա­գի­րը բաց­ուած հռչակ­ուե­ցաւ ընկ. Յով­սէփ Աւագ­եա­նի կող­մէ: Ան ներ­կա­նե­րուն բա­րի գա­լուստ մաղ­թե­լէ ետք, հաս­տա­տեց թէ այս ձեռ­նար­կը Յաղ­թա­նա­կի Ճաշ­կե­րոյթ-Պա­րա­հան­դէս կ՛ան­ուա­նենք ոչ թէ անոր հա­մար, որ այս խա­ղե­րուն ար­դիւն­քով կան յաղ­թող մար­զիկ­ներ, այլ անոր հա­մար որ այս խա­ղե­րէն միշտ ալ յաղ­թա­կան դուրս եկած է Հ.Մ.Ը.Մ.ը, որով­հե­տեւ Հ.Մ.Ը.Մ.ը ոտ­նագն­դա­կի, վո­լի­պո­լի, պաս­քէթ­պո­լի կամ այլ  մար­զա­ձե­ւե­րու հա­մախմ­բում մը չէ, այլ Հայ­կա­կան Մարմ­նակր­թա­կան Ընդ­հա­նուր Միու­թիւն մըն է, որ կը ձգտի ազ­գա­յին վսեմ նպա­տակ­նե­րու հե­տե­ւա­բար այ­սօր­ուան յաղ­թա­նա­կը այդ նպա­տա­կին իրա­գործ­ման աշ­խա­տանք­նե­րու յաղ­թա­նակն է եւ որու հե­տե­ւան­քով հայ ժո­ղո­վուր­դի յաղ­թա­նակն է:

 Առա­ջին խօս­քը առաւ հիւ­րըն­կալ մաս­նա­ճիւ­ղի վար­չու­թեան եւ կազ­մա­կեր­պիչ յանձ­նա­խում­բի կող­մէ ատե­նա­պետ` եղբ. Վա­հէ Թա­նաշ­եան, եղ­բայ­րը մաս­նա­ճիւ­ղի անու­նով բա­րի գա­լուստ մաղ­թեց բո­լոր ներ­կա­նե­րուն: Ան շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց կազ­մա­կեր­պիչ յանձ­նա­խում­բին, են­թա­յանձ­նա­խում­բե­րուն եւ բո­լոր ան­դամ­նե­րուն, ըն­տա­նիք­նե­րուն եւ կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րուն, որոնք ամիս­ներ շա­րու­նակ ան­սա­կարկ աշխա­տե­ցան այս խա­ղե­րու յա­ջո­ղու­թեան հա­մար եւ ի սէր` Հ.Մ.Ը.Մ.ին: Ան մաս­նա­ւոր շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց Սրբա­զան Հօր, Պա­րոն Դես­պա­նին եւ պատո­ւոյ նա­խագա­հ­ին իրենց ներ­կա­յու­թեան ու նե­ցուկ կանգ­նե­լուն հա­մար: Ան իր խօս­քը շա­րու­նա­կեց.- “մե­զի հա­մար մեծ հա­ճոյք եւ ու­րա­խու­թիւն էր հիւ­րըն­կա­լել այս տար­ուան խա­ղե­րը: Նա­եւ պա­տիւ էր մե­զի հա­մար, այս առի­թով տօ­նե­լու Հա­յաս­տա­նի Զին­ուած Ու­ժե­րու հիմ­նադ­րու­թեան 20-ամ­եա­կը, որուն հա­մար յա­տուկ շնոր­հա­կա­լու­թիւն Հա­յաս­տա­նի Դես­պա­նու­թեան զի­նուո­րա­կան կցորդ, գնդա­պետ` Մես­րոպ Նա­զար­եա­նին (տես­նել խօս­քը աւար­տին)“:

Եղ­բայր Վա­հէ իր խօս­քը փա­կեց ըսե­լով.- Սի­րե­լի­ներմեր հիմ­նա­դիր­նե­րու երա­զով ու մեր սկաուտ­նե­րու ու մար­զիկ­նե­րու կամ­քով ամուր ու բարձր պա­հենք մեր եռա­գոյ­նը ու շա­րու­նա­կենք մի­աս­նա­բար գոր­ծել մեր սի­րե­լի Բարձ­րա­ցի՛րԲարձ­րա­ցո՛ւ­րի նշա­նա­բա­նով“:

Հ.Յ.Դ. Արե­ւել­եան Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու Կեդ­րո­նա­կան Կո­մի­տէի կող­մէ խօսք առաւ ըն­կեր Ժան Աւե­տիս­եան, ըն­կե­րը իր խօս­քին մէջ ող­ջու­նեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի հաս­տա­տա­քայլ եր­թը շրջա­նի մէջ, ան ըսաւ թէ` Արե­ւել­եան Ամե­րի­կա­յի Հ.Յ.Դ. Կեդ­րո­նա­կան Կո­մի­տէն, յան­ձինս Հայ Յե­ղա­փո­խա­կան Դաշ­նակ­ցու­թեան մեծ ըն­տա­նի­քին, կու գայ ան­գամ մը եւս ող­ջու­նե­լու Արե­ւել­եան Ամե­րի­կա­յի Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջա­նա­յին Ողիմպ­ի­ա­կան խա­ղե­րը, որոնք այս տա­րի նուիր­ուած են Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան Ազ­գա­յին Բա­նա­կի կազ­մու­թեան 20ամ­եա­կին ու ան­կաս­կա­ծօ­րէն Հ.Մ.Ը.Մ.ական ըն­տա­նի­քի բո­լոր ան­դամ­նե­րուն ու յատ­կա­պէս պա­տաս­խա­նա­տու մար­մին­նե­րուն եր­կար եւ հե­տե­ւո­ղա­կան աշ­խա­տան­քի, ճի­գի ու քրտին­քի ար­դիւնքն է, որ կը ներ­կա­յա­նայ մե­զի այ­սօր, մեր ան­կախ հայ­րե­նի­քի քա­ջա­րի բա­նա­կին ար­ժա­նա­ւոր ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ տե­ղի ու­նե­ցող այս ողիմպ­ի­ա­կա­նը:

Այս առ­թիւ Հ.Յ.Դ. Արե­ւել­եան Ամե­րի­կա­յի Կեդ­րո­նա­կան Կո­մի­տէի կող­մէ պար­տա­կա­նու­թիւնը ու­նիմ վե­րա­հաս­տա­տե­լու Դաշ­նակ­ցա­կան ըն­տա­նի­քին պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւնը ձեր կող­քին կանգ­նե­լու մեր շրջա­նի հա­մայն տա­րած­քին:

Ան­կաս­կած, որ հայ­րե­նա­սէր հա­յու ոգի­ով պի­տի շա­րու­նա­կէք գոր­ծել, մի՛շտ բարձ­րա­նալ ու բարձ­րաց­նել հա­յու պա­տիւն ու կո­րո­վը ըլ­լայ մար­զա­դաշ­տի վրայ ըլ­լայ անձ­նա­կան կեան­քի օրի­նա­կով ի փառս հայ ժո­ղո­վուր­դին ու անոր վե­րա­կանգ­նող Հայ­րե­նի­քին:

Պար­ծանք ու պա­տիւ Հայ Մարմ­նակր­թա­կան Ընդ­հա­նուր Միու­թեան անն­կուն ոգի­ով իրա­կա­նաց­նող աշ­խա­տանք­նե­րուն եւ անոր միշտ բարձր ծա­ծա­նող միու­թե­նա­կան դրօ­շին“:

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արե­ւել­եան Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու Շրջա­նա­յին Վար­չու­թեան ատե­նա­պետ եղբ. Յո­վիկ Աբ­գար­եան իր խօս­քին մէջ շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց Սրբա­զան Հօր իր յա­րա­տեւ քա­ջա­լե­րան­քին հա­մար: Բա­րի գա­լուստ յայտ­նեց Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան Ներ­կա­յա­ցու­ցի­չին, զի­նուո­րա­կան կցոր­դին եւ Ար­ցա­խի ներ­կա­յա­ցու­ցի­չին, որոնց ներ­կա­յու­թիւնը յա­ւել­եալ պա­տիւ կը բե­րէ Հ.Մ.Ը.Մ.ին: Ան գնա­հա­տան­քի խօս­քեր ուղ­ղեց հիւ­րըն­կալ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Ուա­շինկ­թը­նի մաս­նա­ճիւ­ղի վար­չու­թեան, կազ­մա­կեր­պիչ յանձ­նա­խում­բին եւ Շրջա­նա­յին Մար­զա­կան յանձ­նա­խում­բին, իրենց տա­րած աշ­խա­տան­քին հա­մար, ինչ­պէս նա­եւ շրջա­նիս տա­սը մաս­նա­ճիւ­ղե­րու վար­չու­թիւն­նե­րուն, որոնք հսկա­յա­կան աշ­խա­տանք կը տա­նին շա­րու­նա­կե­լով մեր հիմ­նա­դիր­նե­րուն աշ­խա­տան­քը: Այս հրա­շա­լի կազ­մա­կեր­պու­թեան, որ­պէս մէկ մաս­նիկ Արե­ւել­եան Շրջա­նը կը ջա­նայ իր լա­ւա­գոյ­նը մա­տու­ցել ու նո­րա­հաս հայ սե­րուն­դի դաստ­ի­ա­րա­կու­թեան ընդ­հա­նուր գոր­ծին իր անու­րա­նա­լի ներդ­րու­մը ու­նե­նալ: Եւ ահա այս առա­քե­լու­թեան շրջա­գի­ծին մէջ այ­սօր կը վա­յե­լենք մեր փոք­րիկ­նե­րու ու երի­տա­սարդ­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ կա­տար­ուած 22րդ միջ-մաս­նա­ճիւ­ղա­յին խա­ղե­րու հրճուան­քը: Այս խա­ղե­րը սո­վո­րա­կան մրցա­շարք մը չեն, ուր կ՛ար­ձա­նագր­ուին յաղ­թող­ներ ու պար­տուող­ներ, այլ ան­կէ ան­դին` նպա­տակ ու­նի Հ.Մ.Ը.Մ.ակա­նին վա­յել, ազ­նիւ մրցակ­ցու­թեան մթնո­լոր­տի մը մէջ քով-քո­վի գա­լու, նախ­կին ծա­նօ­թու­թիւն­ներ ամ­րապն­դե­լու ու նոր ծա­նօ­թու­թիւն­ներ հաս­տա­տե­լու, որոնք ի վեր­ջոյ կը նպաս­տեն մեր հա­ւա­քա­կան կամ­քի ամ­րապնդ­ման, մէ­կը միւ­սով հզօ­րա­նա­լով` իւ­րա­քան­չիւրս աւե­լի կը գօ­տեպնդ­ուի Հ.Մ.Ը.Մ.ի նուի­րա­կան գա­ղա­փար­նե­րով եւ վե­րա­նո­րոգ­ուած կո­րո­վով վե­րա­դառ­նա­լու մեր շրջան­նե­րը` շա­րու­նա­կե­լու հա­մար այն գործն ու ծա­ռա­յու­թիւնը, ի խնդիր մեր ազ­գա­յին գի­տակ­ցու­թեան պահ­պան­ման, ազ­գա­սի­րու­թեան ու հայ­րե­նա­սի­րու­թեան, ինչ­պէս նա­եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի ընդ­մէ­ջէն ծա­ռա­յե­լու մեր հա­մայն­քի կա­րիք­նե­րուն Հայ­րե­նի­քի հզօ­րու­թեան ու զար­գաց­ման:

Իր խօս­քի աւար­տին եղբ. Յո­վիկ բեմ հրա­ւի­րեց խա­ղե­րու պատ­ուոյ նա­խա­գահ­ներ Տէր եւ Տի­կին Գէ­որգ եւ Էլի­զա­պէթ Գա­զանճ­եան­նե­րը եւ անոնց յանձ­նեց յա­տուկ յու­շան­ուէր մը: Այս առի­թով պատ­ւոյ նա­խա­գահ­նե­րու կող­մէ խօսք առաւ անոնց դուստ­րը Մա­րալ Գա­զանճ­եան-Պո­զաճ­եա­նը: Ան ըսաւ թէ մեծ ու­րա­խու­թիւն է իրեն հա­մար ներ­կայ ըլ­լալ այս մեծ ըն­տա­նի­քին մէջ, ուր ինք ան­ցու­ցած է իր ման­կու­թեան եւ պա­տա­նե­կու­թեան տա­րի­նե­րը ու ստա­ցած էր իր հա­յե­ցի դաստ­ի­ա­րա­կու­թիւնը: Ան շա­րու­նա­կեց ըսե­լով թէ իր ծնող­քին փա­փաքն էր թէ ինք ար­տա­սա­նէ այս խօս­քը, որով­հե­տեւ անոնք կը հա­ւա­տան, որ մեր ազ­գի վե­րել­քին հա­մար միշտ կա­րի­քը ու­նինք երի­տա­սար­դու­թեան: Ան հաս­տա­տեց թէ իր ծնող­քը ըն­դու­նե­ցին խա­ղե­րու նա­խա­գա­հու­թեան պատիւը ի յի­շա­տակ իր մեծ հօր Յով­հան­նէս Գա­զանճ­եա­նին, որ իր կեան­քի ըն­թաց­քին եղած է Հայ Ազ­գի հա­ւա­տա­րիմ ծա­ռան: Ան իր խօս­քը ուղ­ղե­լով իր մեծ հօր ըսաւ Մեծ հայ­րիկ` քեզ­մով շատ հպարտ ենք, դուն ծա­ռա­յե­ցիր ազ­գին ու Հայ­րե­նի­քին, այ­սօր տղուդ զա­ւակ­նե­րը եւ թոռ­նե­րը իրենց ըն­կեր­նե­րով, սկաուտ­նե­րով եւ մար­զիկ­նե­րով եռա­գոյ­նը բարձր դրած ու ամուր պա­հած իրենց հո­գի­նե­րուն մէջ` կը շա­րու­նա­կեն ձեր սուրբ գոր­ծը Հա­յու­թեան եւ Հա­յաս­տա­նի սի­րոյն: Քոյր Մա­րա­լը իր խօս­քը փա­կեց ըսե­լով Սի­րե­լի Հ.Մ.Ը.Մ.ի պա­տաս­խա­նա­տու­ներ, ըն­տա­նի­քիս անու­նով շնոր­հա­կա­լու­թիւն կը յայտ­նեմ այս մեծ պատիւին հա­մար: Սի­րե­լի ներ­կա­ներ, մնանք մի­ա­սին ամուր, սի­րով եւ մեր ապա­գայ սե­րուն­դին հա­մար բարձ­րա­նանք ու բարձ­րաց­նենք Հայ Ազ­գը:

 Հ.Մ.Ը.Մ.ի Յաղ­թու­թեան այս ճաշ­կե­րոյթ-պա­րա­հան­դէ­սին յատ­կան­շա­կան երե­ւոյթ էր Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան ար­տա­կարգ եւ լի­ա­զօր դես­պան Նո­րին Վսե­մու­թիւն տի­ար Թա­թուլ Մար­գար­եա­նի ներ­կա­յու­թիւնը: Մե­ծար­քոյ դես­պա­նը իր խօս­քին մէջ բարձր գնա­հա­տեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի ներ­կա­յու­թիւնը հայ կեան­քէն ներս, մա­նա­ւանդ Սփիւռ­քի մէջ, ուր Հ.Մ.Ը.Մ.ի ջան­քե­րով ի մի տեղ կը հա­ւաք­ուին Հայ մատ­ղաշ սե­րունդ­նե­րը, որոնք մարմ­նով եւ հոգի­ով կը պատ­րաստ­ուին, որ­պէս ապա­գայ հայ սե­րունդ­ներ: Դես­պա­նը շնոր­հա­ւո­րեց նա­եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արե­ւել­եան Շրջա­նի կազ­մա­կեր­պած 22րդ միջ-մաս­նա­ճիւ­ղա­յին խա­ղե­րը:

Յա­ջորդ խօսք առ­նողն էր Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդ­րո­նա­կան Վար­չու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ` եղբ. Հրաչ Մես­րոպ­եան, որ շեշ­տեց թէ` “Հ.Մ.Ը.Մ.ը Հայ­րե­նազրկ­ուա­ծու­թեան 70 տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին սփիւռ­քա­հա­յու­թիւնը Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաու­տա­կան առինք­նող շար­քե­րուն մէջ կը տես­նէր հա­յոց բա­նա­կի խրոխտ ու հպարտ պատ­կե­րը եւ անոր պար­զած Եռա­գոյ­նին մէջ կը տես­նէր ազատ ու ան­կախ պե­տա­կա­նու­թեան տես­լա­կա­նը:

Այս առի­թով, յա­նուն Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդ­րո­նա­կան Վար­չու­թեան եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի մեծ ըն­տա­նի­քին ի սրտէ կը շնոր­հա­ւո­րենք Հա­յոց Բա­նա­կի քսա­նամ­եա­կը եւ խա­ղաղ ծա­ռա­յու­թիւն կը մաղ­թենք մեր զի­նուոր­նե­րուն ու սպա­նե­րուն:

Հ.Մ.Ը.Մ.ի պայ­ծա­ռա­տես հիմ­նա­դիր­նե­ր
ը առա­ջին իսկ օրէն ընդգ­ծե­ցին երի­տա­սար­դու­թեան կա­րե­ւո­րու­թիւնը եւ զայն նկա­տե­ցին ազ­գի ապա­գան, մարդ­կա­յին ու ազ­գա­յին ար­ժէք­նե­րով զի­նե­ցին զայն, որ­պէս­զի կա­րե­նայ դի­մագ­րա­ւել մեր ազ­գին առ­ջեւ դրուած մար­տահ­րա­ւէր­նե­րը:

Երի­տա­սար­դու­թեան կա­րե­ւո­րու­թիւնը շեշ­տող Հ.Մ.Ը.Մ.ի մօ­տե­ցու­մը նոյնն է նա­եւ այ­սօր, որուն դրսե­ւո­րում­նե­րէն էր 2011 Սեպ­տեմ­բե­րին Ծաղ­կա­ձո­րի մէջ գու­մար­ուած 10րդ Պատ­գա­մա­ւո­րա­կան Ժո­ղո­վին որ­դեգ­րած Ռազ­մա­վա­րա­կան Ծրա­գի­րը, որուն կա­րե­ւոր կէ­տե­րէն մէկն էր երի­տա­սար­դու­թեան ներգ­րաւ­ու­մը եւ հա­յա­խօ­սու­թեան զարկ տուող ծրա­գիր­նե­րու մշա­կու­մը: Աւե­լին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի պատ­մու­թեան մէջ դժուար թէ գտնուի ժո­ղով մը, ուր այն­քան շատ մտած­ուած ու խօս­ուած ըլ­լայ երի­տա­սար­դու­թեան մա­սին, որ­քան 10 Պատ­գա­մա­ւո­րա­կան Ընդ­հա­նուր Ժո­ղո­վը:

Այ­սօր առա­ւել եւս հա­մոզ­ուած ենք, որ ազ­գա­յին ար­ժէք­նե­րով զին­ուած, ազ­գին ու հայ­րե­նի­քին ծա­ռա­յե­լու գա­ղա­փա­րին կառ­չած երի­տա­սար­դու­թիւնն է ազ­գի ու հայ­րե­նի­քի գո­յա­տեւ­ման ու բար­գա­ւաճ­ման բա­նա­լին, իսկ գա­ղա­փա­րա­պաշտ երի­տա­սար­դու­թիւն կեր­տե­լու գոր­ծը Հ.Մ.Ը.Մ.ի նուի­րա­կան առա­քե­լու­թիւնն է, որուն պէտք է աջակ­ցինք բո­լորս եւ մեր ու­նե­ցած բո­լոր հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րով:

Բարձ­րաշ­նորհ Սրբա­զան Հայր, Մե­ծար­քոյ Ար­տա­կարգ եւ լի­ա­զօր դես­պան Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան, Ար­ժա­նա­պա­տիւ հո­գե­ւոր հայ

 

 

րեր, Հ.Յ.Դ. Արե­ւել­եան Շրջա­նի Կեդ­րո­նա­կան Կո­մի­տէի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ, Յար­գար­ժան Շրջա­նա­յին եւ Մաս­նա­ճիւ­ղե­րու վար­չու­թեանց եւ այլ մար­մին­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, սի­րե­լի Հ.Մ.Ը.Մ.ական­ներ եւ յար­գե­լի ներ­կա­ներ,

Շուրջ 94 տա­րի­ներ առաջ, խումբ մը հա­ւա­տա­ւոր ու հե­ռա­տես հա­յոր­դի­ներ հիմ­նե­ցին Հայ Մարմ­նա­կր­թա­կան Ընդ­հա­նուր Միու­թիւնը, որուն վսեմ նպա­տա­կը եղաւ ոչ միայն ֆի­զի­քա­կան` այլ նա­եւ բա­րո­յա­կան ու ազ­գա­յին կրթու­թիւն ջամ­բել հայ պա­տանի­ին ու երի­տա­սար­դին եւ հայ պա­տա­նին ու երի­տա­սար­դը ներգ­րա­ւե­լով այս հզօր կազ­մա­կեր­պու­թեան մէջ ու­զե­ցին առաջ­քը առ­նել ջար­դէն ճո­ղոպ­րած ու հայ­րե­նի օր­րա­նէն տե­ղա­հան եղած հայ զանգ­ուա­ծի ձու­լու­մին:
1970ական թուա­կան­նե­րուն տար­բեր հա­մայնք­նե­րու մէջ նուի­րա­կան այս գոր­ծին լծուած առան­ձին-առան­ձին մի­ա­ւոր­ներ որա­կա­կան նոր քայլ մը ար­ձա­նագ­րե­ցին, երբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի մաս­նա­ճիւ­ղե­րու հա­մա­գու­մա­րով հի­մը դրին ոչ միայն հա­մա­հայ­կա­կան կա­ռոյ­ցին, այլ նա­եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի առա­քե­լու­թեան տուին Հա­մա­հայ­կա­կան մտա­ծո­ղու­թիւն, որ­պէս­զի աւե­լի կազ­մա­կերպ­ուած ու հա­մադր­ուած ճի­գով տա­նիլ հա­յե­ցի կար­գա­պա­հու­թեամբ օժտ­ուած այս կազ­մա­կեր­պու­թեան աշ­խա­տան­քը:

Պա­տա­հա­կան չէ, որ միջ-մաս­նա­ճիւ­ղա­յին Նա­ւա­սարդ­եան այս խա­ղե­րը նուիր­ուած են հայ­րե­նի բա­նա­կի քսա­նամ­եա­կին, որով­հե­տեւ մենք նա­եւ նմա­նու­թիւն­ներ կը տես­նենք այս եր­կու կա­ռոյց­նե­րուն մի­ջեւ: Ճիշդ է Հ.Մ.Ը.Մ.ակա­նը հայ­րե­նի­քի սահ­ման­ները չի պաշտ­պա­ներ, բայց նա­եւ ճիշդ է, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ը իր ծննդեան առա­ջին օրէն եղած է հա­յա­պահ­պան­ման առա­ջին գի­ծե­րու վրայ: Ճիշդ է, որ մեր շար­քե­րը զէն­քով չեն զին­ուած, բայց նա­եւ ճիշդ է, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ական­նե­րը զին­ուած ազ­գա­յին ար­ժէք­նե­րով ու գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թեամբ` ի պաշտ­պա­նու­թիւն մեր ազ­գա­յին գո­յա­տեւ­ման ու իրա­ւունք­նե­րու ձեռք­բեր­ման:

Վեր­ջին խօս­քը առաւ Արե­ւել­եան Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու Թե­մի Առաջ­նորդ Բարձր. Տ. Օշա­կան Արք. Չօ­լոյ­եան: Սրբա­զան Հայ­րը իր խօս­քը ուղ­ղե­լով երի­տա­սար­դու­թեան, շնոր­հա­ւո­րեց 22րդ Միջ-մաս­նա­ճիւ­ղա­յին մար­զա­կան խա­ղե­րու յա­ջո­ղու­թիւնը եւ յի­շե­ցուց, որ զա­նա­զան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­ներ եկած ու գա­ցած են, բայց Հ.Մ.Ը.Մ.ը Մա­յիս 28, 1918 պայ­քա­րէն ու մեր ժո­ղո­վուր­դի ծո­ցէն, կը մնայ միշտ երի­տա­սարդ: Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկզբունք­նե­րը եւ մեր ազ­գա­յին սրբու­թիւնը շունչ եւ արիւն տուած են մե­զի եւ մեր բո­լո­րին պար­տա­կա­նու­թիւնն է պահ­պա­նել զա­նոնք,- ըսաւ Սրբա­զան Հայ­րը: Ան յի­շեց իր պա­տա­նե­կան տա­րի­նե­րը երբ իբ­րեւ գայ­լիկ եւ սկաուտ կը կերտ­ուէր Հ.Մ.Ը.Մ.էն ներս, ապա ըսաւ.- Հա­ւա­տա­ցինք այս ըն­տա­նի­քին, որ հա­րա­զատ է մեր ժո­ղո­վուր­դի նկա­րագ­րին, Հ.Մ.Ը.Մ.ը մերն է ու կը պա­հէ զմեզ“: Անդ­րա­դառ­նա­լով Հա­յաս­տա­նի Զին­ուած Ու­ժե­րու Հիմ­նադ­րու­թեան 20ամ­եա­կին, ան ըսաւ.- Հայ զի­նուո­րը, Հա­յաս­տա­նի լեռ­նե­րուն վրայ կը պաշտ­պա­նէ Հայ ժո­ղո­վուր­դը, Հա­յաս­տա­նի սահ­ման­նե­րու ար­թուն հսկո­ղու­թեամբ, եւ հոս Հ.Մ.Ը.Մ.ական­նե­րը կը պաշտ­պա­նեն Հայ ժո­ղո­վուր­դը, ար­թուն պա­հա­կը դառ­նա­լով անոր իրա­ւունք­նե­րուն: Ան շա­րու­նա­կեց ըսե­լով որ այս օտար ափե­րուն վրայ այս կազ­մա­կեր­պու­թիւնը կը մնայ Հայ Ազ­գի սե­փա­կա­նու­թիւն եւ այ­սօր անոր դրօ­շը կը ծա­ծա­նի աշ­խար­հի բո­լոր ծա­գե­րուն“: Յա­նուն Ազ­գա­յին Առաջ­նո­րդա­րանի եւ Վար­չու­թեան ան շնոր­հա­ւո­րեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի 95ամ­եա­կը եւ յայտ­նեց որ այս տօ­նախմ­բու­թեամբ հա­յու­թիւնը կ՛ան­մա­հա­նայ: Փա­կեց իր խօս­քե­րը ըսե­լով “կեց­ցէ՛ Հ.Մ.Ը.Մ.ը, Մայր Հա­յաս­տա­նը եւ մեր ժո­ղո­վուր­դը“:

Յայ­տագ­րի գոր­ծադ­րու­թեան աւար­տին, ներ­կա­նե­րը վա­յե­լե­ցին Գա­նա­տա­յէն ժա­մա­նած սիր­ուած եր­գիչ` Յա­րութ Պետ­րոս­եա­նին եւ իր նուա­գա­խում­բին, որոնք անընդ­հատ խան­դա­վա­ռե­ցին բո­լո­րը ազ­գագ­րա­կան եւ ժո­ղովր­դա­յին ճոխ եր­գե­րով: Կէս գի­շե­րէն ետք ժա­մը 1:30ին, երի­տա­սարդ եր­գիչ` Քրիս­տա­փոր Արապ­եան մթնո­լոր­տը խան­դա­վա­ռեց ազ­գա­յին եւ յե­ղա­փո­խա­կան եր­գե­րու փուն­ջով մը, խրա­խու­սե­լով ներ­կայ երի­տա­սար­դու­թիւնը, որոնք եռա­գոյն դրօշ­նե­րը բարձ­րա­ցու­ցած Ներ­սի­կի հետ ձայ­նակ­ցե­ցան մին­չեւ առա­ւօտ­եան ժա­մը 3:00ը:

 

ՓԱԿ­ՄԱՆ ՀԱՆ­ԴԻ­ՍՈՒ­ԹԻՒՆ

Կի­րա­կի, Յու­լիս 8, կէ­սօ­րէ ետք ժա­մը 12:00ին տե­ղի ու­նե­ցաւ փակ­ման հան­դի­սու­թիւնը, Ուա­շինկ­թը­նի “Woodly Park Marriott“ պան­դո­կին շքեղ սրա­հին մէջ: Օր­ուան հան­դի­սա­վարն էր ըն­կեր Յով­սէփ Աւագ­եան: Փակ­ման հան­դի­սու­թեան, նախ մուտք գոր­ծե­ցին պատ­ւոյ հիւ­րե­րը, ապա Ուա­շինկ­թը­նի նո­րա­կազմ ֆան­ֆա­րի նուա­գա­ցո­ղու­թեամբ, դրօ­շա­կա­կիր­նե­րու եւ Շրջա­նա­յին խմբա­պե­տի առաջ­նոր­դու­թեամբ` տո­ղան­ցե­ցին շրջա­նիս արի եւ արե­նոյշ­նե­րու, արծ­ուիկ­նե­րու եւ գայ­լիկ­նե­րու խում­բե­րը եւ յա­ջոր­դա­բար 10 մաս­նա­ճիւ­ղե­րու մար­զիկ­նե­րը, յա­տուկ խան­դա­վա­ռու­թիւն ստեղ­ծե­ցին եռա­գոյն դրօ­շակ­ներ ծա­ծա­նած գայ­լիկ-արծ­ուիկ­նե­րու` ապա­գայ սե­րուն­դի մուտ­քը եւ խա­ղե­րու կազ­մա­կեր­պիչ յանձ­նա­խում­բի ան­դամ­նե­րուն մուտ­քը, որոնք ար­ժա­նա­ցան ներ­կա­նե­րուն ծա­փող­ջոյն­նե­րուն:

Հան­դի­սու­թեան պաշ­տօ­նա­կան բա­ցու­մը կա­տար­ուե­ցաւ Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու քայ­լեր­գի կա­տա­րո­ղու­թեամբ տա­սամ­եայ Սա­րին Պալ­եա­նի, Հա­յաս­տա­նի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի քայ­լերգ­նե­րով կա­տա­րո­ղու­թեամբ եղ­բայր Գէ­որգ Թա­թար­եա­նի:

Ըն­կեր Յով­սէփ ներ­կա­յա­ցուց օր­ուան պատ­ւոյ հիւ­րե­րը Արե­ւել­եան Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու Թե­մի Բա­րե­ջան Առաջ­նորդ Բարձր. Տ. Օշա­կան Արք. Չօ­լոյ­եան, Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան ար­տա­կարգ եւ Լի­ա­զօր դես­պան Նո­րին Վսե­մու­թիւն Տի­ար Թա­թուլ Մար­գար­եան, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդ­րո­նա­կան Վար­չու­թեան ան­դամ եւ Արե­ւել­եան շրջա­նի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ եղբ. Հրաչ Մես­րոպ­եան, պատ­ւոյ նա­խա­գահ­ներ Տէր եւ Տի­կին Գէ­որգ եւ Էլի­զա­պէթ Գա­զանճ­եան­ներ, Ար­ցա­խի Հան­րա­պե­տու­թեան Ուա­շինկ­թը­նի գրա­սեն­եա­կի Վսե­մա­շուք ներ­կա­յա­ցու­ցիչ պա­րոն Ռո­պերթ Աւետիս­եան, Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան Դես­պա­նու­թեան զի­նուո­րա­կան կցորդ Գնդա­պետ` Մես­րո­պ Նա­զար­եան, Հ.Յ.Դ. Արե­ւել­եան Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու Կեդ­րո­նա­կան Կո­մի­տէի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ընկ. Ժան Աւե­տիս­եան, Շրջա­նա­յին Վար­չու­թեան ատե­նա­պետ` եղբ. Յո­վիկ Աբ­գար­եան: Եւ որով­հե­տեւ 22րդ խաղ­ե­րը նուիր­ուած էին Հա­յաս­տա­նի Զին­ուած Ու­ժե­րու 20ամ­եա­կին, Գնդա­պետ Մես­րոպ Նա­զար­եանի կող­քին, պատ­ւոյ հիւ­րե­րու շար­քին էին Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան դես­պա­նու­թեան կար­գադ­րու­թեամբ, Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու այլ նա­հանգ­նե­րէ ժա­մա­նած Հա­յաս­տա­նի բա­նա­կէն եր­կու սպա­ներ` Ար­տակ Թո­նոյ­եա­նը եւ Արդի­ոմ Գէ­որգ­եա­նը, որոնք կ՛ու­սա­նին Ամե­րիկ­եան Ռազ­մա­գի­տա­կան Ու­սում­նա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու մէջ:

Այս առի­թով խօսք առին Արե­ւել­եան Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու Շրջա­նա­յին Վար­չու­թեան ատե­նա­պետ եղբ. Յո­վիկ Աբ­գար­եան, Հ.Յ.Դ. Կեդ­րո­նա­կան Կո­մի­տէի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ընկ. Ժան Աւե­տիս­եան, պատ­ուոյ նա­խա­գահ` Տի­ար Գէ­որգ Գա­զանճ­եան, Ար­ցա­խի Հան­րա­պե­տու­թեան Ուա­շին­կթ­նի գրա­սեն­եա­կի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ պա­րոն Ռո­պերթ Աւե­տիս­եան, դես­պան Թա­թուլ Մար­գար­եան, Կեդ­րո­նա­կան Վար­չու­թեան ան­դամ` եղբ. Հրաչ Մես­րոպ­եան: Օր­ուան գլխա­ւոր պատ­գա­մա­խօսն էր Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան Դես­պա­նու­թեան Զի­նուո­րա­կան կցորդ Գնդա­պետ Մես­րոպ Նա­զար­եա­նը: Ապա Թե­միս Բա­րե­ջան Առաջ­նորդ Բարձր. Տ. Օշա­կան Արք. Չօ­լոյ­եա­նի հայ­րա­կան պատ­գա­մով ու պահ­պա­նի­չով ձեռ­նար­կը հա­սաւ իր աւար­տին:

Խօսք առ­նող­նե­րը ընդ­հան­րա­պէս գո­վա­բա­նե­ցին Հ.Մ.Ը.Մ.ի դե­րա­կա­տա­րու­թիւնը սփիւռք­եան մեր իրա­կա­նու­թեան մէջ, եւ հա­ստա­տե­ցին այն իրա­կա­նու­թիւնը, որ Հայ­րե­նի­քը` իր պե­տա­կա­նու­թեամբ եւ բա­նա­կով եւ Սփիւռ­քը` իր կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րով, կը կազ­մեն մէկ ամ­բող­ջու­թիւն ի դէմ Հայ Ազ­գի դի­մագ­րաւ­ուած մար­տահ­րա­ւէր­նե­րուն, այս իրա­կա­նու­թիւնը լա­ւա­պէս ար­տա­ցոլ­ուած էր փակ­ման հան­դի­սու­թեան ըն­թաց­քին, երբ Հա­յաս­տա­նի եւ Ար­ցա­խի պե­տա­կան ու զի­նուո­րա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը, Արե­ւել­եան Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու Սփիւռ­քի հո­գե­ւոր ու քա­ղա­քա­կան ղե­կա­վա­րու­թեան հետ մի­ա­սին, հաս­տա­տե­ցին մէկ Հայ­րե­նիք մէկ Ազգ իրա­կա­նու­թիւնը:

 

ԲԱ­ԺԱԿ­ՆԵ­ՐՈՒ ԲԱՇ­ԽՈՒՄ
Փակ­ման հան­դի­սու­թիւնը աւար­տե­լէ առաջ, տե­ղի ու­նե­ցաւ ախոյ­եան խում­բե­րու բա­ժակ­նե­րու բաշ­խու­մը: Եղբ. Արա Մար­կոս­եա­նի յի­շա­տա­կին հինգ տար­ուան հա­մար շրջուն բա­ժա­կին տի­րա­ցաւ Ֆլո­րի­տա­յի Մաս­նա­ճիւ­ղը, որ­պէս լա­ւա­գոյն բա­րե­լա­ւում ար­ձա­նագ­րած մաս­նա­ճիւղ: Շի­քա­կոն ստա­ցաւ լա­ւա­գոյն վարք ու­նե­ցող մաս­նա­ճիւ­ղի բա­ժա­կը: Իսկ հիւ­րըն­կալ մաս­նա­ճիւ­ղը Ուա­շինկ­թը­նը ստա­ցաւ խա­ղե­րու լա­ւա­գոյն մաս­նա­ճիւ­ղի բա­ժա­կը տի­րա­նա­լով խա­ղե­րու մրցա­նակ­նե­րուն առա­ւե­լա­գոյն կէ­տե­րը:

Եւ այս­պէս Միջ-մաս­նա­ճիւ­ղա­յին 22րդ խա­ղե­րը հա­սան իրենց աւար­տին, ան­գամ մը եւս Հ.Մ.Ը.Մ.ի յաղ­թու­թեամբ, այս խա­ղե­րով Արե­ւել­եան Ամե­րի­կա­յի շրջա­նը յա­ւել­եալ խթան ստա­ցաւ, խա­ղե­րուն մաս­նակ­ցող բո­լոր Հ.Մ.Ը.Մ.ական­նե­րը ձե­ւով մը վե­րա­նո­րո­գե­ցին իրենց ուխ­տը, քսա­ներ­կու ան­գամ աւե­լի զօ­րա­ւոր կամ­քով շա­րու­նա­կե­լու “Բարձ­րա­ցի՛ր Բարձ­րա­ցո՛ւր“-ի ու­ղին, յու­սա­լով որ 2013ի Միջ-Մաս­նա­ճիւ­ղա­յին մար­զա­կան խա­ղե­րը վե­րա­նո­րոգ­ուած եռան­դով տեղի պիտի ունենայ Ֆլո­րի­տա­յի մէջ:

Խում­բե­րու Ընդ­հա­նուր Դա­սա­ւո­րում

Մաս­նա­ճիւղ                         Կէտ

1     Ուա­շինկ­թըն                    49

2     Նիւ Ճըր­զի                       41

3     Պոս­թըն                           33

4     Նիւ Եորք                        19

5     Ֆի­լա­տելֆ­իա                             12

6     Շի­քա­կօ                             9

7     Տիթ­րոյթ                             5

8     Փրո­վի­տէնս                       4

9     Ֆլո­րի­տա                           4

10      Ալ­պը­նի

 

ՈՒԱ­ՇԻՆԿ­ԹԸ­ՆԻ ԴԵՍ­ՊԱ­ՆԱ­ՏԱՆ ՄՕՏ Հ.Հ.

ԶԻՆՈՒՈՐԱ­ԿԱՆ ԿՑՈՐԴ ԳՆԴ. ՄԵՍ­ՐՈՊ ՆԱ­ԶԱՐ­ԵԱ­ՆԻ ԽՕՍ­ՔԸ

 

Սի­րե­լի քոյ­րեր եւ եղ­բայր­ներ,

Թոյլ տուէք ող­ջու­նել Ձեզ, Հ. Մ. Ը. Մ.-ի ամե­նամ­եայ խա­ղե­րի եւ Հա­յոց Բա­նա­կի քսա­նամ­եա­կի կա­պակ­ցու­թեամբ կազ­մա­կերպ­ուած այս գե­ղե­ցիկ մի­ջո­ցառ­մա­նը: Արդ­եօք պա­տա­հա­կա՞ն է, որ այս եր­կու առիթ­նե­րը շաղ­կապ­ւում են: Ի հար­կէոչ: Ոչ, որով­հե­տեւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ը մի կա­րե­ւո­րա­գոյն հայ­կա­կան կա­ռոյց է, որը տաս­նամ­եակ­նե­րով կո­փել եւ կո­փում է առողջ երի­տա­սարդ սե­րունդ, պա­տա­նի­ներ եւ աղ­ջիկ­ներ, որոն­ցից շա­տե­րը մի օր, եթէ Աստ­ուած մի արաս­ցէ հարկ լի­նի, կա­րող են գալ իրենց երկ­րի սահ­ման­նե­րը պաշտ­պա­նե­լու: Որ մի հա­յը, Հա­յաս­տա­նում եւ Սփիւռ­քում չգի­տէ այն ներդ­րու­մի մա­սին, որ Սփիւռ­քի մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րը մօտ եր­կու տաս­նամ­եակ առաջ բե­րե­ցին Հայ­րե­նի­քի պաշտ­պա­նու­թեան սրբա­զան գոր­ծին: Ար­տա­սահ­մա­նի մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րը նա­եւ կեդ­րո­նա­կան դեր ու­նե­ցան Հա­յաս­տա­նին նիւ­թա­կան եւ մար­դա­սի­րա­կան օգ­նու­թիւն տրա­մադ­րե­լու առու­մով: Ու­րեմն կեց­ցէ Հ.Մ.Ը.Մ.-ը, որը վառ պա­հե­լով աւան­դոյթ­նե­րը` հիմք է ստեղ­ծում գա­լիք յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րի հա­մար, մար­զում, կո­փում առողջ, պատ­ուախն­դիր եւ հայ­րե­նա­սէր սե­րունդ այս­տեղ` Ամե­րի­կա­յի Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րում:

 

Սի­րե­լի հայ­րե­նա­կից­ներ,

Յուն­ուա­րի 28-ը` Հայ­կա­կան զին­ուած ու­ժե­րի քսա­նամ­եա­կի յո­բել­եա­նը անց­եա­լում է, բայց տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն­նե­րը շա­րու­նակ­ւում են եւ ըն­թա­նա­լու են ողջ յո­բել­եա­նա­կան տար­ուայ ըն­թաց­քում: Ին­չո՞ւ: Որով­հե­տեւ չա­փա­զանց թանկ է մեզ հա­մար մեր Հա­յոց ան­պարտ բա­նա­կը: Որով­հե­տեւ դա­րե­րով պե­տա­կա­նու­թիւն չու­նե­ցող մեր ժո­ղո­վուր­դը միայն երա­զել կա­րող էր, որ կու գայ օրը եւ սե­փա­կան դրօ­շի ու զի­նան­շա­նի ներ­քոյ կ՛ու­նե­նանք նա­եւ յաղ­թող բա­նակ: Չա­փա­զանց թանկ է մեզ հա­մար ազատ Ար­ցա­խը, որի գլխա­վե­րե­ւում այ­սօր հայ­կա­կան հպարտ դրօշն է հէնց մեր բա­նա­կի, մեր հա­մա­ժո­ղովր­դա­կան հե­րո­սա­կան ազա­տա­մար­տի շնոր­հիւ:

Հա­յաս­տա­նի զին­ուած ու­ժե­րը հետ պտտե­ցին պատ­մու­թեան անիւը եւ պար­տու­թիւն­նե­րի, ցե­ղաս­պա­նու­թեան դա­րաշր­ջա­նին յա­ջոր­դեց յաղ­թու­թեան եւ ազա­տագ­րու­թեան պատ­մա­կան օրը:

Զե­կու­ցում եւ հա­ւաստ­ի­աց­նում եմ Ձեզ, որ այ­սօր էլ Հայ­կա­կան  Բա­նա­կը ի զօ­րու է ոչ միայն պաշտ­պա­նե­լու մեր ժո­ղովր­դի անվ­տան­գու­թիւնը, այլ նա­եւ մէկ ան­գամ եւս թշնա­մուն ծնկի բե­րե­լու, քա­նի որ նրա ողջ անձ­նա­կազ­մը զին­ուած է ամե­նա­կա­րե­ւոր զէն­քով` հա­ւատ­քով դէ­պի իրենց գոր­ծը, հայ­րե­նի­քը պաշտ­պա­նե­լու հաս­տա­տա­կա­մու­թեամբ եւ այդ նպա­տա­կին հաս­նե­լու հա­մար իրենց կեանքն իսկ զո­հե­լու պատ­րաս­տա­կա­մու­թեամբ:

Ժա­մա­նա­կին այս յատ­կա­նիշ­ներն էին, որ ձե­ւա­ւո­րե­ցին մի բռունցք, որի օգ­նու­թեամբ հայ ժո­ղո­վուր­դը տա­րաւ մի յաղ­թա­նակ, որը մինչ այժմ առա­ջաց­նում է մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեան հի­աց­մունքն ու զար­ման­քը: Օգտ­ուե­լով առի­թից, Հայ ժո­ղովր­դի անու­նից մէկ ան­գամ եւս կը ցան­կա­նա­յի շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նել բո­լոր նրանց, ում ջան­քե­րի շնոր­հիւ յա­ջո­ղու­թեամբ պսակ­ուեց այդ ազ­գան­ուէր գոր­ծը:

Գործ, որը կ՛ապ­րի դա­րե­դար: Գործ, որի շնոր­հիւ 1994 թուա­կա­նին ծնկի եկած թշնա­մու խնդրա­քով հաս­տատ­ուեց յա­րա­բե­րա­կան ան­դորր:

 

Սի­րե­լի հայ­րե­նա­կից­ներ,

Մեր օրե­րի հիմ­նա­կան խնդի­րը դժուար ու դի­նա­միկ այս աշ­խար­հում մեր պե­տա­կա­նութ­եան առ­ջեւ ծա­ռա­ցող խնդիր­նե­րին եւ մար­տահ­րա­ւէր­նե­րին, մաս­նա­ւո­րա­պէս ազե­րի­նե­րին սան­ձա­հա­րե­լուն եւ անհ­րա­ժեշ­տութ­եան դէպ­քում մէկ ան­գամ եւս ծնկի բե­րե­լուն ու­նակ բա­նակ ու­նե­նալն է: Վստա­հեց­նում եմ Ձեզ, որ ամե­նօր­եայ աշ­խա­տանք է տար­ւում բա­նա­կի մար­տու­նա­կու­թիւնը բարձր պա­հե­լու եւ հա­կա­ռա­կոր­դի կող­մից հայ­րե­նի­քի սահ­մա­նը հա­տե­լու փոր­ձե­րին դի­մա­կա­յե­լու հա­մար` լա­ւա­գոյն պաշտ­պա­նա­կան եւ յար­ձա­կո­ղա­կան սպա­ռա­զի­նու­թիւն­նե­րի մի­ջո­ցով:

Ինչ­պէս յայ­տա­րա­րել է Հա­յաս­տա­նի նա­խա­գահ, Զին­ուած Ու­ժե­րի Գե­րա­գոյն Գլխա­ւոր հրա­մա­նա­տար Սերժ Սարգս­եա­նըեթէ մեզ պար­տադ­րեն պա­տե­րազմ, ապա այս ան­գամ մեր հար­ուա­ծը կը լի­նի կոր­ծա­նա­րար եւ վեր­ջի­նը“:

 

Սի­րե­լի Հ.Մ.Ը.Մ.-ական­ներ,

Մի­աց­եալ Հայ­կա­կան անվ­տան­գու­թեան ու­ժե­րը այ­սօր չեն բա­ւա­րար­ւում միայն Հա­յաս­տա­նի եւ Ար­ցա­խի անվ­տան­գու­թիւնն ապա­հո­վե­լու խնդրով: Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թիւնը նա­եւ պա­տաս­խա­նատ­ուու­թեան իր բա­ժինն է կրում հա­մաշ­խար­հա­յին անվ­տան­գու­թեան ապա­հով­ման հա­մար:

Ակն­յայտ է, որ այս խնդրի մա­սին կա­րող է մտա­ծել միայն այն եր­կի­րը, որը լի­ո­վին ապա­հո­վել է իր զին­ուած ու­ժե­րի կող­մից երկ­րի ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան խնդրի կա­տա­րու­մը: Սա վկա­յում է այն մա­սին, որ երաշ­խա­ւո­րե­լով սե­փա­կան երկ­րի անվ­տան­գու­թիւնը` Հա­յաս­տանն ար­դէն իսկ ի վի­ճա­կի է պաշտ­պա­նա­կան աղ­բիւր­ներն ուղ­ղել մի­ջազ­գա­յին անվ­տան­գու­թեան ապա­հով­մա­նը: Այ­սօր Հա­յաս­տա­նի զին­ուած ու­ժե­րի ստո­րա­բա­ժա­նում­նե­րը իրենց փայ­լուն մաս­նակ­ցու­թիւնն են ու­նե­նում Իրա­քում, Աֆ­ղա­նիս­տա­նում, Քո­սո­վո­յում, Լի­բա­նա­նում եւ Սուր­իա­յում  իրա­կա­նա­ցուող խա­ղա­ղա­պահ առա­քե­լու­թիւն­նե­րում, որ­տեղ մեր զին­ծա­ռա­յող­նե­րը իրենց ու­նա­կու­թիւն­նե­րով եւ հմտու­թիւն­նե­րով մշտա­պէս առա­ջաց­նում են ոչ միայն մեր հրա­մա­նա­տա­րու­թեան, այլ նա­եւ արեւմտ­եան, ամե­րիկ­եան, եւ առ­հա­սա­րակ ՆԱ­ԹՕի ան­դամ պե­տու­թիւն­նե­րի հրա­մա­նա­տա­րու­թեան գո­հու­նա­կու­թիւնը:

Ակն­յայտ է որ նման խնդիր­նե­րի լուծ­ման հա­մար բա­նա­կի եւ ժո­ղովր­դի մի­ջեւ ամուր կա­պը կա­րե­ւո­րա­գոյն նա­խա­պայ­մանն է: Այդ կա­պի ամ­րապնդ­ման առու­մով ուղ­ղա­կի անգ­նա­հա­տե­լի է այս­պի­սի մի­ջո­ցա­ռում­նե­րի կազ­մա­կեր­պումն ու անց­կա­ցու­մը: Սրանք լա­ւա­գոյն առիթն են մի կող­մից ամուր մար­մին ու հո­գի կո­փե­լու, միւս կող­մից հայ­րե­նա­սի­րութ­եան ամուր ոգի ձե­ւա­ւո­րե­լու հա­մար: Այ­սօր տես­նե­լով այս խան­դա­վա­ռու­թիւնը իւ­րա­քան­չիւր մաս­նակ­ցի աչ­քե­րում մէկ ան­գամ եւս հա­մոզ­ւում եմ. հայ ազգն ու­նի հի­ա­նա­լի կա­րո­ղու­թիւն, հայ ոգին ան­պար­տե­լի է:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles