22 նորագիրներ Միացան Հ․Յ․Դ․ Արեւմտեան Ա․Մ․Ն․-ի Շարքերը

0 0
Read Time:1 Minute, 19 Second


ՄՕՆԹԵՊԵԼԼՕ․- Մարտ 12-ին, Միսաք Թորլաքեանի շիրիմին շուրջ տեղի ունեցաւ Հ․Յ․Դ․ արեւմտեան Ամերիկայի շարքերուն միանալու 22 նորագիրներու Երդման հանդիսաւոր արարողութիւնը, ներկայութեամբ աւելի քան 150 հայրենակիցներու եւ ընկերներու: Առաջին անգամ ըլլալով, արարողութիւնը կենդանի սփռուեցաւ Հ․Յ․Դ․ արեւմտեան Ամերիկայի առցանց էջերուն մէջ եւ հրապարակային էր՝ հայ հասարակութեան համար:
Ներկաները մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգեցին յիշատակը Դաշնակցութեան անցեալի եւ նորօրեայ նահատակներուն: Ապա՝ Մոնթեպելլոյի հոգեւոր հովիւ տէր Աշոտ քահանայ Գամպուրեան կատարեց տէրունական աղօթքով օրհնութիւն:
Ներկաներուն կողմէ Հ.Յ. Դաշնակցութեան քայլերգ «Մշակ, բանուոր»-ի երգեցողութենէն ետք Նորագիրներու դաստիարակչական յանձնախումբին կողմէ բացման խօսքը կատարեց ընկ. Սարգիս Տաղտէվիրեան, որ նաեւ ներկայացուց թեկնածուներուն ցանկը եւ յայտնեց, որ Արցախի ներկայ ճգնաժամային կացութիւնը նկատի առած, երդուողներու այս խումբը կը կոչուի «Արցախ»-ի սերունդ:
Երդման արարողութեան կնքահայրն էր ընկ. Պարոյր Յակոբեան, որ Իրաքի մէջ Դաշնակցութեան ճամբով, երկար տարիներ տարած էր ազգային ու հասարակական գործունէութիւն: Ընկ. Պարոյր խօսքը ուղելով երդումի թեկնածուներուն, ի միջի այլոց, ըսաւ. «Ծանօթանալէ ետք Դաշնակցութեան պատմութեան, Ծրագիրին եւ Կանոնագիրին այժմ դուք ծանր լուծի տակ կը մտնէք, որ ծանր ըլլալով հանդերձ քաղցր է ու հպարտացնող, որովհետեւ այդ հայ ժողովուրդին դատին անսակարկ նուիրումի ու ծառայութեան համար է»:
Երդումէն առաջ, ընկ. Պարոյր թեկնածուներուն յայտնեց, որ «Եթէ իրենցմէ ոեւէ մէկը կը կարծէ թէ պատրաստ չէ դաշնակցական դառնալու, ասիկա վերջին առիթն է հեռու կենալու»: Բոլոր թեկնածուներն ալ անփոփոխ պահեցին իրենց Հ․Յ․Դ․ շարքերը անցնելու որոշումը:
ՀՅԴ արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի խօսքը անգլերէնով յղեց ընկ. Քրիս Քէոսեան, որ իմաստաւորեց Միսաք Թորլաքեանի շիրիմին շուրջ Երդումը կատարելը եւ անոր անձին ազնուական նկարագրին ընդմէջէն կարեւորեց զոհաբերութիւնը, նուիրումը եւ անշահախնդրութիւնը։
«Վէրքերով լի» յեղափոխական երգով եւ օրուան կնքահայրին ու նոր երդուածներուն կողմէ Միսաք Թորլաքեանի շիրիմին վրայ ծաղիկներ զետեղելով աւարտեցաւ երդման արարողակարգը:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles