Յովիկ Մահսէրէճեան 22 Փետրուար, 2023 Մեր կեանքի ընթացքին կը հանդիպինք անձերու, որոնք սկզբնական շրջանին կը մնան լուսանցքի վրայ, իսկ աւելի ուշ, կեանքի պայմաններու բերումով, կը դառնան մեր կեանքին անքակտելի մէկ մասը, գլխաւոր անձերէն մէկը՝ որոնց ներկայութիւնն ու մասնակցութիւնը անբաժան կ'ըլլան մեզմէ։ Այսպէս եղաւ Գօգոյին հետ ընկերութեանս պատմութիւնը: Երբ կը յաճախէինք Պուրճ Համուտի Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան վարժարանը, բազմամարդ դասարանները ունէին քանի մը բաժանմունք: Առաջին երկու տարիներուն, Գօգօն մաս կը կազմէր այլ բաժանմունքներու, հետեւաբար մեր ընկերութիւնը սովորական ծանօթութենէ մը անդին չէր անցներ: Սակայն երրորդ տարին, երբ բոլոր բաժանմունքները միացուեցան եւ կազմուեցաւ 39 հոգինոց դասարան մը, բնականաբար Գօգոյին հետ գտնուեցանք նոյն դասարանին մէջ: Հոն ալ, սկզբնական շրջանին, մեր ընկերութիւնը դասարանէն դուրս չէր տարածուեր, որովհետեւ մեր հետաքրքրութիւնները տարբեր էին. ինք մաս կը կազմէր Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Պուրճ Համմուտի ֆութպոլի երկրորդական խումբին, իսկ ես միացած էի Հ.Յ.Դ. «Զաւարեան» աշակերտական միութեան, եւ ընկերներուս հետ՝ մեր ազատ ժամերը ընդհանրապէս կը տրամադրէինք մեր միութեան։ Գօգօն սակաւախօս էր, ինքնամփոփ եւ հանդարտ. սակայն կը վայելէր դասընկերներուն գուրգուրանքն ու գորովը: Տարի մը...