ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ԴՊՐՈՑՆԵՐՈՒ ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻ
Արեւելեան Ա.Մ.Ն.-ի Ազգային Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքը կը շարունակէ կիրակնօրեայ դպրոցներու ուսուցիչներուն նուիրուած առցանց ծրագիրը։ Երկուշաբթի, 7 Մարտի երեկոյեան տեղի ունեցաւ վեցերորդ դասը, որուն մասնակցեցան 18 ուսուցիչներ եւ տնօրէններ, նախագահութեամբ...