Գէորգ Պետիկեան Տեսանելի է: Ուրախ չենք, որովհետեւ...անէ՛ծք չար սատանային... ազգովին տխուր ենք: Նախապէս ամէն առիթներով այս մասին խօսած եւ արտայայտած եմ: Բացառութիւններու մասին չէ խօսքս: Թերեւս, շատերու նման դուք ալ նկատած էք, թէ երկար ամիսներէ ի վեր բոլորիս դէմքերուն վրայ չորցած է ժպիտ ըսուածը: Չկայ: Բոլորս ալ տխուր ենք: Որո՞ւ որ հանդիպիս, նոյն պատասխանը կը ստանաս: – Ինչպէ՞ս խնդամ: Ի՞նչ բանի համար ուրախանամ: Չե՞ս տեսներ...: Ու ամէն բան բացայայտ է: Ազգային իրավիճակ, Արցախեան վերջին...