Հայաքաղաքի սրճարանը նստած էինք: Շուտով Զատիկ է, խոհանոցային աւանդութիւնը պահելու համար, Էլպիս եւ Մակարուհի գնումներ կ’ընէին: Մեր առջեւ դրուած սուրճի բաժակները դատարկուած էին: Աղմուկ կար, ֆրանսերէնի, արեւելահայերէնի, արեւտահայերէնի, երբեմն ալ թրքերէնի խառնուրդ:
– Արմենա՛կ,- ըսի,- հեռուն Հայաստան է, հոս՝ գաղթահայաստան:
– Մակա՛ր, հեռուի Հայաստանը դարձած է Կուսակցաստան:
– Այդ ուրկէ՞ հնարեցիր:
– Հռչակի տիրացող մրցանիշ-ռեկորդ հաստատող մարդիկ եւ ազգեր կան: Հայաստանի քաղաքացին հպարտութեամբ լսած է, որ «այս տարուայ մարտի 16-դրութեամբ Հայաստանի Հանրապետութիւնում գործում է 91 կուսակցութիւն»: Ուրիշ մըն ալ ըսած է, որ նոր մը պիտի հիմնէ: Ըսենք՝ 91+1, բայց դեռ ոչ 92…
– Անհաւատալի՛…
Երբ այս ըսի Արմենակ գրպանէն թուղթ մը հանեց, որուն վրայ հաշիւներ տեսայ: Ինք էջին նայելով շարունակեց նախարարի պէս զեկուցել.
– Եթէ Հայաստանի բոլոր քաղաքացիները, ծծկերներով, հաւասարապէս բաժնուին 91+1 կուսակցութիւններու միջեւ, իւրաքանչիւրին բաժին կ’իյնայ ոչ իսկ 30.000 շունչ: Եթէ Խորհրդարանի աթոռները հաւասարապէս բաժնեն, իւրաքանչիւրը երկու աթոռ անգամ չ’ունենար:
– Արմենա՛կ, այս քաղաքական միտքի հասունացում չէ՞:
– Մակա՛ր, Կափառնայում: Եթէ նոյն համեմատութիւններով կուսակցութիւններ ունենար Ֆրանսան, անոնց թիւը կ’ըլլար շուրջ 2000: Չինաստան եւ Հնդկաստան, իւրաքանչիւրը՝ շուրջ 45.000, Ամերիկան՝ 10.000 է աւելի…, Թուրքիան՝ 3․000-է աւելի:
– Արմենա՛կ, խոշորացոյցը միշտ ճիշդ ցոյց չի տար:
– Ճշգրտութեան համար դիմէ հաշուիչի: Ֆրանսացին կ’ըսէ, որ ծիծաղելիութիւնը մարդ չի սպաններ: Մեր փոքրիկ երկրի փոքրաթիւ ժողովուրդի 91 կուսակցութիւնները տեղ մը բան մը կը սպաննեն:
– Հայաստանի համար ժողովրդավարութիւն նոր է, փորձով կը սորվին:
– Մակա՛ր, լեռնակուտակ դժուարութիւններու առջեւ կանգնած երկիրը 22 հրամանատարներո՞վ ճակատ պիտի պահէ, նոյնքան ռազմավարութիւններով: Դեռ չեմ խօսիր իւրաքանչիւրին մէջ եղած տարբեր կարծիքներու մասին:
– Արմենա՛կ, դեռ չհասկցա՞ր: Հայաստան նոր տեխնոլոգիաներու կը հետեւի, ստարտ ափեր կան: Կրնան կուսակցաստեղծման խելք ծախել ստեղծել: Միայն թէ այդ ապրանքը խելքը գլուխը երկիրներ չեն գներ:
– 92 կուսակցութիւն, նոյնքան գրասենեակ, նախագահ, քարտուղար, իրաւագէտ, հաւաքարար, մասնագէտ: Գործազրկութեան դէմ պայքար չէ՞:
Արմենակ կանգ առաւ, երկար հառաչեց, եւ եզրակացուց
– Այս տօնահանդէս է, ոչ կառավարում:
Պայուսակներով հասան Էլպիս եւ Մակարուհի, եւ մեր ակադեմական ժողովին վերջ տուին:
Մակար ի Գաղիա, 26 Մարտ 2021
Be the first to comment