Գէորգ Պետիկեան
Հայոց բանակ քաջարի,
Դո՛ւն, մեր ազգին պահակն ես անյաղթելի,
Մեծ յոյսն ու երազը անխորտակելի,
Արարատէն ժայթքող լոյսով,
Փայլուն ճառագայթն ես պանծալի:
Հայոց բանակ քաջարի,
Դո՛ւն, Հայկի հարազատ ժառանգորդ,
Եւ Աւարայրեան ոգիի թարգման,
Սարտարապատի շունչովդ առնական,
Հայու ամուր կամքն ես դիւցազնական:
Հայոց բանակ քաջարի,
Դո՛ւն մեծ հպարտանքն ես ազգիս,
Հայու զէնքն ես անպարտելի,
Փառքն ու պատիւն ես հայ ժողովուրդի,
Արիւնովդ կը գրես պատմութիւնը պանծալի:
Հայոց բանակ քաջարի,
Դո՛ւն, մարմարէ սրբազան արձանն ես պաշտելի,
Հայու կամքովդ ահ ու սարսափն ես բոլորին,
Ամուր պարիսպը մեր դարաւոր հայրենիքին,
Կողքիդ պիտի մնանք, յանուն մահուան եւ յաղթանակին:
Be the first to comment