
Month: September 2020


ԷՐՏՈՂԱՆ՝ ՅԱՐՁԱԿԱՊԱՇՏ ԵՒ ՀՐՁԻԳ
Մարք Յարութիւնեան Փարիզ Արեւելեան Միջերկրականէն մինչեւ Կովկաս, թերեւս վաղը մինչեւ Չինաստան, հրձիգի թափահարումներու խաղին անձնատուր է Էրտողան: Թուրքիոյ բնակչութեան ուշադրութիւնը շեղեցնելու համար երկրի տնտեսական դժուարութիւններէն եւ պառակտումներէն, այլախոհական շարժումներէն, մամուլի ազատութեան սահմանափակումներէն, անվերջանալի […]

ԱՐՑԱԽԵԱՆ ՊԱՏԵՐԱԶՄԷՆ ԵՏՔ ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ ԱՐԴԻՒՆՔԻՆ ՄԱՍԻՆ
Ա.Ա. Թուրքեւատրպէյճանական ճակատին կողմէ Արցախի դէմ շղթայազերծուած պատերազմը նորագոյն մեծագոյն մարտահրաւէրն է, որ ուղղուած է համայն հայութեան, Արցախի մէջ փորձաքարի զարնելով Հայկական զինուժին մարտունակութիւնը, եւ որ կը հետապնդէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած Սթաթիւս Քոն ի […]

Մեր Միասնականութեան Կրակի Մկրտութիւնը
ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ Ահաւասիկ անգամ մը եւս կեցած ենք պատերազմի թէժ իրականութեան առջեւ։ Անգամ մը եւս կոչուած ենք խիզախ պատասխան տալու պատմութեան մարտահրաւէրին։ Եւ անգամ մը եւս թուրքեւազրպէյճանական նախայարձակումը կը բախի մեր ժողովուրդի, մեր քաղաքական ուժերու […]

Հ․Հ․ Օդուժին «Սուխոյ-25»-ը Վար Առնուեցաւ Թրքական «Էֆ-16»-ին Կողմէ
ԵՐԵՒԱՆ․- Հ․Հ․ պաշտպանութեան բանակի մամուլի խօսնակ Շուշան Ստեփանեան, շտապ հաղորդագրութեամբ մը, տեղեկացուց, թէ Թուրքիոյ օդուժին պատկանող «Էֆ-16» կործանիչ-հալածիչի կողմէ, Հ․Հ․ օդային տարածքին մէջ, վար առնուած է Հ․Հ․ օդուժին պատկանող «Սուխոյ-25» գրոհիչը: Հաղորգադրութեան մէջ կը նշուի․ […]

ԱՐԴԱՐ ՊԱՀԱՆՋ.- ԶՈՅԳ ԲՌՈՒՆՑՔՈՎ՝ ԸՆԴԴԷՄ ՈՃՐԱԳՈՐԾ ԶՈՅԳԻՆ
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ 27-28 Սեպտեմբեր 2020 27 Սեպտեմբեր 2020-ը նորագոյն կարմիր թուականն է հայ-թուրքեւազերիական հակամարտութեան տարեգրութեան մէջ: Կանուխ առաւօտուն, ազերիական բանակը յարձակման անցաւ Արցախի ճակատին երկայնքին: Երբ այս տողերը կ’արձանագրենք պատերազմական գործողութեանց երկրորդ օրուան վախճանին (Հայաստանի […]

Հ.Յ.Դ. Կամաւորները՝ Պատրաստ
ԵՐԵՒԱՆ․- Մեծ թիւով Հ.Յ.Դ. կամաւորներ մէկտեղուեցան Արամ Մանուկեանի արձանին առջեւ, ընդառաջելով «Կամաւորական շարժում» հասարակական կազմակերպութեան կոչին, որուն մէջ նշուած է ՝« Այս վճռական պահին, երբ թշնամին հերթական փորձն է անում հարուածել մեր Ազատամարտի յաղթական արդիւնք […]

Հ.Յ.Դ. Գերագոյն Մարմինի Յայտարարութիւնը. «Այս պահից բոլորս Հայոց բանակի զինուորն ենք»
Սիրելի հայրենակիցներ, Այսօր առաւօտեան ատրպէյճանական բանակը Արցախի հետ շփման ողջ երկանքով անցել է յարձակման: Հերթական անգամ Ատրպէյճանը սանձազերծել է պատերազմական գործողութիւններ: Մեր յաղթանակի գրաւականն է ամուր թիկունք, ժողովրդի համախմբում, միասնականութիւն: Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը, իր ողջ […]

էՐՏՈՂԱՆ ԼՈՒՌ ՄԱՐՏԱՎԱՐՈՒԹԵԱՄԲ Կ’ԱԿԱՆԷ ԼԻԲԱՆԱՆԸ
Մարք Յարութիւնեան Փարիզ Մոլեռանդը ճարտասան մըն է, կուժի մը նման խուլ: Ժըպրան Խալիլ Ժըպրան, Լիբանանցի բանաստեղծ Լիբանանի դժուարութիւններու ցանցին մէջ, Էրտողան, առանց բրտութեան, առաջ կը տանի իր տիրակալական խաղը: Թուրքիա Լիպիոյ եւ Սուրիոյ […]

Հայ Օգնութեան Միութեան Յայտարարութիւնը
Հայ Օգնութեան Միութիւնը իր առաքելութեան ընդմէջէն եղած է ու միշտ կը մնայ առաջնագիծի վրայ, մանաւանդ այն պահուն երբ որեւէ աղէտ կը սպառնայ մեր ազգի ու պետութեան ապահովութեանը։ Տարիներու ընթացքին շարունակաբար վստահած ենք մեր աշխարհասփիւռ համակիրներու նեցուկին, […]