Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքը ապրիլ 2020-ին մեկնարկեց Խօսք Առ մրցանակը։ Այս իւրայատուկ նախաձեռնութիւնը – եզակի իր տեսակին մէջ – հրաւիրեց աշխարհասփիւռ հայախօսներ ներկայացնելու տարբեր տեսակի նորարար լսատեսողական եւ գրական արտադրութիւններ, որոնք կը մղեն հայերէնով մտածելու եւ հայերէնով արծարծելու մարդկութեան դիմագրաւած այսօրուան հիմնահարցերը։ Ստացանք տասնըութը երկիրներէ եւ տարբեր ձեւաչափերու 165 դիմում. շարժանկար ու շարանկար, երգ ու երգիծանք, ծաղրանկար, բանաստեղծութիւն, արձակ, տեսահոլովակ, զանազան ձեւաչափերով արտադրութիւններ եւ աւելին։...