Ճեմարան՝ Ժողովուրդի Բոլոր Խաւերու Զաւակներուն Դարբնոցը
ՍՕՍԷ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ 1960 թուական: Սրբոց Քառասնից Մանկանց վարժարանի աշակերտ՝ ուսումս շարունակելու տենչով տարուած, կարելիս կ՛ընէի, որ աւարտէի գերազանցութեամբ, որպէսզի ճեմարանական դառնայի: Ընտանեկան միջավայրս ներշնչած էր Ճեմարանի սէրը, զարմուհիս եւ քոյրս...