ԽՄԲԱԳԻՐՆԵՐԸ ԱԶԳԱՅԻՆՆԵՐՈՒ ԼՈՒՍԱՆԿԱՐԱՅԻՆ ՓԱՌԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ԴԻՄԱՑ
Ընդունելութեան մը, երբ պաշտօնական խօսքերը աւարտեցան, ծանօթ երկու խմբագիրներու հետ ասդիէն անդիէն զրուցեցի: Հայ կեանքի մէջ անկարեւոր նիւթեր չկան: Թուելու կարիք չկայ: Խորագիրները եւ ենթախորագիրները կը խօսին: ...