ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ․- Յունիս 20-ին տեղի ունեցաւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումը ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու մասնակցութեամբ: Մինսքի խմբակը հանդիպումէն ետք հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը տեղեկացնելով, որ երկու կողմերուն կոչ ուղղուած է վերականգնելու խաղաղութեան նպաստող մթնոլորտը:
«Ցաւով կը նկատենք, թէ վերջերս զոհեր եղած են, հետեւաբար կոչ կ՛ուղղենք կողմերուն անյապաղ միջոցներ ձեռնարկելու, խաղաղութեան նպաստող եւ առարկայական բանակցութիւններ ունենալու մթնոլորտը վերականգնելու ուղղութեամբ: Կողմերուն կոչ ուղղուած է վերահաստատելու իրենց յանձնառութիւնը` խստօրէն պահպանելու զինադադարը եւ զերծ մնալու որեւէ սադրիչ գործողութենէ` այդ կարգին արձակազէններէ եւ շփման գիծին ու միջազգային սահմանին տարուող ճարտարապետական աշխատանքներէ», կը նշուի յայտարարութեան մէջ:
Զոհրապ Մնացականեան եւ Էլմար Մամետիարով նաեւ առանձին տեսակցեցան Միացեալ Նահանգներու նախագահի Ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ճոն Պոլթընի հետ:
«Գոհ եմ Պոլթընի հետ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման հոլովոյթին շուրջ դրական, ծաւալուն եւ հետաքրքրական քննարկումէն: Քննարկած ենք Հայաստանի եւ շրջանային խաղաղութեան ու անվտանգութեան հարցերը, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի միջեւ երկկողմանի համագործակցութիւնը: Միացեալ Նահանգները, իբրեւ ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի համանախագահող երկիր, կարեւոր դեր ունի` Ռուսիոյ եւ Ֆրանսայի հետ միասին», յայտնեց Մնացականեան: Իսկ Մամետիարով Ոնաեւ հանդիպում ունեցաւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն հետ, մասնակցութեամբ նաեւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիքի:
Be the first to comment