Խմբագրական
Ընդհանրապէս, Հայոց Ցեղասպանութեան առնչութեամբ, Ատոլֆ Հիթլէր կը յիշուի թէ՛ արհամարհական եւ թէ՛ իրապաշտ նկատուած «Այսօր ո՞վ կը յիշէ հայոց բնաջնջումը» խօսքը։
Բազմիցս կրկնուած այս մերթ ծաղրական եւ մերթ հեգնական խօսքը այնքան յիշուած է, որ կորսնցուցած է իր ազդեցութիւնը։ Նոյնինքն Հիթլէր այլ խօսք մը ունի, որ ընդհանրապէս կ՛առնչուի յիշողութեան եւ առ հասարակ քարոզարշաւին․ «Բազմութեան մը ընկալումը շատ սահմանափակ է, անոր հետախուզութիւնը փոքր է, իսկ մոռացութեան ուժը՝ հսկայական»։
Փարիզի թէ Երեւանի բեմահարթակներուն վրայ բազմիցս կրկնուած այս խօսքը իր յաճախականութեամբ, հաւանաբար տարբեր հասկացողութեամբ, նոյնքան նախապաշարում եւ ազդեցութիւն ստեղծէ, որքան Հիթլէրի յայտարարութիւնը՝ հայոց ցեղասպանութիւնը յիշելու գծով։
Հաւանաբար, վեցանկիւն երկրի երիտասարդ եւ հմուտ ղեկավարը իր քաղաքագէտի ճկունութիւնը գործածելով, շեշտեց, թէ ֆրանսահայերու պատմութիւնը Ֆրանսայի պատմութիւնն է եւ թէ Հայոց ցեղասպանութիւնը ֆրանսացիին յիշողութիւններուն մաս կը կազմէ, հետեւաբար յիշատակը պէտք է յարգուի նաեւ Ֆրանսայի մէջ:
Մաքրոն շեշտած է, թէ միայն մէկ երկիր՝ Թուրքիա, չի բաժներ այս տեսակէտը եւ քայլ մըն ալ աւելի անդին երթալով, նշած է, թէ նախագահ Էրտողան ամբողջ Թուրքիան չի ներկայացներ։
Բնականաբար, ասիկա իր անդրադարձը ունեցաւ Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ, ուր հայ երեսփոխան Կարօ Փայլան շտապ քննադատեց Էրտողանի մամլոյ բանբեր Իպրահիմ Քալընը, որ յայտարարած էր, թէ այսպէս կոչուած Հայոց ցեղասպանութեան մասին պնդումները քաղաքական սուտ են։
Կարեւորագոյն անցումային հանգրուանը՝ խոստումներէն եւ կրկնութիւններէն անդին երթալով, կիրարկումն է։
Ճիշդ է, որ հարցի մը հետեւողական կրկնութիւնն է, որ միայն լուծման կը յանգի, նաեւ կրկնութիւնն ու շարունակ կրկնութիւնը ո՛չ միայն պայքար է, այլ նաեւ վճռակամութիւն եւ հաւատք՝ ի խնդիր արդարութեան։
Այս անցեալ անկատարը կամ ապագայի կատարուելիքը իրագործելու եւ յիշատակելու հանգրուանն է ամենէն դժուարը, որուն համար բեմահարթակներէն աւելի անդին պէտք է ընթանալ, ապա թէ ոչ մակեդոնացի առածագիր Լիուփքա Քվեթանովա իր «Նոր Հողը» գիրքին մէջ տպաւորիչ եւ հեղինակաւոր խօսք մը ունի․ «Պատմութիւնը հեշտ է գրել: Բոլոր ականատեսները մեռած են»:
Be the first to comment