
Հ.Մ.Ը.Մ.Ի 100-ԱՄԵԱԿԻ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՄԱՄԼՈՅ ԱՍՈՒԼԻՍ ՝ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ
Հ.Մ.Ը.Մ.-ի 100-ամեակի տօնակատարութիւններու սեմին, երէկ կէսօրին, Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս մը, որուն հրաւիրուեցան հայրենի լրատուամիջոցները՝ գալիք օրերու ձեռնարկներուն մասին ընդհանուր գաղափար մը կազմելու եւ հանրութեան ըստ արժանւոյն լուսաբանելու համար։ Ասուլիսին […]