Նուիրատուութիւն Մը «Զարմանազան» Արեւմտահայերէնի Ճամբարին․- «Melkonian Global Overture» Կազմակերպութիւնը 11 Կրթաթոշակ Կը Յատկացնէ
«Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու բաժանմունքը Լոս Անճելըսի «Melkonian Global Overture» ոչ-շահութաբեր կազմակերպութենէն առատաձեռն նուիրատուութիւն մը ստացած է, որ պիտի յատկացուի այս ամառ «Զարմանազան» արեւմտահայերէնի ճամբարին մասնակցող երիտասարդներուն։ Տասը հազար...