Գէորգ Պետիկեան Իսկական հարստութիւնը առողջութիւնն է, շատ յաճախ ըսած եւ յիշեցուցած են մեր մեծերը: Եւ այդպէս ալ է: Սոսկ իրականութիւն: Թէեւ շատեր ճիշդ հակառակը կը պնդեն, սակայն այդ մէկը ուրիշ հարց է: Միւս կողմէ սակայն իրականութիւն է նաեւ, թէ կարգ մը պարզ կարծուած հիւանդութիւններ կամ ֆիզիքական ցաւեր տակաւին մնացած են անդարման: Պետական գաղտնիքի նման են: Այսպէս, ասոնցմէ ամենէն յատկանշականը գլխու ցաւն է: Չես գիտեր ուրկէ եւ ինչէն յանկարծ այս մէկը կը ծագի: Բժիշկներ, գիտնականներ, մասնագէտներ, մեծ ու փոքր տարրալուծարաններ գիշեր ցերեկ ցաւազրկումի հետազօտութիւններ կ՚ընեն, որպէսզի այս անպիտան գլխու ցաւուն աղբիւրը գտնեն: Այնպէս կ՚երեւի, թէ գիտութիւնը տակաւին շատ ճամբայ ունի կտրելու: Մէյ մը ձեր շուրջը դիտելով յստակօրէն կը տեսնենք, թէ աշխարհի վրայ ամէն օր եւ գրեթէ ամէն վայրկեան միլիոնաւոր մարդիկ այս ցաւը կ՚ունենան, որ զիրենք իսկապէս նոյնիսկ կը տառապեցնէ ու ժամանակը կը դառնայ անըմբռնելի։ Անոր համար կ՚ըսեն, թէ համաշխարհային բնոյթ ունի այս ցաւը: Ճիշդ է ցաւազրկումի յատուկ դեղահատներ կան, «ասբէրին», թայլանոլ», սակայն ասոնք բոլորը ժամանակաւոր կերպով կը մեղմացնեն այս «հրէշին» չարիքը: Քանի մը ժամեր ետք կամ ալ յաջորդ օրն իսկ՝ հարցը նոյնն է: Իմ պարագայիս, թերեւս բախտաւորներէն եմ, որովհետեւ հայ դրացիս իր ամէն ուրախ առիթներուն խորովածի շուրջ մեր հաւաքոյթներուն, իր «ցաւդ տանիմով» արդէն ինձմէ կը փորձէ հեռացնել այս մէկը: Սակայն ամերիկացի դրացիս Ճիմը, այդպէս չէ: Խեղճը տարիներէ ի վեր այս ցաւէն կը տառապի: Տասնեակներով բժիշկ, մասնագէտ, նոյնիսկ բախտագուշակ տեսած է, բայց անօգուտ: Ճիշդ է, որ խմած դեղերուն վրայ ցաւը քիչ մը կը թեթեւնայ, սակայն քանի մը ժամեր ետք,կացութիւնը նոյնն է: Երբ...