Հայաստանի Հ.Յ.Դ. Գերագոյն Մարմինի Ներկայացուցիչ Աղուան Վարդանեանի Հանդիպումները Ուրուկուայի Մէջ
ՄՈՆԹԵՎԻՏԷՕ.- Նախաձեռնութեամբ Ուրուկուայի Հայ Դատի յանձնախումբին,Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ եւ Հ.Հ. Ազգային ժողովի Հ.Յ.Դ. խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան ժամանեց Մոնթեվիտէօ եւ կարեւոր տեսակցութիւններ ունեցաւ երկրի քաղաքական ոլորտի ներկայացուցիչներուն հետ:...