ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ Ի ՆՊԱՍՏ ԲԱՆԱՁԵՒ ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻՆ ԿՈՂՄԷ
ԱԹԷՆՔ (``Ազատ Օր``).- Երեքշաբթի Սեպտեմբեր 9-ին, Հելլէն խորհրդարանը վաւերացուց Յունաստանի կողմէ ճանչցուած ցեղասպանութիւններու, ներառեալ Հայկական Ցեղասպանութեան ուրացումը քրէականացնող բանաձեւ։ Խտրականութեան, օտարատեացութեան եւ ցեղապաշտութեան դէմ օրէնքին քննարկումը բաւական հանգրուաններէ անցաւ,...