Լեհաստանի մայրաքաղաք Վարշավայի մէջ, Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ եւ նախագահ ԳասպարԿարապետեանի ներկայութեամբ, հիմնուեցաւ Լեհաստանի Հայ Դատի յանձնախումբը, բաղկացած նուիրեալ եւ Հայ Դատիաշխատանքներուն մասնակից դառնալու պատրաստակամ անձերէ։ Լեհաստանի Հայ Դատի յանձնախումբին հիմնական նպատակը պիտի ըլլայ իր գործունէութեամբ, ջանալ ա՛լ աւելի հաղորդ դարձնելհայ ժողովուրդին բարեկամ Լեհաստանի հանրային կարծիքն ու քաղաքական ղեկավարութիւնը, մեր հիմնահարցերուն եւ մերժողովուրդի արդար պահանջներուն շուրջ: Նաեւ պիտի ջանայ սերտ յարաբերութիւններ հաստատել ՀՀ դեսպանութեան եւ գաղութայինմիութիւններուն հետ, արժանավայել կերպով հետապնդելու մեր ազգային հարցերուն հոլովոյթը: Հայ Դատի յանձնախումբըուրախութեամբ պիտի ընդառաջէ բոլոր մեր հայրենակիցներուն առաջարկներուն եւ տեսակէտներուն քննարկման, ակնկալելով, որ մերհամայնքը պիտի գործնական կերպով սատարէ յանձնախումբի աշխատանքներուն: Լեհաստանի Հայ Դատի յանձնախումբը կ’ողջունէ բոլոր հայագաղութներուն մէջ գործող Հայ Դատի յանձնախումբերը, հաւատալով որինք ալ դառնալով այդ ազգանուէր մեծ ցանցին մէկ մասնիկը, պիտի ունենայ իր ներդրումը միասնական աշխատանքներուն յաջողիրագործման: Լեհաստանի Հայ Դատի յանձնախումբը, իր առաջին նիստին, որդեգրեց աշխատանքային հիմնական իր ուղեցոյցը եւ կատարեցծրագրումներու շարք մը, որոնք մօտ յառաջիկային պիտի դառնան հանրութեան սեփականութիւնը: Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբը իր կարգին պիտի ընձեռէ հնարաւոր բոլոր միջոցներն ու աջակցութիւնը թէ՛ Հայ Դատիյանձնախումբի կայացման եւ հզօրացման աշխատանքներուն, թէ՛ ուր որ անհրաժեշտ է իր կողմէ առնուելիք քաղակաքաննախաձեռնութիւններուն: Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբ, Լեհաստանի Հայ Դատի յանձնախումբ Վարշավա, Մարտ 12, 2014