

Վերջին քանի մը օրերուն, Հայաստանի ոտնագնդակի ազգային խումբը , աշխարհի ախոյեանութեան գծով զտումի մրցումներ կատարեց յաջորդաբար Չեխիոյ եւ Դանիոյ դէմ, առաջինը Փրակայի մէջ, իսկ երկրորդը` Երեւանի մէջ:
Անցեալ Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 6-ին, վերջին վայրկեաններուն կոլ մը նշանակելէ ետք, Հայաստան պարտութեան մատնեց Չեխիան (2-1): Այս անակնկալ յաղթանակէն ետք, կը կարծուէր թէ հայրենի կազմը, իր դաշտին վրայ հանգիստ ելոյթ մը ունենալով, պարտութեան պիտի մատնէր Դանիան, որ իր կարգին Քոփենհակընի մէջ 4-0 արդիւնքով, ծանր պարտութիւն մը կրած էր հայրենի կազմէն: Սակայն, սպասուածը չպատահեցաւ, եւ Հայաստան պարտութիւն մը կրեց 1-0 արդիւնքով: Վճռական կոլը նշանակուեցաւ փենալթիով, Դանիոյ խմբապետ Ակըրի կողմէ, մրցումի աւարտին 15 վայրկեան մնացած: Վարազդատ Հարոյեան սխալը կատարելով, նաեւ դաշտէն հեռացուեցաւ, երկրորդ անգամ ըլլալով դեղին քարտ ստանալուն պատճառաւ:
Հայաստանի կողմէ ստեղծուած առիթները եղան աւելի քիչ: Մինչդեռ Դանիոյ կողմէ կազմակերպուած յարձակումները, եղան աւելի սերտուած: Դանիացիք մօտէն կը հսկէին Հայաստանի աստղը` Հենռիխ Մխիթարեանը: Մինչ, վիրաւոր բերդապահ Ռոման Պերեզովսքին փոխարինած` Գէորգ Գասպարով լաւապէս կատարեց իր պաշտօնը:
Հայաստան այսպիսով կրեց մրցաշարքի իր հինգերորդ պարտութիւնը: Հետաքրքրականը այն է թէ զարմանալիօրէն այս պարտութիւններուն չորսը կրած է իր դաշտին վրայ, յաջորդաբար Իտալիոյ (3-1), Չեխիոյ (3-0), Մալթայի (1-0) եւ Դանիոյ (1-0) դէմ, Իսկ հինգերորդը կրեց Սոֆիայի մէջ‘ Պուլկարիայէն (1-0):
Իր կրած այս պարտութենէն ետք, Հայաստան 4-րդ դիրքէն նահանջեց 5-րդ դիրք, եւ խմբակին 2-րդ դիրքը գրաւելու անոր յոյսերը գրեթէ չքացան: Հայաստան յառաջիկայ ամիս պիտի կատարէ զտումի, իր վերջին երկու մրցումները: Հոկտեմբեր 11-ին պիտի հիւրընկալէ Պուլկարիան, իսկ չորս օր ետք, հիւրը պիտի ըլլայ Իտալիոյ: