ԵՐԵՒԱՆԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԻ ՊԱՇՏՕՆԻՆ ՀԱՄԱՐ ՊԻՏԻ ՊԱՅՔԱՐԻՆ 7 ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՈՒԺԵՐ
ԵՐԵՒԱՆ.- Հինգշաբթի Մարտ 21-ին, աւարտեցաւ Մայիս 5-ին տեղի ունենալիք Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններուն մասնակցութեան` կուսակցութիւններուն կողմէ Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբին ցուցակներ ներկայացնելու ժամկէտը: Յանձնախումբի մամլոյ քարտուղար Հերմինէ Յարութիւնեան յայտնեց, որ ցուցակներ ներկայացուցած...