ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ.- “ՎՏԱՆԳՈՒԱԾ Է ՍՈՒՐԻՈՅ ՕՐԻՆԱԿԵԼԻ ԳԱՂՈՒԹԸ…ԼԾՈՒԻՆՔ ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԵԱՆ ՍՐԲԱԶԱՆ ԳՈՐԾԻՆ“, Կ՞ԱՀԱԶԱՆԳԷ Ա.Մ.Ն. ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՇՐՋԱՆԻ ԲԱՐԵՋԱՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՕՇԱԿԱՆ ԱՐՔ. ՉՕԼՈՅԵԱՆ
Վերջին ամիսներուն, Սուրիոյ մէջ հետզհետէ վատթարացող կացութիւնը արդէն իսկ գործի լծած է հայահոծ գաղութներ, որպէսզի օգնութեան փութան, այս օրինակելի գաղութին: Ա.Մ.Ն. Արեւելեան շրջանն ալ գործի լծուած է իր լուման յատկացնելու...