ԵՐԿՐԱՇԱՐԺԻ 26-ԱՄԵԱԿԻ ՆՇՈՒՄ
Անցեալ Կիրակի, Դեկտեմբեր 7-ին, Գիւմրիի մէջ նշուեցաւ 1988 թուականի ահաւոր երկրաշարժի անմեղ զոհերուն յիշատակը: Առաւօտեան հոգեհանգստեան պատարագ մատուցուեցաւ Շիրակի թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ: Տեղացիք, երկրաշարժէն 26 տարի ետք դարձեալ այցելեցին աղէտին զոհ գացած իրենց հարազատներուն շիրիմները` սգալու անոնց կորուստը:
Քաղաքական, դիւանագիտական կառոյցներու ներկայացուցիչները, Ազգային ժողովի պատգամաւորները, մարզային եւ քաղաքային իշխանութիւններու ներկայացուցիչները անմեղ զոհերուն յիշատակը յաւերժացնող յուշարձանին մօտ ծաղիկներ զետեղեցին եւ ժամը 11:41-ին մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգեցին անոնց յիշատակը: Երկրաշարժը նաեւ ցնցեց հայրենի գրական միջավայրը: