ԱրտերկիրԼրահոս

1963ԷՆ Ի ՎԵՐ ԱՌԱՋԻՆ ԱՆԳԱՄ ԸԼԼԱԼՈՎ ՊԱՏԱՐԱԳ՝ ՆԻԿՈՍԻՈՅ ՍՈՒՐԲ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

p1 ch1  ՆԻԿՈՍԻԱ. Յիսուն տարուայ ընդմիջումէ ետք, Կիպրոսի մայրաքաղաքի հին թաղամասի Հայ Առաքելական Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, պատարագ մատուցուեցաւ, անցեալ Կիրակի Մայիս 11ին:

CyprusԵկեղեցական համալիրը, որ վատ վիճակի մէջ կը գտնուէր, 2008-2013ին վերանորոգուեցաւ Մ.Ա.Կ.ի զարգացման գործակալութեան եւ Միացեալ Նահանգներու օժանդակութեան գործակալութեան նիւթական օժանդակութեամբ՝ Կիպրոսի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճոն Քէօնիկի նախաձեռնութենէն ետք:
Պատարագիչն էր Կիպրոսի հայոց թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Վարուժան արք. Հերկելեան: Այս առթիւ, Կիպրոսի խորհրդարանին մէջ հայ համայնքի ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեան եւ հայկական եկեղեցւոյ յանձնախումբի ատենապետ Սեպուհ Դաւիթեան խօսք առին:
Այս պատարագին, ներկայ էին նաեւ, այլ համայնքներու եւ յարանուանութիւններու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ դիւանագէտներ:
Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին, որ թրքական ներխուժման արդիւնք վնասուած էր, եւ 1963էն ի վեր լքուած վիճակին մէջ էր: 1915-1923ին Հայոց Ցեղասպանութենէն փախուստ տուած հազարաւորներու համար իբրեւ ապաստանարան ծառայած էր:

Advertisement Subscribe Today
Advertisement Subscribe Today!

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button