
ՎԱՀԱԳՆ ԳԱՐԱԳԱՇԵԱՆ
Օսմանեան Թուրքիոյ իրաւայաջորդ հանրապետական կամ քեմալական Թուրքիոյ կողմէ ազգային փոքրամասնութիւններուն դէմ իրագործուած հաւաքական կոտորածներուն, ջարդերուն եւ ցեղային սպանդներուն մասին այսօրուան քաղաքակիրթ աշխարհը սակաւաթիւ աղբիւրներէ տեղեկութիւններ ունի միայն:
Փոքր Ասիոյ դարաւոր բնիկ ժողովուրդներուն դէմ հանրապետական Թուրքիոյ գործադրած բռնարարքները առ այսօր կը մնան լռութեան ծածկոյթին տակ:

1920-ականներու հայկական Կիլիկիոյ բռնի հայաթափման, ասորիներու եւ պոնտացի յոյներու ջարդերուն, 1925-ի եւ 1926-1930 քրտական ըմբոստութեանց յաջորդող կոտորածներուն, եւ վերջապէս 1938-ի Տերսիմի ալեւի-քիզիլպաշ եւ հայ բնիկներու Ցեղասպանութեանց մասին թրքական պետական արխիւները կը մնան լուռ:
2009-ի Նոյեմբերին, Փոքր Ասիոյ բնիկ ժողովուրդներու երաժշտութեանց բանահաւաք Հասան Սալթիք յայտարարեց, թէ 2010-ին պիտի հրապարակէ աւելի քան տասնամեակի մը վրայ երկարող պատմական իր հետազօտութիւններու արգասիքը հանդիսացող 1938-ի Տերսիմի Ցեղասպանութեան մասին գիրքը:
Տերսիմաբնակ թուրքմէն հօր եւ քիզիլպաշ ալեւի մօր զաւակ Սալթիք արխիւագրած է ցարդ չբացայայտուած տեղեկութիւններ եւ վաւերաթուղթեր: Հարցազրոյցներ կատարած է 38-ի ջարդերուն մասնակցած թրքական բանակի զինուորներուն եւ Ցեղասպանութենէն վերապրած տերսիմցիներու հետ: Տերսիմցի իր ցեղախումբի անդամներէն շատեր զոհ գացած են 38-ի ջարդերուն:

Սակայն Սալթիքի աշխատութեան մէջ ամէնէն ուշագրաւ եւ զգայացունց հաստատումը կը հանդիսանայ այն, որ 1938-ի Տերսիմի Ցեղասնած 1915-ի արհաւիրքէն փրկուած հայերու վերջին խլեակներու վերջնական ոչնչացումը, բնաջնջումը…
Նման բացայայտումներով կրնանք եզրակացնել, որ Մեծ Եղեռնին յաջորդող անմիջական ժամանակահատուածին, Թուրքիոյ մէջ կայացած պետական յեղաշրջումէն ետք, քեմալական իշխանութիւնները կանխամտածուած ձեւով շարունակած են իրենց նախորդներու` Իթթիհատականներու անաւարտ մնացած “առաքելութիւնը”` Արեւելեան Փոքր Ասիոյ բնիկ ժողովուրդներու ցեղային մաքրագործումը, անոնց տեղահանութիւնը եւ պատմամշակութային ժառանգութեան ոչնչացումը:
Հայկական բարձրաւանդակի սիրտը հանդիսացող Տերսիմը` հայ ժողովուրդի հնադարեան հեթանոսական կրօնքի եւ առաքելատիպ քրիստոնէութեան բնօրրանն է: Տերսիմ այն հազուագիւտ եւ կարելի է ըսել միակ շրջանն է, ուր հայ արեւորդին, պարսիկ զրադաշտականը, ալեւի քիզիլպաշը, Պաւղիկեան աղանդաւորականը դարերու թաւալումին հետ համատեղ եւ համերաշխ ապրած են եւ ժամանակի ընթացքին համաձուլուած են: Այս անառիկ լեռնաշխարհին մէջ ապրելով Մամիկոնեան ազնուատոհմ նախարարութեան վերջին շառաւիղները` միաձուլուած են քիզիլպաշին հետ եւ վերընձիւղուած են որպէս Մամիքա ցեղախումբ: Տերսիմի ահագնագոռ լեռներուն վրայ ծուարած մարտունակ հայն է, որ մինչեւ 20-րդ դար յիշած ու հաւատացած է Անահիտին, Աստղիկին, Վահագնին եւ Արամազդին:


Լեռնածերպերու արծուաբոյններ հանդիսացող եւ շատ յաճախ հայ-քիզիլպաշ խառն բնակչութիւն ունեցող Տերսիմի ըմբոստ գիւղերն ու աւանները երբեք չեն խոնարհած թրքական բռնակալ բանակներուն առջեւ, այլ միշտ ծառացած եւ ընկրկումի մատնած են թուրքերը:
Կասկածէ դուրս է, որ Մեծ Եղեռնի օրերուն, Տերսիմի ժողովուրդը ապաստան տալու զլացած ըլլար իր տարաբախտ ու հալածեալ եղբայրներուն: Խարբերդի, Արաբկիրի, Դաշտային Տերսիմի, Դերջանի, Երզնկայի եւ Սեբաստիոյ ջարդերէն փրկուած հայորդիներ ապաստան գտան լեռնային Տերսիմ: Հայ եւ օտար աղբիւրներու համաձայն, Տերսիմ հանգրուանած հայ վերապրողներու թիւը 30-40 հազարի շուրջ եղած է, որուն որոշ մէկ հատուածը անցած է ռուսական սահմանը, իսկ Տերսիմ մնացած եւ հաստատուած է ստուար հատուած մը:
Սալթիքի յայտնաբերած փաստերով, Տերսիմը ծունկի բերելու եւ անոր բնիկ ժողովուրդը ֆիզիքապէս չէզոքացնելու ծրագիրը Քեմալի եւ իր զօրականներուն կողմէ յղացուած է 1920-ին եւ գործադրութեան դրուած է 17 տարի ետք:
1990-ական թուականներէն ետք, ի տես եւրոպական կարգ մը քաղաքներու մէջ աճող տերսիմցի գաղութներու, եւրոպացի շարք մը պատ

մաբաններու մօտ խոր հետաքրքրութիւն ծագեցաւ Տերսիմի ցեղային իւրայատուկ հաւաքականութեանց հանդէպ: Յետ ուսումնասիրութիւններու, վերոյիշեալ պատմաբաններէն շատեր հաստատեցին 1938-ի Տերսիմի Ցեղասպանութեան իրողութիւնը:
Հոլանտացի պատմաբան Մարթին Վան Պրունսընի տուեալներով 1937-1938, մինչեւ Տերսիմի ապստամբութեան ղեկավար Սէյիտ Ռիզայի գերեվարումն ու կախաղան բարձրացումը (Նոյեմբեր 18, 1938) թրքական բանակը սպանդի ենթարկեց 70 հազար տերսիմցի զինեալ եւ խաղաղ բնակիչ, որոնց շարքին երեխայ, ծեր եւ կին: Անպաշտօն հաշուարկներով տեղահան եղան կամ փախստական դարձան 150 հազար տերսիմցիներ: Ամայացան հայ-քիզիլպաշ 200 գիւղեր:

1938-ի Տերսիմի կոտորածներուն մասին գլխաւոր վկայագիրը կը հանդիսանայ տերսիմցի մտաւորական Նուրի Տերսիմիի գրած “Քիւրտիստանի պատմութիւն – Տերսիմ” յուշագրութիւնը: Հոն յստակ տուեալներ չկան Ցեղասպանութեան օրհասական պահերը ապրած հայութեան թիւին մասին: Տեղեկութիւններու միակ աղբիւրը, կը մնան թրքական պետական արխիւները, որոնք տակաւին կը մնան ուսումնասիրողներու եւ պատմաբաններու հասողութենէն հեռու:
Այսօր, ժամանակն է, որ Սալթիքի նման մտաւորականներու կամ արտասահմանի մէջ գործող տերսիմական հասարակական կազմակերպութիւններու հետ համագործակցելով, աշխատանք ծաւալել 1938-ի Տերսիմի ցեղասպանութեան պատմութիւնը համայն աշխարհին ծանօթացնելու:

Իրողութեան մէջ, Հայ Դատի մեր աշխատանքներուն գծով, 1938-ի Տերսիմի Ցեղասպանութիւնը Անգարայի վրայ քարոզչական նոր ճնշամիջոցի դեր կրնայ ունենալ:
Հասան Սալթիքի վկայութեամբ` ինք տերսիմցի է. մենք կրնանք պահ մը ենթադրել ու կռահել, որ հաւանաբար իր ինքնութիւնը տակաւին բացայայտել չկամեցող տերսիմցի հայերու շառաւիղ է… բայց ինչպէս ըսինք` այդ մէկը պարզ ենթադրութիւն է…
Մէկ բան յստակ է, որ 1915-ի արիւնարբու Իթթիհատականներու սպանդէն ճողոպրած եւ Տերսիմ ապաստանած Արեւմտահայաստանի մեր ժողովուրդի վերջին մնացորդացին հաշուեյարդարը կատարեցին Քեմալն ու իր յաջորդները:
Վերապրածը վերասպաննեցին…