ՊՐԻՒՔՍԷԼԻ ՄԷՋ ԵՒՐՈՊԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՀԱՒԱՔ` ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻՆ
ՊՐԻՒՔՍԷԼ.- Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբի գրասենեակը, հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկացնէ թէ, մեծ յաջողութեամբ կատարուեցաւ Եւրոպահայերու երրորդ համագումարը, որուն բացումը կատարեց Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբի նախագահ` Գասպար Կարապետեան:
Ապա, իրենց ներկայութեամբ համագումարը պատուեցին եւ ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Վեհափառ Արամ Ա, Արցախի Հանրապետու-թեան նախագահ` պրն. Բակօ Սահակեան, Հ.Հ. Ազգային Ժողովի նախագահ պրն. Յովիկ Աբրահամեան, Արցախի փոխ վարչա-պետ պրն. Արթուր Աղաբէկեան, արտաքին գործոց նախարար պրն. Կարէն Միրզոյեան, Ֆրանսայի հայոց առաջնորդ Նորվան Արք. Զաքարեան, իբրեւ ներկայացուցիչ ամենայն հայոց Կաթողիկոսի եւ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան:

