Յօդուածներ

ՍՕՍԷԻ ԵՒ ԱԼԷՆԻ ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄ

p6 Sose  Allen Memorial Forest Photo

Սօսէի եւ Ալէնի ժառանգութեան հիմնադրամը եւ “Armenia Tree Project“ բարեգործական հիմնադրամը կը յայտարարեն  Սօսէ Թովմասեանի եւ Ալէն Եքիքեանի յիշատակին անտառ ստեղծելու նախաձեռնութեան մասին:  Ինքնաշարժի արկածի զոհ գացած երիտասարդ զոյգը, ունէր ամուր կապեր թէ Հայաստանի եւ թէ սփիւռքի մէջ:

 

Սօսէի եղբօր` Վաչէ Թովմասեանի եւ այլ քանի մը մտերիմ ընկերներու ջանքերով ստեղծուած է “Ժառանգութիւն“ հիմնադրամը, որուն նպատակն է աջակցիլ եւ ընդլայնել  այս զոյգի կողմէն կարեւոր նկատուող  արժէքները` կրթութիւն, հայրենադարձութիւն, կամաւորութիւն եւ ժողովրդավարութիւն: “Այս անտառը կը լինի Սօսէին եւ Ալէնին յիշատակելու լաւագոյն վայրը եւ միեւնոյն ժամանակ պիտի ունենայ դրական ազդեցութիւն Հայաստանի շրջակայ միջավայրին վրայ“,  կը նշէ Վաչէ:

Սօսէ եւ Ալէն ժառանգութիուն հիմնադրամը նպատակ ունի շարունակեու անոնց տեսլականը ` ստեղծելով նոր ծրագրեր` միեւնոյն ժամանակ աջակցելով արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող ծրագրերին, որոնք նպատակն է խորացնել Հայաստանի եւ սփիւռքի միջեւ եղած կապը` կարեւորելով   կրթութեան, հայրենադարձութեան եւ կամաւորութեան դերը:

»Ահա թէ ինչէես կը գործի այս քարոզարշաւը: Ամէն անգամ Armenia Tree Project-ի դիմատետրի (ֆէյսպուք) ջը  հաւանելու( այսինքն Like)  դէպքում յիշատակի անտառում կը տնկուի 5 ծառ: Սա համատեղ եւ հետեւողական քարոզարշաւ է, որը կարեւորում է “Armenia Tree Project“ բարեգործական հիմնադրամի կողմից իրականացուող հսկայական աշխատանքները եւ մենք կոչ ենք անում տարածել այս տեղեկութիւնը` անտառը աւելի մեծացնելու նպատակով: Ընկերային լրատւության  բնագաւառը ընդգծում  է Սօսէի եւ Ալէնի ուշադրութիւնը, որն ուղղուած էր թեքնիքների կիրառմանը եւ մարդկանց ներգրաւուածութեան  խրախուսմանը“,- շեշտեց Վաչէ:

Advertisement Subscribe Today

Այս քարոզարշաւը սկսաւ Սօսէի ծննդեան օրը` Սեպտեմբերի 10-ին եւ կ՛աւարտի Ալէնի ծննդեան օրը` Մարտ 10, 2014-ին: Կազմակերպութիւնները յոյս ունին հաւաքելու առնուազն տաս հազար տաս հազար հաւանութիւններ, որպէսզի հնարաւոր ըլլայ 18 հեկտար հողատարածքի վրայ տնկել 50,000 ծառ:

Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար, այցելել.-  www.Facebook.com/ArmeniaTree

 

կամ հեռ.-  (617) 926-TREE: Armenia Tree Project, 65 Main Street, Watertown, MA 02472: Նուիրատուները պէտք է նշեն, որ նուիրատվութիւնը կը կատարուի ի յիշատակ Սօսէի եւ Ալէնի:

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button