
Մօտաւորապէս շաբթուայ մը տեւողութիւն ունեցող համա-Հ.Մ.Ը.Մ.-ական մարզախաղերը աւարտեցան, իրենց ետին ձգելով անմոռանալի յիշատակներ:
Փակման հանդիսութեան, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Ստեփան Տէր Պետրոսեան յայտնեց, որ ոսկիէ էջ մը կը փակուի միութեան պատմութեան մէջ: “Ստեղծուած խանդավառութիւնը այժմ կը փոխադրուի շրջաններ, ուր մարզիկները վերյիշելով իրենց ապրած գեղեցիկ յիշատակները, պատմելով իրարու եւ քաջալերելով իրենց խմբակիցները այժմէն պիտի պատրաստուին չորս տարի ետք տեղի ունենալիք համա-Հ.Մ.Ը.Մ.-ական 10-րդ մարզախաղերուն“, շեշտեց ան:
Այս առիթով շնորհակալութեան խօսք ուղղեց նաեւ Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.-ի ատենապետ Հրաչ Շմաւոնեան: Ան ողջունեց մարզախաղերուն յաջողութեան համար աշխատած Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.-ի սկաուտական օժանդակ յանձնախումբը եւ Հայաստանի ոստիկանութիւնը, որոնք ջանք չխնայեցին մարզիկներուն հանգստութիւնը եւ ապահովութիւնը երաշխաւորելու համար:
Ապա, տեղի ունեցաւ լաւագոյն մարզիկներու եւ ախոյեաններու անուններու յայտարարութիւնն ու մրցանակաբաշխութիւնը:
Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.-ական մարզախաղերու պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով, իւրաքանչիւր մարզախաղի լաւագոյն մարզիկին շնորհուեցաւ վաստակաւոր Հ.Մ.Ը.Մ.-ականի անունով մրցանակ մը` յուշանուէրի ձեւով: Այսպէս, ճատրակի լաւագոյն մարզիկ հռչակուեցաւ Լիբանանէն Նարեկ Նաճարեան (“Վարուժան Մուրատեան մրցանակ“):
Աղջկանց թենիսի լաւագոյն մարզիկ հռչակուեցաւ Գահիրէէն Դալար Մազլումեան (“Պարգեւ Պարսամեան մրցանակ“):
Տղոց թենիսի լաւագոյն մարզիկ հռչակուեցաւ Գանատայէն Վահագն Թոնաքանեան (“Ճորճ Տաղլեան մրցանակ“): Աղջկանց փինկ¬փոնկի լաւագոյն մարզիկ հռչակուեցաւ Լիբանանէն Դուին Մումջօղլեան (“Կարօ Թիւթիւնճեան մրցանակ“): Տղոց փինկ-փոնկի լաւագոյն մարզիկ հռչակուեցաւ Լիբանանէն Միսաք Պոյաճեան (“Յարութիւն Գազանճեան մրցանակ“): Աղջկանց լողի լաւագոյն մարզիկ հռչակուեցաւ Սուրիայէն Սէրլի Մուշեղեան (“Սուրէն Մուրատեան մրցանակ“): Տղոց լողի լաւագոյն մարզիկ հռչակուեցաւ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներէն Փիթըր Մանուշակեան (“Վարդգէս Հայրապետեան մրցանակ“): Աղջկանց աթլեթի լաւագոյն մարզիկ հռչակուեցաւ Լիբանանէն Լոռի Թաշճեան (“Յովհաննէս Շահինեան մրցանակ“): Տղոց աթլեթի լաւագոյն մարզիկ հռչակուեցաւ Լիբանանէն Սերժ Քուքճեան (“Յովհաննէս Տէր Յարութիւնեան մրցանակ“): Աղջկանց վոլիպոլի լաւագոյն մարզիկ հռչակուեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ՀԱՍԿ-էն Ժենիա Յովհաննէսեան (“Գէորգ Կարապետեան մրցանակ“): Ոտնագնդակի լաւագոյն մարզիկ հռչակուեցաւ Փարիզէն Խաժակ Սինանեան (“Վարդան Բախշեան մրցանակ“): Կրտսեր աղջկանց կողովագնդակի լաւագոյն մարզիկ հռչակուեցաւ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներէն Շարիս Ղազերի (“Սուրէն Մուրատեան մրցանակ“): Կրտսեր տղոց կողովագնդակի լաւագոյն մարզիկ հռչակուեցաւ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներէն Թէօ Դաւիթեան (“Ժիրայր Պոյաճեան մրցանակ“): Երէց աղջկանց կողովագնդակի լաւագոյն մարզիկ հռչակուեցաւ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներէն Կասիա Սարգիս (“Երուանդ Տէմիրճեան մրցանակ“): Երէց տղոց կողովագնդակի լաւագոյն մարզիկ հռչակուեցաւ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներէն Նարպէյ Իպրահիմեան (“Տոքթ. Միսաք Արզումանեան մրցանակ“): Համա¬Հ.Մ.Ը.Մ.-ական 9-րդ մարզախաղերու տիպար Հ.Մ.Ը.Մ.-ական հռչակուեցաւ Աւստրալիայէն Անդրանիկ Բանոյեան:
Մարզախաղերու ախոյեաններ
հանդիսացան հետեւեալ շրջանները.-
Թենիս – Գանատա եւ Գահիրէ
Փինկ փոնկ – Լիբանան
Լող – Թեհրանի Հ.Մ.Ա.Կ.
Աթլեթ – Լիբանան
Վոլիպոլ – Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ. (առաջին), Արեւելեան Միացեալ Նահանգներ (երկրորդ), Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ (երրորդ):
Ոտնագնդակ – Փարիզ (առաջին), Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ (երկրորդ), Լիբանան (երրորդ):
Կողովագնդակ/կրտսեր աղջիկներ – Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ (առաջին), Լիբանան (երկրորդ), Քուէյթ (երրորդ):
Կողովագնդակ/կրտսեր տղաք – Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ (առաջին), Արեւելեան Միացեալ Նահանգներ (երկրորդ), Լիբանան (երրորդ):
Կողովագնդակ/երէց աղջիկներ – Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ (առաջին), Հ.Մ.Ը.Մ.¬Հ.Ա. Ս.Կ. (երկրորդ), Լիբանան (երրորդ):
Կողովագնդակ/երէց տղաք – Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ (առաջին), Արեւելեան Միացեալ Նահանգներ (երկրորդ), Հ.Մ.Ը.Մ.¬Հ.Ա.Ս.Կ. (երրորդ):
Արդիւնքներու հրապարակումէն ետք յայտարարուեցաւ նաեւ մարզախաղերու ընթացքին լաւագոյն արդիւնքները արձանագրած շրջանին անունը: Հ.Մ.Ը.Մ. Լիբանան հռչակուեցաւ համա¬Հ.Մ.Ը.Մ.-ական 9-րդ մարզախաղերու ախոյեան իր տիրացած 3 առաջնութեան (ճատրակ, փինկ-փոնկ, աթլեթ), 1 երկրորդութեան (կրտսեր աղջկանց կողովագնդակ) եւ 3 երրորդութեան համար (ոտնագնդակ, կրտսեր տղոց կողովագնդակ եւ երէց աղջկանց կողովագնդակ): Լիբանանի 95 հոգինոց մարզական պատուիրակութիւնը Հայաստանի ողիմպիական կոմիտէի քարտուղար Հրաչ Ռուստամեանի ձեռամբ ստացաւ յատուկ բաժակ:
Օգոստոս 1, 2013ին, մարզախաղերու մասնակից մարզիկ¬մարզիկուհիները եւ պատասխանատուները, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամներու առաջնորդութեամբ, յարգանքի իրենց տուրքը մատուցեցին հայկական Ցեղասպանութեան նահատակներու յիշատակին:
Յետմիջօրէի ժամը 3ին, 650 մարզիկ¬մարզիկուհիներ ուղղուեցան Ծիծեռնակաբերդ, ուր կարգապահ եւ լուռ շարքերով տողանցեցին մինչեւ Նահատակաց յուշարձան: Այս առիթով, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնը յարգանքի ծաղկեպսակ մը զետեղեց յուշարձանի մուտքին:
Այնուհետեւ, բոլորը մուտք գործեցին յուշարձանի շրջափակէն ներս եւ յիշատակի ծաղիկներ զետեղեցին մէկուկէս միլիոն նահատակներու յիշատակը յաւերժացնող անմար կրակին շուրջ:
Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան ներկաները հրաւիրեց մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգելու 1915-1923 զոհ գացած հայորդիներու յիշատակը: Տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն` ի յիշատակ մէկուկէս միլիոն անմեղ զոհերու: Ապա, յանուն Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան, Հ.Մ.Ը.Մ.ի “Մարզիկ“ պաշտօնաթերթի խմբագիր Վիգէն Աւագեան փոխանցեց պատգամ մը: Ան յայտնեց, որ աշխարհի ժողովուրդները եթէ տարուան մէջ մէկ անգամ Ապրիլ 24 կ’ապրին, հայ մարդիկ ամէն օր Ապրիլ 24 կ’ապրին, որովհետեւ 98 տարիէ անոնք կը կրեն Ապրիլ 24ի` Ցեղասպանութեան հետեւանքները: Ցեղասպանութիւնը սկսած է 1915ին եւ կը շարունակուի մինչեւ այսօր` օտարացման, այլասերման եւ ձուլման ենթարկելով հայութեան լայն զանգուածները:
Վիգէն Աւագեան հաստատեց, որ “Ծիծեռնակաբերդ այցելելով Հ.Մ.Ը.Մ.ական նոր սերունդը յարգանքի իր տուրքը կը մատուցէ իր նահատակներուն եւ այն բոլոր արժէքներուն, որոնց համար ինկան նահատակները: Այդ արժէքները հողն են, հայրենիքն են, լեզուն են, մշակոյթն են, սեփական ինքնութիւնն են:
Այսօր, կը գտնուինք Ծիծեռնակաբերդի մէջ,¬ շարունակեց Աւագեան,¬ “սակայն վստահ ենք, որ վաղը, միւս օր եւ մինչեւ մեր կեանքին վերջը Ծիծեռնակաբերդը պիտի ըլլայ մեր սրտին մէջ եւ անոր անմար ջահը վառ պիտի պահէ պահանջատիրական մեր թափն ու եռանդը ազգային¬միութենական մեր աշխատանքներուն մէջ` մինչեւ մեր վախճանական նպատակներուն իրականացումը, մինչեւ ամբողջական հայութեամբ ամբողջական Հայաստանի կերտումը“:
Պատգամէն ետք, յուշարձան այցելութիւնը վերջ գտաւ “Յառաջ Նահատակ“ քայլերգի խմբերգումով:
Ծիծեռնակաբերդ այցելութեան երկրորդ հանգրուանը եղաւ Հայկական Ցեղասպանութեան նուիրուած թանգարանը, ուր յատուկ արարողութեամբ տեղի ունեցաւ Շաւարշ Քրիսեանի յիշատակը յաւերժացնող բացիկներու հրապարակում:
Թանգարանի տնօրէն Հայկ Դեմոյեան յայտարարեց, որ համա¬Հ.Մ.Ը.Մ.ական 9-րդ մարզախաղերուն առիթով, թանգարանը նախաձեռնած է Շաւարշ Քրիսեանի յիշատակին 650 բացիկներու պատրաստութեան:
Այս առիթով տեղի ունեցաւ բացիկներու ստորագրութեան պաշտօնական արարողութիւն: Հայկ Դեմոյեան, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան, Հ.Մ.Ը.Մ.¬Հ.Ա.Ս.Կ.ի եւ համա¬Հ.Մ.Ը.Մ.ական 9րդ մարզախաղերու պատասխանատուները ստորագրեցին ու կնքեցին 10 բացիկներ, որոնք նախատեսուած են հասցէագրուելու թանգարաններու եւ պաշտօնական անձնաւորութիւններու: Մնացեալ բացիկները բաժնուեցան Ցեղասպանութեան թանգարան այցելող մարզիկ¬մարզիկուհիներուն:
Մարզիկ¬մարզիկուհիներու թանգարան այցելութեան ընթացքին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնը հանդիպում մը ունեցաւ թանգարանի տնօրէն Հայկ Դեմոյեանի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին տեղի ունեցաւ յուշանուէրներու փոխանակում:
Ծիծեռնակաբերդ այցելութենէն ժամ մը առաջ, մարզիկ¬մարզիկուհիներու ներկայացուեցաւ երկու դասախօսութիւն: Հայկ Դեմոյեան խօսեցաւ Ծիծեռնակաբերդի յուշարձան համալիրի անցեալին, ներկային ու ապագայի ծրագիրներուն մասին, իսկ Հարմիկ Յովսէփեան ներկայացուց Հ.Յ.Դաշնակցութեան դերակատարութիւնը Արցախեան պայքարին:
Մարզախաղերու փակումէն ժամեր ետք, երեկոյեան, Աբովեանի մէջ տեղի ունեցաւ համա¬Հ.Մ.Ը.Մ.-ական 9-րդ մարզախաղերու յաղթանակի ճաշկերոյթ-պարահանդէսը` ներկայութեամբ 1200 մարզիկ¬մարզիկուհիներու, պատասխանատուներու եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի բարեկամներու: Հիւրերու շարքին էին Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան, Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան, Գերագոյն մարմինի փոխներկայացուցիչ Աղուան Վարդանեան եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի բարերարներ:
Ճաշկերոյթի ընթացքին ողջոյնի խօսքեր արտասանեցին Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.-ի վարչութեան ատենապետ Հրաչ Շմաւոնեան, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան, Հայաստանի ողիմպիական կոմիտէի քարտուղար Հրաչ Ռուստամեան եւ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան: Ճաշկերոյթի ընթացքին Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.-ի վարչութեան կողմէ պարգեւատրուեցան երկարամեայ իրենց ներդրումը ունեցած եղբայրներ: Մանուէլ Մարսելեան (Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներէն) պարգեւատրուեցաւ “Ոսկիէ շուշանածաղիկ“ յուշամետալով, իսկ Մանուկ Մանուկեան եւ Աւետիս Պէրպէրեան պարգեւատրուեցան “Վարդան Բախշեան“ յուշամետալով:
Ճաշկերոյթը խանդավառեցին հայրենի խումբ մը արուեստագէտներ եւ սուրիահայ երգիչ Յովսէփ Գասպարեան: Ճաշկերոյթին ընթացքին Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.-ի ի նպաստ կատարուեցան նուիրատուութիւններ: Այս առիթով ներկաներուն բաժնուեցաւ համա-Հ.Մ.Ը.Մ.-ական 9-րդ մարզախաղերու գրքոյկը, ուր ողջոյնի խօսքեր կը փոխանցէին Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան, Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոս, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս, Հ.Յ.Դ. Բիւրոն, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական վարչութիւնը, սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան, մարմնամարզի եւ երիտասարդական հարցերու նախարար եւ նախկին ծանրաբարձ Եուրի Վարդանեան, Հայաստանի ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Գագիկ Ծառուկեան, Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան, Համազգայինի եւ Հ.Օ.Մ.-ի Կեդրոնական վարչութիւնները եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.-ի վարչութիւնը: