
ԳՐԻԳՈՐ ՔԷՕՍԷԵԱՆ
Սփիւռքահայ գրականութեան ծանօթ անուն է Գրիգոր Քէօսէեան. գրող, խմբագիր, գիրքերու հեղինակ… բայց թերեւս նուազ ծանօթ է երգիծանկարիչի իր երեսակը: Եւ նորութիւն չէ այս երեւոյթը, քանի երգիծանկարչական ասպարէզի անոր վաստակը կ՛երկարի մինչեւ 1950ականներու երկրորդ կէսը:
Այսօր, Քէօսէեան “Երգիծանկարներ-Caricatures“ (Պոսթըն 2013) խորագրեալ 88 էջնոց իր այս հատորով մեզի կը ներկայացնէ գեղեցիկ ծաղկաղաքաղ մը ա՛յդ ոլորտի իր ստեղծագործութիւններէն: Երեք բաժնի մէջ` Դէմքեր, Ազգային-Ընդհանուր եւ Այլազանք, դասաւորուած են իր գունաւոր եւ սեւ-ճերմակ երգիծանկարները, որոնց հերոսները յաճախ հեղինակին ապրած ու հետեւաբար ստեղծագործած միջավայրին ազգային ծանօթ դէմքերն են, բայց հոն ներկայ են համազգային դէմքեր ալ. բնականաբար կան նաեւ ազգային կարեւոր դրուագներ, իրադարձութիւններ ցոլացնող երգիծանկարներ:
Հատորին կողքի ներքին երեսին Դոկտ. Վաչէ Ղազարեան կը գրէ` “Գրիգոր Քէօսէեան իր նախորդ հրատարակութիւններով` “Գառզու .- Մոգական Աշխարհի Մը Նկարիչը“ (1982), “Գիր եւ Գիծ“ (1998), եռահատոր “Նամականի Շահան Շահնուրի“ (2001, 2004 եւ 2006), “Պրիսմակին Գոյները“ (2009), հանրութեան ներկայացած էր, որպէս արուեստաբան եւ արուեստագէտ, կշռութաւոր խօսքով յօդուածագիր ու խմբագիր, որուն տեսածիրը չէր սահմանափակուեր միայն ազգային հարցերով եւ կը շօշափէր աշխարհն ու մարդկութիւնը յուզող նիւթեր, թատրոնի եւ գեղանկարչութեան նուրբ քննադատ, ապա նաեւ ուսումնասիրող, որ բանասիրութեան կալուածին մէջ կը դեգերէր լուսարձակով մը, որ միայն ի՛րը կրնար ըլլալ“:
Առատ շնորհներով օժտեալ` անոնցմէ բաժին հանած էր ազգային-հասարակական գործունէութեան եւ հայ գիրքին ու գիրին, Լիբանանէն մինչեւ Միացեալ Նահանգներ:
Հատորը բաժնուած է երեք գլուխներու, առանց ժամանակագրական կարգի, ուր համախմբուած են “Գիր եւ Գիծ“ եւ “Պրիսմակին Գոյները“ խորագրեալ հատորներու մէջ ամփոփուած գործերը, մամուլի մէջ մնացածները եւ անտիպներ:
Երգիծանկարչական ասուպային կեանքի ընթացքին, ան աշխատակցած է նաեւ լիբանանեան “Ալ-Սիասա“ օրաթերթին եւ ֆրանսատառ մարզական “Match“ շաբաթաթերթին: Գործածած է Գրիգոր եւ Գօգօ ստորագրութիւնները, արաբերէնի պարագային` Ալ-Սիասա, թերթին անունով: Յարմար տեսնուեցաւ նաեւ բնագիրներու անգլերէն թարգմանութիւնը, մատչելի ըլլալու համար ամերիկահայ սերունդին:
Հեղինակը իր իսկ ստորագրած ներածականին մէջ կ՛ըսէ.- “Երգիծանկարներու այս գիրքը – տետրը – պայմաններու բերումով կը մնայ վտիտ եւ նիհար: Այսուհանդերձ ան չի դադրիր յատկանշական ըլլալէ, դրսեւորելով իր ժամանակի ազգային կեանքի կարգ մը դէմքերը եւ երեսակները: Երգիծանկարչութեան, ինչպէս եւ երգիծանքի ու հիւմըրի հանդէպ զօրաւոր հակում մը մէջս զգալի դարձած էր պատանեկան տարիներուս, յետագային զիս առաջնորդելով տոմսակագրութեան, որպէս առաջին գրական փորձ:… Գիրով թէ գիծով այս մղումս պարտական եմ հայ հեղինակներէն առաւելաբար Երուանդ Օտեանի, Յակոբ Պարոնեանի կողքին, նաեւ Սարուխան երեւոյթին, որուն հանդէպ պատանեկան տարիներուս հիացումս սահման չունէր: Ան զիս խանդավառեց եւ հրահրեց, իսկ յետագային անձնական ծանօթութեամբ իրարու պիտի կապուէինք հարազատ բարեկամութեամբ: Զարմանալի չէ ուրեմն, եթէ սկզբնական կարգ մը գծագրութիւններս կը կրեն հետքը (գիծերու առատութիւն եւ մթնոլորտ) իր հանդէպ հիացումիս, նման մեր այն բանաստեղծներուն, որոնց առաջին գործերը Վահան Թէքէեանի շուքին ներքեւ մարմին առած էին:…Ընկերային բորբ տագնապները կը ստեղծեն հակազդելու անդիմադրելի մթնոլորտ, մասնաւորաբար երիտասարդներու մօտ արթնցնելով պայքարելու զօրաւոր պահանջը: Երգիծանքի շեղբերը նաեւ կը սրին կացութեան շիկացման համընթաց: Իմ պարագայիս ան թափ առաւ Պաղ Պատերազմի խորշակին ենթակայ` մեր ազգային-եկեղեցական բորբոքուն մթնոլորտին մէջ, որքան սուր այնքան ցաւալի…“: