
ԵՐԵՒԱՆ.- Երեքշաբթի Մայիս 21-ի Ազգային Ժողովին ելոյթ ունենալով, Հ.Յ.Դ. խմբակցութեան անդամ Վահան Յովհաննիսեան` անդրադառնալով վերջերս վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի կատարած այն հաւաստիացումներուն, թէ կառավարութեան բոլոր այն անդամները, որոնք կը սխալին կամ անարդարութիւններ կը գործեն, ըսաւ.- “Մենք կը քննարկենք մեր իշխանութեան որակը: Իսկ մեր իշխանութիւնը բացայայտ կ՛ըսէ` ամէն ինչ պիտի ընենք իշխանութեան գլուխը մնալու համար: Շատ արագ կը յառաջանայ հարց մը: Բայց չէ՞ որ իշխանութեան գլուխ մնալու համար դրական բաներ չեն գործածուիր: Ուրիշ միջոցներ ալ կան, օրինակ` բռնութիւնը: Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան գաղափարախօս Գալուստ Սահակեան իր ելոյթներէն մէկուն մէջ յայտնեց, որ ձեզմէ լաւը չկայ: Հաւանաբար կառավարութիւնը այդ խօսքերը լուրջ նկատած է: Դուք փաստեցէ՛ք, որ դուք ամենավատը չէք: Որովհետեւ նախորդ բոլոր կառավարութիւնները, որ ժամանակին քննադատուած են, ձեր խորապատկերին վրայ կը դառնան աւելի մաքրուած“:
Անդրադառնալով կառավարութեան ծրագիրին եւ տարբեր հիմնախնդիրներուն, որոնց այդ ծիրին մէջ անդրադարձ կատարուած է խորհրդարանին մէջ, Վահան Յովհաննիսեան յայտնեց, որ անիմաստ է խօսիլ այս ծրագիրին, խնդիրներուն մասին:
Միւս կողմէ, Հայաստանի Ազգային ժողովի Հ.Յ.Դ. խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան կատարեց հետեւեալ յայտարարութիւնը` Հայաստանի կառավարութեան գործունէութեան ծրագիրին մասին.- “Կառավարութիւնը կրկին ներկայացրեց իր ծրագիրը: Ի՞նչ ակնկալիք կարող է ունենալ մեր քաղաքացին այս ծրագրից ու կառավարութիւնից: Ցաւօք, ոչ մի լուրջ դրական տեղաշարժ իմաստ չունի սպասել: Նախ եւ առաջ այն պատճառով, որ այս ծրագիրը, ըստ էութեան, կապ չունի Հայաստանի հետ եւ բացարձակապէս չի համապատասխանում մեր երկրի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներին:
Այս ամէնը մենք արդէն տեսել ենք: Հիմա էլ խոստանում են պայքարել աղքատութեան, գործազրկութեան եւ արտագաղթի դէմ: Այն կառավարութիւնը, որի օրօք այս ամէնը նոր թափ ու ծաւալներ են ստացել, չի կարող դրա դէմ պայքարել: Այդպիսի բան չի լինում` ինքն իր դէմ կառավարութիւնը չի պայքարելու: Եթէ ժողովուրդը ուզում է յաջողուած պայքար մղել, պէտք է սթափուի, համախմբուի եւ պայքարի` օր առաջ ազատուելու այս միահեծան եւ ինքնագոհ իշխանութիւններից“…: