ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 98-ԱՄԵԱԿԻ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄՆԵՐ

0 0
Read Time:39 Minute, 42 Second

p8-9 lib  Սփիւռ­քի մէջ ամե­նու­րէք, մեծ խան­դով նշուե­ցան Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ոգե­կո­չում­նե­րը:

p8-9akhalkalakԱխալ­քա­լա­քի մէջ, կազ­մա­կեր­պու­թեամբ տեղ­ւոյն Հայ­կա­կան երի­տա­սար­դա­կան Կեդ­րո­նին, Ապ­րիլ 23-ին  տե­ղի ու­նե­ցաւ աւան­դու­թեան վե­րած­ուած Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան զո­հե­րուն նուիր­ուած ջա­հեր­թը: Քա­ղա­քին երի­տա­սար­դու­թիւնը հա­ւաք­ուե­ցաւ “Ազա­տու­թիւն“ փո­ղո­ցի վեր­ջա­ւո­րու­թեան: Եր­թին մաս­նա­կից­նե­րը, որոնց թիւը տար­ուէ տա­րի կ՛ա­ւել­նայ, վա­ռե­ցին ջա­հե­րը եւ սկսան եր­թը` հայ­կա­կան, վրա­ցա­կան դրօշ­նե­րով, ոճի­րը դա­տա­պար­տող պաս­տառ­նե­րով եւ “Ճա­նա­չում“ վան­կար­կե­լով` քա­լե­ցին դէ­պի Ախալ­քա­լա­քի Սուրբ Խաչ եկե­ղե­ցի: “Զօ­րի Զօր­եան“ երի­տա­սար­դա­կան կազ­մա­կեր­պու­թեան ան­դամ Սար­գիս Պա­լոյ­եան եկե­ղեց­ւոյ բա­կին մէջ կոչ ուղ­ղեց Ախալ­քա­լա­քի Շրջա­նա­յին ժո­ղո­վի պատ­գա­մա­ւոր­նե­րուն, Ապ­րիլ 24-ին մո­մեր վա­ռե­լու եւ ծա­ղիկ­ներ զե­տե­ղե­լու կող­քին, հար­ցը նա­եւ ներ­կա­յաց­նել Վրաս­տա­նի խորհր­դա­րան` սոյն հար­ցը օրա­կարգ մտցնե­լու եւ 1915-ին Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան փաս­տը պե­տա­կա­նօ­րէն ճանչ­նա­լու եւ դա­տա­պար­տե­լու պա­հան­ջով:

 

ԳԱ­ՆԱ­ՏԱ

 

Ապ­րիլ 24-ին, Թո­րոն­թո­յէն, Գէյմպ­րի­ճէն (Oնթարիօ), Լա­ւա­լէն, Մոն­րէ­ա­լէն, Հե­միլ­թը­նէն, Սէնթ Գաթ­րին­զէն եւ այլ վայ­րե­րէ Օթ­թաուա ժա­մա­նե­ցին 2000 հա­յոր­դի­ներ եւ Գա­նա­տա­յի խորհր­դա­րա­նին առ­ջեւ մի­աս­նա­բար վե­րա­նո­րո­գե­ցին պա­հան­ջա­տի­րու­թեան իրենց ուխ­տը: Գա­նա­տա­յի Հայ Դա­տի յանձ­նա­խում­բին կող­մէ կազ­մա­կերպ­ուած հա­ւա­քին ըն­թաց­քին ելոյթ ու­նե­ցան Գա­նա­տա­յի խորհր­դա­րա­նի ան­դամ­ներ եւ այլ հրա­ւիր­եալ­ներ: Ազա­տա­կան կու­սակ­ցու­թեան ան­դամ Ճիմ Գա­րիճ­ի­ա­նիս ներ­կա­նե­րուն յի­շե­ցուց, որ 20-րդ դա­րու սկիզ­բը թուր­քե­րու կող­մէ գոր­ծադր­ուած Հայ­կա­կան ու Պոն­տա­կան ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­նե­րու պատ­ճա­ռով է, որ այ­սօր Տար­ֆու­րի մէջ կամ այ­լուր կը շա­րու­նակ­ուին ցե­ղաս­պա­նա­կան արարք­նե­րը: Ազա­տա­կան կու­սակ­ցու­թեան նախ­կին ղե­կա­վար Պապ Ռէյ իր խօս­քին մէջ շեշ­տեց, թէ Թուրք­իոյ հետ հաշ­տեց­ման գոր­ծըն­թա­ցը կրնայ յա­ջո­ղիլ միայն այն պա­րա­գա­յին, երբ Թուրք­իա կ՛ըն­դու­նի պատ­մա­կան ճշմար­տու­թիւնը եւ վերջ կու տայ ու­րաց­ման իր քա­րոզ­չու­թեան:p8-9 can

Ընդ­դի­մա­դիր Նոր Դե­մոկ­րատ կու­սակ­ցու­թեան ան­դամ Ալեք­սանտր Պուլ­րիս յայ­տա­րա­րեց, թէ կու­սակ­ցու­թիւնը կը մի­ա­նայ աշ­խար­հաս­փիւռ հա­յու­թեան ոգե­կո­չե­լու 98-րդ տա­րե­լի­ցը Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան եւ իր խօս­քը եզ­րա­փա­կեց հա­յե­րէ­նով Եր­բեք չենք մոռ­նար: Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան դես­պան պրն. Ար­մէն Եգան­եան իր խօս­քին մէջ շեշ­տեց, թէ անըն­դու­նե­լի կը գտնէ Օթ­թաուա­յի մօտ Թուրք­իոյ դես­պա­նին այն յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րը, ուր վեր­ջինս, Գա­նա­տա­յի կող­մէ Հայ­կա­կան Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նա­չու­մին պատ­ճա­ռով, կը սպառ­նար գա­նա­տա­կան կա­ռա­վա­րու­թեան հետ առեւտ­րա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը զար­գա­ցու­մը կա­սեց­նել:

Թո­րոն­թո­հա­յու­թիւնը, իր կար­գին Ապ­րիլ 21-ին, ոգե­կո­չած էր 98-ամ­եա­կը, ներ­կա­յու­թեամբ մեծ թիւով քա­ղա­քա­կան դէմ­քե­րու եւ հա­յոր­դի­նե­րու:

Հայ երեք աւան­դա­կան կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ եւ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ոգե­կոչ­ման մի­աց­եալ մարմ­նի կազ­մա­կեր­պու­թեամբ, 98-ամ­եա­կի հան­դի­սու­թիւնը տե­ղի ու­նե­ցաւ Թո­րոն­թո­յի Հայ կեդ­րո­նէն ներս: Ներ­կայ էին մեծ թիւով դաշ­նակ­ցա­յին, նա­հան­գա­յին, եւ քա­ղա­քա­պե­տա­կան քա­ղա­քա­կան անձ­նա­ւո­րու­թիւն­ներ, հայ­կա­կան եւ գա­նա­տա­կան բազ­մա­թիւ կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու եւ միու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, ինչ­պէս նա­եւ բազ­մա­թիւ թո­րոն­թո­հա­յեր: Ձեռ­նար­կի ըն­թաց­քին, Թո­րոն­թո­յի հայ հա­մայն­քի եր­կա­րամ­եայ բա­րե­կամ եւ Օն­թար­իո­յի խորհր­դա­րա­նի նախ­կին խօս­նակ` Տէյ­վիտ Ուոր­նըր, աս­մուն­քեց Հայ­կա­կան Ցե­ղաս­պա­նու­թեան նա­հա­տակ­նե­րուն ձօն­ուած իր հե­ղի­նա­կած բա­նաս­տեղ­ծու­թիւնը: Նա­եւ ցու­ցադր­ուե­ցաւ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան մաս­նա­գէտ, ծա­գու­մով թուրք պատ­մա­բան փրոֆ. Թա­ներ Աք­չա­մի հետ “Նոր Հայ Հո­րի­զոն“ հե­ռա­տե­սի­լի կա­յա­նի հար­ցազ­րոյ­ցը:

Օր­ուան բա­նա­խօսն էր Գա­նա­տա­յի մօտ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան ար­տա­կարգ եւ լի­ա­զօր դես­պան պրն. Ար­մէն Եգան­եա­նը, որ­ յայտ­նեց ներ­կա­նե­րուն, թէ Թուրք­իոյ կող­մէ ցե­ղաս­պա­նու­թեան ժխտու­մը, ինչ­պէս նա­եւ ճի­գե­րը հա­կա­դար­ձե­լու Գանա­տա­յի կա­ռա­վա­րու­թեան կող­մէ Հայ­կա­կան Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նա­չու­մը, ամ­բող­ջո­վին անըն­դու­նե­լի եւ ան­հան­դուր­ժե­լի են:

Ապ­րիլ 21-ին, Մոն­րէ­ա­լի Հայ Կեդ­րո­նի “Ա. Ահա­րոն­եան“ սրա­հին մէջ հոծ բազ­մու­թեամբ տե­ղի ու­նե­ցաւ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ոգե­կոչ­ման պաշ­տօ­նա­կան հան­դի­սու­թիւնը, ներ­կա­յու­թեամբ` Տէր Խա­ժակ Արք. Սրբ. Յա­կոբ­եա­նի` Գա­նա­տա­յի Հա­յոց Թե­մի Բա­րե­ջան Առաջ­նորդ, հո­գե­ւոր հայ­րե­րու, Մեծն Մոն­րէ­ա­լի տա­րած­քին գոր­ծող հայ կազ­մա­կեր­պու­թեանց եւ պատ­կան մար­մին­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու, ինչ­պէս նա­եւ քա­ղա­քա­պե­տա­կան, նա­հան­գա­յին եւ դաշ­նակ­ցա­յին մա­կար­դակ­նե­րու վրայ գոր­ծող քա­ղա­քա­կան դէմ­քե­րու եւ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու:

Բեմ բարձ­րա­ցաւ Մոն­րէ­ա­լի Հայ Դա­տի յանձ­նա­խում­բի ատե­նա­պետ պրն. Հրակ Տա­րագճ­եա­նը, որ փո­խան­ցեց օր­ուան խոր­հուր­դը: Նա­եւ խօսք առաւ ծա­գու­մով ռուան­տա­ցի, թղթա­կից, գրա­գէտ եւ փաս­տաթղ­թա­գէտ` Ֆրանս­ուա Պու­կին­կօ, որուն հիմ­նա­կան պատ­գամն էր շա­րու­նա­կել պայ­քա­րը, նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ մարդ­կա­յին պատ­մու­թեան մէջ առա­ջին ան­պա­տիժ մնա­ցած ցե­ղաս­պա­նու­թիւնն էր Մեծ Եղեռ­նը: Ան կոչ ուղ­ղեց գործ­նա­կան եւ քա­ղա­քա­կան բո­լոր մի­ջո­ցա­ռում­ներ օգ­տա­գոր­ծել, ի վեր­ջոյ ար­դար լուծ­ման յան­գե­լու ու Մեծ Եղեռ­նի 100-ամ­եա­կի ոգե­կոչ­ման հան­դի­սու­թիւնը վե­րա­ծե­լու տօ­նախմ­բու­թեան: Սոյն խրա­խու­սիչ խօս­քե­րը դի­մա­ւոր­ուե­ցան յոտն­կայս բուռն ծա­փա­հա­րու­թիւն­նե­րով:

Գէյմպ­րի­ճի (Oնթարիօ) մէջ ալ տե­ղի ու­նե­ցաւ 98-ամ­եա­կի նշում: Օր­ուան պատ­գա­մա­բերն էր ընկ. Հայ­դուկ Շամլ­եա­նը, որ հա­կիրճ եւ տպա­ւո­րիչ ձե­ւով փո­խան­ցեց օր­ուան պատ­գա­մը: Ընկ. Շամլ­եա­նի խօս­քէն ետք, բեմ բարձ­րա­ցան Շա­բա­թօր­եայ վար­ժա­րա­նի աշա­կերտ­նե­րը, որոնք եր­գե­ցին “Սար­դա­րա­պատ“ յաղ­թեր­գը եւ ներ­կա­յա­ցու­ցին բա­նաս­տեղ­ծա­կան կտոր մը:

 

ԳԱ­ԼԻ­ՖՈՐՆ­ԻԱ

 

Կազ­մա­կեր­պու­թեամբ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան Ոգե­կոչ­ման Լոս Ան­ճե­լը­սի Մի­աց­եալ մար­մի­նին, Չո­րեք­շաբ­թի, Ապ­րիլ 24-ին տե­ղի ու­նեցաւ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 98-ամ­եա­կի ոգե­կո­չու­մը, Մոն­թե­պել­լո­յի յու­շար­ձա­նին մօտ, ներ­կա­յու­թեամբ քա­ղա­քա­կան դէմ­քե­րու, հա­մայն­քի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու, գա­ղու­թի բո­լոր յա­րան­ուա­նու­թեանց հո­գե­ւոր առաջ­նորդ­նե­րու եւ աւե­լի քան երեք հա­զար հա­յոր­դի­նե­րու:p8-9 montebello

Օր­ուան հան­դի­սա­վարն էր Արեւմտ­եան Ամե­րի­կա­յի Հայ Դա­տի գրա­սեն­եա­կի գոր­ծա­դիր վա­րիչ Ուիլի­ըմ Պայ­րամ­եան, որ յա­ջոր­դա­բար բեմ հրա­ւի­րեց յու­շա­հան­դէ­սի պաշ­տօ­նա­տար հրա­ւիր­եալ­նե­րը, որ­պէս­զի իրենց խօս­քը եւ պատ­գա­մը փո­խան­ցեն ներ­կա­նե­րուն: Ելոյթ ու­նեն­ցաւ Հ.Հ. գլխա­ւոր հիւ­պա­տոս Գրի­գոր Յով­հան­նիս­եան, որ կա­րե­ւո­րու­թեամբ անդ­րա­դար­ձաւ Թուրք­իոյ կա­ռա­վա­րու­թեան բարձ­րա­ցու­ցած խո­չըն­դոտ­նե­րուն` ար­գելք հան­դի­սա­նա­լու հա­մար հա­յու­թեան առա­ջըն­թա­ցին: Հիւ­պա­տո­սը շեշ­տեց, որ այդ բո­լո­րը հաս­տա­տօ­րէն ապար­դիւն պի­տի անց­նին:

Մի­աց­եալ մար­մի­նի ան­դամ, Հայ­կա­կան մի­աց­եալ ֆոն­տի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Յա­րութ Սա­սուն­եան ներ­կա­յա­ցուց օր­ուան գլխա­ւոր բա­նա­խօ­սը` Բրի­տան­իոյ քա­ղա­քա­ցի, մի­ջազ­գա­յին իրա­ւա­բան եւ դա­տա­ւոր, Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան մի­ջազ­գա­յին ճա­նաչ­ման կողմ­նա­կից, Մարդ­կա­յին իրա­ւանց օրէն­քի դա­սա­խօս Ճեֆ­րի Ռո­պըրթ­սը­նի հա­կիրճ կեն­սագ­րա­կա­նը, որ Լոս Ան­ճե­լըս ժա­մա­նած էր Մի­աց­եալ մար­մի­նին յա­տուկ հրա­ւէ­րով, եւ ապա բեմ հրա­ւի­րեց զայն, որ­պէս­զի փո­խան­ցէ իր պատ­գա­մը:  Օր­ուան բա­նա­խօս Ճեֆ­րի Ռո­պըրթ­սըն ամ­փոփ ձե­ւով խօ­սե­ցաւ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան իր կա­տա­րած հե­տա­զօ­տու­թիւն­նե­րուն մա­սին` շեշ­տե­լով մարդ­կա­յին իրա­ւունք­նե­րու ոտ­նա­հար­ման փաս­տա­ցի իրա­կա­նու­թիւն­նե­րը եւ ապա կա­րե­ւո­րե­լով այն ճշմա­րիտ իրո­ղու­թիւնը, թէ`կա­րե­լի չէ նե­րել թուր­քին, առանց Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման եւ ար­դա­րա­հա­տուց­ման: Ապա յա­ջոր­դա­բար ելոյթ ու­նե­ցան հրա­ւիր­եալ­նե­րու շար­քէն ամե­րիկ­եան քա­ղա­քա­կան ան­ձինք, որոնք ցա­ւակ­ցե­լէ ետք ներ­կա­նե­րուն, վստա­հե­ցու­ցին Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան իրո­ղու­թիւնը եւ թէ իրենք հայ գա­ղու­թի կող­քին պի­տի պայ­քա­րին, մին­չեւ որ Ամե­րիկ­եան կա­ռա­վա­րու­թիւնը ճանչ­նայ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան փաս­տա­ցի իրո­ղու­թիւնը: Քա­ղա­քա­կան դէմ­քե­րու շար­քին էին Լոս Ան­ճե­լը­սի քա­ղա­քա­պետ Ան­թոնիօ Վի­ա­րայ­կո­սա, նա­հան­գա­յին կրթա­կան վե­րահս­կիչ Թամ Թոր­լաք­սըն, նա­հան­գի ելեւ­մուտ­քի ընդ­հա­նուր վե­րահս­կիչ Ճան Չի­էնկ, նա­հան­գա­յին խորհր­դա­րա­նի ան­դամ Մայք Կա­թօ, Լոս Ան­ճե­լըս քա­ղա­քի իրա­ւա­բան Գար­մէն Թրու­թե­նիչ եւ Լոս Ան­ճե­լը­սի քա­ղա­քա­պե­տա­կան խոր­հուր­դի ան­դամ­ներ Ուեն­տի Կրուլ եւ Փօլ Գրի­գոր­եան, ինչ­պէս նա­եւ` քա­ղա­քա­կան այլ դէմ­քեր:

 

ԼԻ­ԲԱ­ՆԱՆ

 

p8-9 lib3Աւե­լի քան յի­սուն հա­զար լի­բա­նա­նա­հա­յե­րու պատ­գամ փո­խան­ցող եւ յար­գանք պար­տադ­րող քայ­լար­շաւ-պա­հան­ջա­տի­րա­կան երթ մը, կա­տար­ուե­ցաւ Ապ­րիլ 24-ին, Սփիւռ­քա­հա­յու­թեան սիր­տը հան­դի­սա­ցող Պուրճ Հա­մու­տէն Նա­հա­տա­կաց Հրա­պա­րակ: Շուրջ ժամ մը ետք լի­բա­նա­նա­հա­յու­թեան քայ­լար­շաւ-պա­հան­ջա­տի­րա­կան եր­թը հա­սաւ Նա­հա­տա­կաց հրա­պա­րակ, ուր ըն­թացք առաւ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 98-ամ­եա­կի ոգե­կոչ­ման պաշ­տօ­նա­կան բա­ժի­նը: Քայ­լար­շա­ւին մաս­նա­կից­նե­րը եռա­գոյն­նե­րուն կող­քին բարձ­րա­ցու­ցած էին պաս­տառ­ներ` ոչ միայն հա­յու­թեան, այլ նա­եւ հա­մայն մարդ­կու­թեան դէմ  Թուրք­իոյ գոր­ծած ահա­ւոր ոճի­րը  դա­տա­պար­տող, անոր ժխտո­ղա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թիւնը մեր­ժող, Մու­շը, Կա­րի­նը, Ար­տա­հա­նը եւ Արեւմ­տա­հա­յաս­տա­նի իւ­րա­քան­չիւր թիզ հո­ղը պա­հան­ջող, լի­բա­նան­ցի­նե­րուն յի­շեց­նող, որ ոճ­րա­գործ թուր­քին եա­թա­ղա­նը նա­եւ հա­սած էր Լի­բա­նան: Քայ­լար­շաւ-ոգե­կոչ­ման հան­դի­սու­թիւնը վերջ գտաւ “Սար­դա­րա­պատ“ յաղ­թեր­գով:

Օր մը առաջ, լի­բա­նա­նա­հայ երի­տա­սար­դու­թիւնը` իր երի­տա­սար­դա­կան, ու­սա­նո­ղա­կան եւ սկաու­տա­կան կա­ռոյց­նե­րով մի­աս­նա­բար Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 98-ամ­եա­կի պատ­գա­մը փո­խան­ցեց եւ վե­րա­նո­րո­գեց իր ուխ­տը` շա­րու­նա­կե­լու պայ­քա­րը մի­ա­կամ շար­քե­րով եւ հաս­տա­տա­կամ մօ­տե­ցու­մով: Հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան հա­րիւ­րամ­եա­կի Լի­բա­նա­նի կեդ­րո­նա­կան մար­մի­նին, եւ ներ­կա­յու­թեամբ հայ քա­ղա­քա­կան կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն, երես­փո­խան­նե­րու եւ նա­խա­րար­նե­րու, պատ­կան մար­մին­նե­րու եւ միու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն եւ աւե­լի քան եր­կու հա­զար հա­յոր­դի­նե­րու, Մայ­րա­վան­քին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ հսկու­մի երե­կոն: Լի­բա­նա­նա­հայ սկաու­տա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու շե­փո­րա­խում­բե­րու մուտ­քի նուա­գէն ետք, հո­գե­ւոր պե­տե­րու գլխա­ւո­րու­թեամբ տե­ղի ու­նե­ցաւ մէ­կու­կէս միլի­ոն նա­հա­տակ­նե­րու յի­շա­տա­կին հո­գե­հանգստ­եան արա­րո­ղու­թիւն:

 

ԻՐԱՆ

 

Հա­զա­րա­ւոր պա­հան­ջա­տէր հա­յոր­դի­ներ հա­մախմբ­ուե­ցան Թեհ­րա­նի Սուրբ Սար­գիս եկե­ղեց­ւոյ շրջա­փա­կին եւ յա­րա­կից պո­ղո­տա­յին մէջ, ուր մա­տուց­ուե­ցաւ պա­տա­րագ, որուն ըն­թաց­քին քա­րո­զեց Թեհ­րա­նի հա­յոց թե­մի առաջ­նորդ Սե­պուհ արք. Սար­գիս­եան: Առաջ­նորդ սրբա­զա­նը կար­դաց Ամե­նայն հա­յոց Գա­րե­գին Բ. կա­թո­ղի­կո­սի եւ Մե­ծի Տանն Կի­լիկ­իոյ Արամ Ա. կա­թո­ղի­կո­սի մի­աց­եալ յայ­տա­րա­րու­թիւնը` Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100-ամ­եա­կին առի­թով, ապա սկսաւ ժո­ղովր­դա­յին լուռ քայ­լար­շա­ւը` դէ­պի Թուրք­իոյ դես­պա­նա­տուն: Բազ­մա­հա­զար թեհ­րա­նա­հա­յեր բռունցք­նե­րը ուղ­ղած դէ­պի դես­պա­նա­տուն կը վան­կար­կէ­ին Մահ Թուրք­իոյ ֆա­շա­կան կա­ռա­վա­րու­թեան կար­գա­խօ­սը:p8-9 tavriz

Նոյն օրը Թեհ­րա­նի “Արա­րատ“ մար­զամ­շա­կու­թա­յին հա­մա­լի­րի “Սա­սուն­ցի Դա­ւիթ“ սրա­հին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ ոգե­կոչ­ման ձեռ­նարկ: Գոր­ծադր­ուե­ցաւ գե­ղար­ուես­տա­կան յայ­տա­գիր, ապա խօսք առաւ օր­ուան բա­նա­խօ­սը` լի­բա­նա­նա­հայ ազ­գա­յին-հա­սա­րա­կա­կան գոր­ծիչ, Ազ­գա­յին Լե­ւոն եւ Սոֆ­իա Յա­կոբ­եան քո­լէճի տնօ­րէն, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի “Մար­զիկ“ պաշ­տօ­նա­թեր­թի գլխա­ւոր խմբա­գիր Վի­գէն Աւագ­եան:

Միւս կող­մէ, Նոր Ջու­ղա­յի Սուրբ Ստե­փա­նոս եկե­ղեց­ւոյ մէջ, նա­խա­գա­հու­թեամբ Սպա­հա­նի հա­յոց թե­մի առաջ­նորդ Բաբ­գէն եպս. Չար­եա­նի, տե­ղի ու­նե­ցաւ հսկու­մի արա­րո­ղու­թիւն: Այ­նու­հե­տեւ խորհր­դա­ւոր լռու­թեան եւ լոյ­սե­րու ներ­քեւ տե­ղի ու­նե­ցաւ մո­մե­րով եր­թը եւ ներ­կա­նե­րը քա­լե­ցին դէ­պի Սուրբ Ամե­նափր­կիչ վանք, ուր տե­ղի ու­նե­ցաւ բո­ղո­քի հան­րա­հա­ւաք: Ապ­րիլ 24-ի առա­ւօտ­եան, Սուրբ Ամե­նափր­կիչ վան­քի շրջա­փա­կին մէջ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան յու­շար­ձա­նին մօտ տե­ղի ու­նե­ցաւ հո­գե­հանգստ­եան արա­րո­ղու­թիւն եւ ծաղ­կեպ­սակ­նե­րու զե­տե­ղում, ապա սկիզբ առաւ բո­ղո­քի քայ­լար­շա­ւը:

Ատր­պա­տա­կա­նի հա­յոց թե­մի հա­յա­շատ եր­կու քա­ղաք­նե­րուն մէջ` Թաւ­րիզ եւ Ուրմ­իա մա­տուց­ուե­ցան Ս. պա­տա­րագ­ներ, ինչ­պէս նա­եւ տե­ղի ու­նե­ցան հո­գե­հանգստ­եան պաշ­տօն­ներ ու ծաղ­կե­մա­տոյց, նա­հա­տա­կաց յի­շա­տա­կին կանգ­նեց­ուած զոյգ յու­շար­ձան­նե­րուն առ­ջեւ: Թաւ­րի­զի Լի­լա­ւա թա­ղի Սուրբ Սար­գիս եկե­ղեց­ւոյ մէջ պա­տա­րա­գեց, քա­րո­զեց ու ապա հո­գե­հանգստ­եան արա­րո­ղու­թեան նա­խա­գա­հեց Ատր­պա­տա­կա­նի հա­յոց թե­մի առաջ­նորդ Գրի­գոր ծ. վրդ. Չիֆթճ­եան: Իսկ Ուրմ­իոյ մէջ Ս. պա­տա­րա­գը մա­տու­ցեց եւ քա­րո­զեց շրջա­նի ծխա­տէր Ներ­սէս քհնյ. Պա­սիլ­եան:

Հա­ւա­տաց­եալ­նե­րուն բազ­մու­թիւնը կա­նուխ ժա­մե­րէն լե­ցու­ցած էր եկե­ղե­ցի­նե­րը եւ անոնց շրջա­փա­կե­րը` աղօթ­քով, մո­մա­վա­ռու­թեամբ եւ պա­տա­րա­գին մաս­նակ­ցու­թեամբ իր յար­գան­քի տուր­քը ըն­ծա­յե­լու մեր ան­մեղ նա­հա­տակ­նե­րուն:Պա­տա­րա­գէն ետք, թե­մա­կալ առաջ­նոր­դին գլխա­ւո­րու­թեամբ, թա­փօ­րը յա­ռա­ջա­ցաւ դէ­պի նա­հա­տա­կաց յու­շար­ձան, ուր կա­տար­ուե­ցաւ հո­գե­հանգստ­եան արա­րո­ղու­թիւն: Ուրմ­իոյ մէջ նոյն օրը Սուրբ Ստե­փա­նոս եկե­ղեց­ւոյ շրջա­փա­կին մէջ կանգ­նած Ապ­րիլ­եան նա­հա­տա­կաց յու­շար­ձա­նին առ­ջեւ կա­տար­ուե­ցաւ ծաղ­կե­մա­տոյց, եւ ապա “Արամ Մա­նուկ­եան“ սրա­հին մէջ` ոգե­կոչ­ման ձեռ­նարկ:

 

ԱՐ­ԺԱՆ­ԹԻՆ

 

Չո­րեք­շաբ­թի, Ապ­րիլ 24-ի երե­կոյ­եան, Ար­ժան­թի­նի մայ­րա­քա­ղաք` Պուէ­նոս Այ­րէ­սի հա­յու­թիւնը ըն­դա­ռա­ջեց հա­մայն­քի երի­տա­սար­դա­կան միու­թիւն­նե­րու նա­խա­ձեռ­նու­թեան, որ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 98-ամ­եա­կի առի­թով կազ­մա­կեր­պած էր քայ­լար­շաւ մը դէ­պի Թուրք­իոյ Դես­պա­նա­տուն: Հոծ բազ­մու­թիւն մը ներ­կայ գտնուե­ցաւ Պուէ­նոս Այ­րէ­սի Իրա­ւա­բա­նու­թեան Պե­տա­կան Հա­մալ­սա­րա­նի մուտ­քին, ուր­կէ ջա­հե­րով,  պաս­տառ­նե­րով եւ դրօ­շակ­նե­րով ուղղ­ուե­ցաւ դէ­պի Թուրք­իոյ Դես­պա­նա­տուն, մինչ երի­տա­սարդ­նե­րը բարձ­րա­խօս­նե­րով կ’ար­տա­յայ­տէ­ին պա­հան­ջա­տի­րա­կան լո­զունգ­ներ:

Թա­փօ­րը ոս­տի­կա­նու­թեան ներ­կա­յու­թեամբ շրջա­պատ­ուած Դես­պա­նա­տան առ­ջեւ հաս­նե­լով, տեղ­ւոյն վրայ տե­ղի ու­նե­ցաւ ձեռ­նարկ մը, յի­շա­տա­կե­լով 1915/23 թուա­կան­նե­րուն Թուրք­իոյ կող­մէ գոր­ծադր­ուած Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան աւե­լի քան 1.500.000 նա­հա­տակ­նե­րը:

Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100ամ­եա­կի նա­խօր­եա­կին, Թուրք­իոյ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րէն պա­հանջ­ուե­ցաւ ճա­նա­չում` իր գոր­ծադ­րած ոճի­րին եւ հա­տու­ցում` հայ ազ­գի իրա­ւունք­նե­րուն:

Խա­ղա­ղու­թեան Նո­պել­եան մրցա­նա­կա­կից` Ատոլ­ֆօ Փէ­րէս Էս­քի­վէլ, ող­ջոյ­նի գրու­թիւն մը ու­ղար­կած էր ներ­կա­նե­րուն, ցաւ յայտ­նե­լով որ կամ­քէ ան­կախ պատ­ճառ­նե­րով բա­ցա­կայ կը գտնուէր սոյն մի­ջո­ցառ­ման, նշե­լով թէ Ապ­րիլ 24ը խտրա­կա­նու­թեան ու ան­պատ­ժե­լիու­թեան դէմ պայ­քա­րե­լու թուա­կան մըն է, որոնք ոչ միայն Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան պատ­ճառ դար­ձած էին, այլ նա­ե՛ւ սար­սա­փե­լի այլ ոճիր­նե­րու: Իր պատ­գա­մի վեր­ջին բաժ­նին մէջ, Փէ­րէս Էս­քի­վէլ կը յայտ­նէր. Լրջօ­րէն կաջակ­ցիմ ձեր պայ­քա­րին: Ու թէ­եւ ցաւ ի սիրտ այ­սօր չի կա­րո­ղա­ցայ ձեր մօտ ըլ­լալ, հա­ւա­տա­ցէք որ իմ սիրտս ձեր կող­քին կը գտնուի:

 

ՖՐԱՆ­ՍԱ

 

p8-9 paris2  Ապ­րիլ 24-ին, Փա­րի­զի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նի հան­դի­սու­թիւն­նե­րու սրա­հին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան զո­հե­րու յի­շա­տա­կին նուիր­ուած աւան­դա­կան ձեռ­նար­կը: Քա­ղա­քա­պետ Պերթ­րան Տը­լա­նո­յէ ար­տա­սա­նեց բաց­ման խօս­քը, որուն մէջ նշեց կա­րե­ւո­րու­թիւնը ժխտո­ղա­կա­նու­թեան դէմ պայ­քա­րի յա­ջո­ղու­թեան: Ան ընդգ­ծեց, որ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ժխտու­մը քրէ­ա­կա­նաց­նող օրէն­քը պէտք է վեր­ջա­պէս ըն­դուն­ուի: Քա­ղա­քա­պե­տը նա­եւ շեշ­տեց ֆրան­սա­հա­յե­րու ու­նե­ցած անգ­նա­հա­տե­լի ներդ­րու­մը Փա­րի­զի պատ­մու­թեան ըն­թաց­քին, մաս­նա­ւո­րա­բար` Փա­րի­զի ազա­տագր­ման հա­մար պայ­քար մղած Մի­սաք Մա­նուշ­եա­նի խում­բին ներդ­րու­մը‘ իբ­րեւ հայ-ֆրան­սա­կան եղ­բայ­րու­թեան պատ­մա­կան դրսե­ւո­րում­նե­րէն մէ­կը: Յա­ջոր­դա­բար խօսք առին ֆրան­սա­հայ կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու հա­մա­կարգ­ման խոր­հուր­դի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րը եւ Ֆրան­սա­յի մէջ Հա­յաս­տա­նի դես­պա­նը:  Յի­շա­տա­կի ձեռ­նար­կին մաս­նակ­ցե­ցան Ֆրան­սա­յի մայ­րա­քա­ղա­քի քա­ղա­քա­յին իշ­խա­նու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, երես­փո­խան­ներ, ծե­րա­կու­տա­կան­ներ, բազ­մա­թիւ քա­ղա­քա­կան եւ մշա­կու­թա­յին գոր­ծիչ­ներ, յայտ­նի ան­հատ­ներ, հա­րիւ­րա­ւոր ֆրան­սա­ցի­ներ եւ ֆրան­սա­հա­յեր:

Ապ­րիլ 23-ին Փա­րի­զի հան­րահռ­չակ Աստ­ուա­ծա­մօր տա­ճա­րին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ Ս. պա­տա­րագ` Ֆրան­սա­յի Հայ կա­թո­ղի­կէ եկե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր հո­վիւ Յով­հան­նէս եպս. Թէյ­րուզ­եա­նի նա­խա­գա­հու­թեամբ:

ՅՈՒ­ՆԱՍ­ՏԱՆ

 

p8-9 salonikԱպ­րիլ 23-.ին, Աթէն­քի Սուրբ Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ եկե­ղեց­ւոյ մէջ  հսկու­մի արա­րո­ղու­թիւն կա­տար­ուե­ցաւ:  Հսկու­մին հան­դի­սա­պե­տեց Յու­նա­հա­յոց թե­միս առաջ­նորդ Գերշ. Տ. Խո­րէն եպս. Տող­րա­մաճ­եան, իր կող­քին ու­նե­նա­լով Տէր Նա­րեկ Շա­հին­եան եւ Տէր Պա­րէտ Խա­չեր­եան քա­հա­նայ հայ­րե­րը, ինչ­պէս եւ Աթէն­քի եկե­ղեց­ւոյ դպիր­նե­րը: Հսկու­մի արա­րո­ղու­թեան ներ­կայ գտնուե­ցան վե­րա­պատ­ուե­լի Վի­գէն Չո­լաք­եան, Յու­նա­հա­յոց Ազ­գա­յին Վար­չու­թիւնը, Թա­ղա­յին Խոր­հուր­դի ու Տիկ­նանց Մարմ­նոյ ան­դամ­ներ, միու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ եւ եկե­ղե­ցին լե­ցու­ցած հա­ւա­տաց­եալ­նե­րու ու երի­տա­սարդ­նե­րու թիւ մը: Եկե­ղեց­ւոյ խո­րա­նին առ­ջեւ սգա­բեմ մը կազմ­ուած էր, 1.5 միլի­ոն զո­հե­րու թիւը խորհր­դան­շող մո­մե­րով եւ նու­րե­րով: Հսկու­մի արա­րո­ղու­թեան ըն­թաց­քին կա­տար­ուե­ցաւ գի­շե­րա­յին ժա­մեր­գու­թիւն. ծանր եւ խորհր­դա­ւոր մթնո­լոր­տի մէջ, լսուե­ցան յատ­կա­պէս “Առա­ւօտ լու­սոյ“ն ու “Ան­բա­ժա­նե­լին“ եւ հսկու­մը աւար­տե­ցաւ հո­գե­հան­գիս­տի կա­տա­րո­ղու­թեամբ: Առաջ­նորդ սրբա­զան հայ­րը աս­մուն­քեց Պա­րոյր Սե­ւա­կէն հատ­ուած­ներ: Արա­րո­ղու­թեան աւար­տին, սրբա­զան հօր առաջ­նոր­դու­թեամբ, բո­լոր ներ­կա­նե­րը “Տէր ողորմ­եա“ն եր­գե­ցին եւ մո­մա­վա­ռու­թիւն տե­ղի ու­նե­ցաւ, ապա “Հայր Մեր“ով վերջ գտաւ երե­կոն:

Թե­սա­ղո­նի­կէի Սուրբ Աստ­ուա­ծա­ծին եկե­ղեց­ւոյ մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան զո­հե­րու յի­շա­տա­կին հո­գե­հանգստ­եան արա­րո­ղու­թիւն, Ս. Աստ­ուա­ծա­ծին եկե­ղեց­ւոյ Թա­ղա­յին Խոր­հուր­դի եւ Հայ Դա­տի Յանձ­նա­խում­բի հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեամբ: Պա­տա­րա­գը մա­տու­ցեց Գերշ. Տ. Սա­հակ վրդ. Եմիշ­եան: Յու­նաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան որ­պէս ներ­կա­յա­ցու­ցիչ` նա­խա­րար Թէ­ո­տո­րոս Քա­րա­օղ­լու դա­տա­պար­տեց Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ոճ­րա­գոր­ծու­թիւնը` մարդ­կու­թեան դէմ ոճիր բնո­րո­շե­լով այն: Յատ­կան­շա­կա­նօ­րէն ան ըսաւ թէ կա­րե­լի չէ մար­դոց դա­սա­կար­գել լեզ­ուի, կրօն­քի եւ մշա­կոյ­թի մի­ջեւ տար­բե­րու­թիւն­նե­րու հի­մամբ: Մեր պարտքն է պաշտ­պա­նել Հան­րա­պե­տու­թիւնը եւ պայ­քա­րիլ բո­լոր այն երե­ւոյթ­նե­րուն դէմ, որ բռնու­թիւն եւ ամ­բող­ջա­տի­րու­թիւն կը պար­տադ­րեն: Ան աւել­ցուց թէ ներ­կայ պայ­ման­նե­րուն տակ մեր ըն­կե­րու­թիւնը շեշտ­ուած կեր­պով պէտք ու­նի հա­մե­րաշ­խու­թեան: Այդ­պէս ու­րեմն, մեր այ­սօր­ուայ ներ­կա­յու­թիւնը իւ­րա­յա­տուկ կեր­պով` “Չեմ մոռ­նարեւԵր­բե՛ք դարձ­եալպատ­գամ­նե­րը կը փո­խան­ցէ ըսաւ նա­խա­րա­րը:

 

ՍՊԱՆ­ԻԱ

 

Պար­սե­լո­նա­յի հա­մայն­քը Ապ­րիլ 24-ին ոգե­կո­չեց Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 98-րդ տա­րե­լի­ցը: Ձեռ­նար­կը տե­ղի ու­նե­ցաւ կազ­մա­կեր­պու­թեամբ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան դես­պա­նու­թեան, Քա­թա­լոն­իոյ մէջ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան պա­տուոյ հիւ­պա­տո­սու­թեան, Հա­յաս­տան­եայց առա­քե­լա­կան եկե­ղեց­ւոյ խոր­հուր­դին եւ Պար­սե­լո­նա­յի Հայ­կա­կան մշա­կու­թա­յին միու­թեան:p8-9 Barcelona

Ող­ջոյ­նի խօս­քով հան­դէս եկաւ Սպան­իոյ Թա­գա­ւո­րու­թեան մէջ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան գոր­ծե­րու  հա­ւա­տար­մա­տար Խո­րէն Տէր­տէր­եան: Ան ներ­կա­յա­ցուց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան մա­սին պատ­մա­կան որոշ տե­ղե­կու­թիւն­ներ, խօ­սե­ցաւ երիտ թուր­քե­րու քա­ղա­քա­կա­նու­թեան մա­սին եւ անդ­րա­դար­ձաւ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան մի­ջազ­գա­յին ճա­նա­չու­մին:

Խօսք առաւ Քա­թա­լոն­իոյ ներ­գաղ­թի եւ ըն­տա­նիք­նե­րու բա­րե­կե­ցու­թեան միջ­գե­րա­տես­չա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու վար­չու­թեան քար­տու­ղար Մար­իա Ռո­սա Ֆոր­տու­նի: Ան նա­եւ կար­դաց Դանի­էլ Վա­րու­ժա­նի բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­նե­րէն քա­նի մը ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­ներ:

Խօսք առին նա­եւ Քա­թա­լոն­իոյ մէջ Հա­յաս­տա­նի պա­տուոյ հիւ­պա­տոս Խուան Սան­մար­թին Խիլ եւ Քա­թա­լոն­իոյ աստ­ուա­ծա­բա­նու­թեան բա­ժան­մուն­քի ղե­կա­վար Ար­մանտ Պուճ: Օր­ուան պատ­գա­մը փո­խան­ցեց Պար­սե­լո­նա­յի Հայ­կա­կան մշա­կու­թա­յին միու­թեան ան­դամ Տա­թեւ Սուլ­եան: Ան իր խօս­քը կեդ­րո­նա­ցուց պա­հան­ջա­տի­րու­թեան ու հա­տուց­ման հանգր­ուա­նին վրայ: Անդ­րա­դարձ կա­տա­րեց նա­եւ Թուրք­իոյ մէջ ըն­թա­ցող ու զար­գա­ցող ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան շար­ժում­նե­րուն:

Միւս կող­մէ, Պար­սե­լո­նա­յի Հայ­կա­կան մշա­կու­թա­յին միու­թեան մի­օր­եայ դպրո­ցը Կի­րա­կի, Ապ­րիլ 21-ին ոգե­կո­չեց Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 98-րդ տա­րե­լի­ցը “Հայ տուն“ին մէջ: Ձեռ­նար­կի ըն­թաց­քին, ներ­կա­նե­րը դի­տե­ցին Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան մա­սին պատ­մող վա­ւե­րագ­րա­կան շար­ժա­պատ­կեր. ունկնդ­րե­ցին նա­եւ բարձր դա­սա­րա­նի աշա­կերտ­նե­րուն կող­մէ ար­տա­սան­ուած բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­ներ:

 

ԲՐԻ­ՏԱՆ­ԻԱ

 

p8-9Great-Britain2  Ապ­րիլ 20-ին, կազ­մա­կեր­պու­թեամբ Բրի­տա­նա­հայ հա­մայն­քա­յին եւ եկե­ղե­ցա­կան խոր­հուր­դի Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման կո­մի­տէի,  Լոն­տո­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 98-ամ­եա­կին նուիր­ուած տա­րե­կան քայ­լար­շա­ւը: Մաս­նա­կից­նե­րը քա­լե­ցին Լոն­տո­նի կեդ­րո­նա­կան փո­ղոց­նե­րէն եւ հա­սան  Հա­մաշ­խար­հա­յին Ա. պա­տե­րազ­մի զո­հե­րու յու­շար­ձա­նին մօտ, ուր ծաղ­կեպ­սակ­ներ զե­տեղ­ուե­ցան: Քայ­լար­շա­ւի աւար­տին կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րը բրի­տա­նա­հայ հա­մայն­քին անու­նով Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման կոչ-նա­մակ յանձ­նե­ցին Մեծն Բրի­տան­իոյ վար­չա­պե­տի գրա­սեն­եա­կին:

Միւս կող­մէ Քար­տի­ֆի (Կա­լէս) Հայ Առա­քե­լա­կան եկե­ղեց­ւոյ ծխա­կան խոր­հուր­դին կազ­մա­կեր­պու­թեամբ, Ապ­րիլ 22-ին տե­ղի ու­նե­ցաւ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան յի­շա­տա­կի ձեռ­նարկ մը: Ձեռ­նար­կը տե­ղի կ՛ու­նե­նար Քար­տի­ֆի Խա­ղա­ղու­թեան տա­ճա­րին մէջ եւ առա­ջինն էր` Կա­լէ­սի եկե­ղեց­ւոյ կող­մէ Ապ­րիլ 24-ը իբ­րեւ Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան զո­հե­րու յի­շա­տա­կի օր ճանչ­նա­լէն ի վեր: Ձեռ­նար­կին մաս­նակ­ցե­ցան եւ խօսք առին հայ հա­մայն­քի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, օտար թէ հայ հո­գե­ւո­րա­կան­ներ եւ այլ հիւ­րեր:

Աւար­տին մաս­նա­կից­նե­րը ծաղ­կեպ­սակ­ներ զե­տե­ղե­ցին Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան զո­հե­րու յի­շա­տա­կին Քար­տի­ֆի մէջ կա­ռուց­ուած խաչ­քա­րին մօտ:

 

ԳԵՐ­ՄԱՆ­ԻԱ

 

p8-9 Germany  Ապ­րիլ 20-ին, Պեր­լի­նի Վիլ­հելմ կայ­սեր ան­ուան Յի­շա­տա­կի եկե­ղեց­ւոյ մա­տու­ռին մէջ` Պեր­լի­նի Հայ­կա­կան դպրո­ցի աշա­կերտ­նե­րը ներ­կա­յա­ցու­ցին գե­ղար­ուես­տա­կան յայ­տա­գիր մը Կո­չեմ ապ­րո­ղաց խո­րա­գի­րով` նուիր­ուած Ցե­ղաս­պա­նու­թեան զո­հե­րուն: Հան­դի­սու­թեան ներ­կայ էին Հայ առա­քե­լա­կան եկե­ղեց­ւոյ Գեր­ման­իոյ թե­մի առաջ­նորդ Գա­րե­գին արք. Պեքճ­եան, Գեր­ման­իոյ մէջ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Հան­րա­պե­տու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Յա­րու­թիւն Գրի­գոր­եան, Պեր­լի­նի մշա­կու­թա­յին միու­թեան ատե­նա­պետ Վարդ­գէս Ալ­ի­ա­նաք, Պեր­լի­նի եկե­ղե­ցա­կան եւ մշա­կու­թա­յին միու­թեան վար­չու­թեան ան­դամ­ներ եւ ծնող­ներ:

 

ՀՈ­ԼԱՆ­ՏԱ

 

Ապ­րիլ 21-ին Ամս­թեր­տա­մի Հայ առա­քե­լա­կան եկե­ղեց­ւոյ վար­չու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ, տեղ­ւոյն “Նիու­վէ Օս­թեր“ յու­շայգի­ին մէջ տե­ղադր­ուած Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան զո­հե­րու յու­շար­ձա­նին մօտ տե­ղի ու­նե­ցաւ Ցե­ղաս­պա­նու­թեան զո­հե­րու յի­շա­տա­կի ոգե­կոչ­ման արա­րո­ղու­թիւն: Արա­րո­ղու­թեան սկիզ­բը ծաղ­կեպ­սակ­ներ զե­տեղ­ուե­ցան յու­շա­կո­թո­ղին առ­ջեւ, ապա Ամս­թեր­տա­մի հո­գե­ւոր հո­վիւ Տա­րօն քհնյ. Թա­դե­ւոս­եան կա­տա­րեց հո­գե­հանգստ­եան կարգ: Ներ­կա­

p8-9Netherlands-  Քայ­լար­շա­ւի աւար­տին կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րը բրի­տա­նա­հայ հա­մայն­քին անու­նով Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման կոչ-նա­մակ յանձ­նե­ցին Մեծն Բրի­տան­իոյ վար­չա­պե­տի գրա­սեն­եա­կին:

Միւս կող­մէ Քար­տի­ֆի (Կա­լէս) Հայ Առա­քե­լա­կան եկե­ղեց­ւոյ ծխա­կան խոր­հուր­դին կազ­մա­կեր­պու­թեամբ, Ապ­րիլ 22-ին տե­ղի ու­նե­ցաւ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան յի­շա­տա­կի ձեռ­նարկ մը: Ձեռ­նար­կը տե­ղի կ՛ու­նե­նար Քար­տի­ֆի Խա­ղա­ղու­թեան տա­ճա­րին մէջ եւ առա­ջինն էր` Կա­լէ­սի եկե­ղեց­ւոյ կող­մէ Ապ­րիլ 24-ը իբ­րեւ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան զո­հե­րու յի­շա­տա­կի օր ճանչ­նա­լէն ի վեր: Ձեռ­նար­կին մաս­նակ­ցե­ցան եւ խօսք առին հայ հա­մայն­քի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, օտար թէ հայ հո­գե­ւո­րա­կան­ներ եւ այլ հիւ­րեր:

Աւար­տին մաս­նա­կից­նե­րը ծաղ­կեպ­սակ­ներ զե­տե­ղե­ցին Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան զո­հե­րու յի­շա­տա­կին Քար­տի­ֆի մէջ կա­ռուց­ուած խաչ­քա­րին մօտ:

 

ՀՈՒՆ­ԳԱՐ­ԻԱ

 

Սե­կետ քա­ղա­քին մէջ բա­ցու­մը կա­տար­ուե­ցաւ Հա­մաշ­խար­հա­յին Ա. պա­տե­րազ­մին ըն­թաց­քին Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան զո­հե­րուն նուիր­ուած յու­շար­ձա­նին: Անի­կա զե­տեղ­ուած է Սե­կե­տի Մայր տա­ճա­րին մօտ` Քրիս­տո­նէ­ա­կան հա­մե­րաշ­խու­թեան այգի­ին մէջ: Բաց­ման ներ­կայ Բա­րի կամ­քի դես­պան Լե­ւոն Սարգս­եան ող­ջու­նեց այս երե­ւոյ­թը եւ յայտ­նեց, որ հա­կա­ռակ Հա­յաս­տա­նի եւ Հուն­գար­իոյ մի­ջեւ դիւա­նա­գի­տա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու խզման` ժո­ղո­վուրդ­նե­րու բա­րե­կա­մու­թիւնը դա­րա­ւոր պատ­մու­թիւն ու­նի: Այս առի­թով նա­մակ յղեց նա­եւ Հուն­գար­իոյ Ար­տա­քին Գոր­ծոց նա­խա­րար Եա­նոշ Մար­թո­նին, որ ըսաւ, թէ եր­կու ժո­ղո­վուրդ­նե­րու բա­րե­կա­մու­թեան հիմ­քին մէջ ընդ­հա­նուր քրիս­տո­նէ­ա­կան հա­ւատքն է եւ նշա­նա­կա­լից ձեռք­բե­րում­նե­րը, զորս Հուն­գար­իոյ մէջ ու­նե­ցած են հա­յե­րը:

 

ՌՈՒ­ՄԱՆ­ԻԱ

 

Քա­նի մը քա­ղաք­նե­րու մէջ, տե­ղի ու­նե­ցան Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան զո­հե­րու յի­շա­տա­կին նուիր­ուած ձեռ­նարկ­ներ, որոնց մաս­նակ­ցե­ցան հա­րիւ­րա­ւոր ռու­մա­նա­հա­յեր, ռու­մա­նա­ցի բարձ­րաս­տի­ճան պաշ­տօն­եա­ներ, մտա­ւո­րա­կան­ներ, ար­ուես­տա­գէտ­ներ եւ ու­սա­նող­ներ: Ցե­ղաս­պա­նու­թեան զո­հե­րու յի­շա­տա­կի ձեռ­նարկ­ներ տե­ղի ու­նե­ցան նա­եւ հա­յաբ­նակ Քոս­թան­ցա, Սու­չա­վա, Պո­թո­շան, Պա­քաու, Եաշ, Քլուժ, Կեռ­լա եւ Տումպ­րա­ւէն քա­ղաք­նե­րուն մէջ, ուր կա­տար­ուե­ցան գիր­քի շնոր­հա­հան­դէս­ներ, ցու­ցա­հան­դէս­ներ եւ ժա­պա­ւէ­նի ցու­ցադ­րու­թիւն­ներ:

Ապ­րիլ 24-ին Պուք­րէ­շի Մի­քա­յէլ եւ Գաբրի­էլ Սուրբ Հրեշ­տա­կա­պե­տաց եկե­ղեց­ւոյ մէջ կա­տար­ուե­ցաւ յի­շա­տա­կի հո­գե­հան­գիստ, ուր Ռու­ման­իոյ հա­յոց թե­մի առաջ­նորդ Տա­թեւ եպս. Յա­կոբ­եա­նի կող­քին ներ­կայ էին ռու­մա­նա­ցի ուղ­ղա­փառ, կա­թո­ղի­կէ, ղպտի ուղ­ղա­փառ եւ քալ­վի­նա­կան բո­ղո­քա­կան եկե­ղե­ցի­նե­րուն ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը: Հո­գե­հան­գիս­տի աւար­տին ծաղ­կեպ­սակ­ներ զե­տեղ­ուե­ցան Մեծ եղեռ­նի զո­հե­րու յի­շա­տա­կին նուիր­ուած խաչ­քար-յու­շար­ձա­նին առ­ջեւ: Կար­դաց­ուե­ցաւ նա­եւ Հա­յաս­տա­նի դես­պա­նին խօս­քը, որուն մէջ ան շնոր­հա­կա­լու­թիւն կը յայտ­նէր բո­լոր այն կա­ռա­վա­րու­թիւն­նե­րուն եւ խորհր­դա­րան­նե­րուն, որոնք ճանչ­ցած են Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը եւ կը շա­րու­նա­կեն պայ­քար մղել մար­դատ­եա­ցու­թեան ու ցե­ղա­յին խտրա­կա­նու­թեան դրսե­ւո­րում­նե­րուն դէմ: Ան նա­եւ ող­ջու­նեց բո­լոր այն մտա­ւո­րա­կան­նե­րը, որոնք ար­դա­րու­թիւն կը պա­հան­ջեն, ինչ­պէս նա­եւ թուրք հա­սա­րա­կու­թիւնը, որ օրէ օր կը բարձ­րաց­նէ իր բո­ղո­քի ձայ­նը` իշ­խա­նու­թիւն­նե­րէն պա­հան­ջե­լով վե­րա­տե­սու­թեան են­թար­կել երկ­րին սե­փա­կան պատ­մու­թիւնը: Արա­րո­ղու­թե­նէն ետք տե­ղի ու­նե­ցաւ ար­տօն­ուած երթ, որուն ըն­թաց­քին ռու­մա­նա­հա­յե­րը Հա­յաս­տա­նի դրօշ­նե­րով եւ ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը դա­տա­պար­տող պաս­տառ­նե­րով ուղղ­ուե­ցան դէ­պի Պուք­րէ­շի կեդ­րոն Յե­ղա­փո­խու­թեան հրա­պա­րակ, հա­ւաք­ուած­նե­րուն եւ ան­ցորդ­նե­րուն բաժ­նե­լով ցե­ղաս­պա­նու­թեան մա­սին պատ­մող թռու­ցիկ­ներ: Իսկ երե­կոյ­եան տե­ղի ու­նե­ցաւ յի­շա­տա­կի ձեռ­նարկ` Հա­յոց միու­թեան մշա­կոյ­թի կեդ­րո­նին կազ­մա­կեր­պու­թեամբ:

Ապ­րիլ 23-ին Ռու­ման­իոյ խորհր­դա­րա­նի Երես­փո­խան­նե­րու տան մէջ երես­փո­խան, Ռու­ման­իոյ ազ­գա­յին փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րու խում­բի ղե­կա­վար Վա­րու­ժան Փամ­բուքճ­եան կա­տա­րեց Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը դա­տա­պար­տող յայ­տա­րա­րու­թիւն մը, որուն յա­ջոր­դեց նիս­տը վա­րող Երես­փո­խան­նե­րու տան փոխ­նա­խա­գահ Էդ­ուարտ Հել­վի­կի դրա­կան ար­ձա­գան­գը:

 

ՊՈՒԼ­ԿԱՐ­ԻԱ

 

Ապ­րիլ 19-ին Վառ­նա­յի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նի նիս­տե­րու սրա­հին մէջ ցու­ցադր­ուե­ցաւ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան նուիր­ուած գեր­մա­նա­ցի վա­ւե­րագ­րող Էրիք Ֆրիտ­լե­րի “Աղէտ“ ժա­պա­ւէ­նը: Ապա, Ապ­րիլ 24-ին, տեղ­ւոյն Սուրբ Սար­գիս հայ­կա­կան եկե­ղեց­ւոյ մէջ մա­տուց­ուե­ցաւ  պա­տա­րագ Վառ­նա­յի հո­գե­ւոր հո­վիւ ար­ժա­նա­պա­տիւ  Բար­թու­ղի­մէ­ոս քհնյ. Յա­կոբ­եա­նի ձե­ռամբ: Իսկ երե­կոյ­եան տե­ղի ու­նե­ցաւ հո­գե­հանգստ­եան կարգ, որ­մէ ետք Վառ­նա­յի հայ երի­տա­սարդ­նե­րը ներ­կա­յա­ցու­ցին իրենց պատ­րաս­տած գե­ղար­ուես­տա­կան յայ­տա­գի­րը: Այ­նու­հե­տեւ տե­ղի ու­նե­ցաւ սու­գի երթ դէ­պի Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան յու­շա­կո­թո­ղը:

Մայ­րա­քա­ղաք Սոֆ­իա­յի մէջ, Պուլ­կար­իոյ մէջ Հա­յաս­տա­նի դես­պան Ար­սէն Սհոյ­եան, Հայ առա­քե­լա­կան եկե­ղեց­ւոյ առաջ­նոր­դա­կան տե­ղա­պահ Աբ­գար քհնյ. Յո­վա­կիմ­եան, դես­պա­նու­թեան անձ­նա­կազ­մը եւ պուլ­կա­րա­հայ հա­մայն­քի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ ծաղ­կեպ­սակ­ներ զե­տե­ղե­ցին Սոֆ­իոյ հայ­կա­կան գե­րեզ­մա­նա­տան` Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան զո­հե­րու յի­շա­տա­կին նուիր­ուած յու­շար­ձա­նին: Այս արա­րո­ղու­թեան յա­ջոր­դեց հո­գե­հանգստ­եան սուրբ պա­տա­րագ, որ մա­տուց­ուե­ցաւ Սոֆ­իոյ Ս.  Աստ­ուա­ծա­ծին եկե­ղեց­ւոյ մէջ:

 

ՈՒՔ­ՐԱ­ՅԻ­ՆԱ

 

Ուք­րա­յի­նա­յի մէջ Հա­յաս­տա­նի դես­պա­նու­թեան, տեղ­ւոյն հա­յե­րու միու­թեան եւ Քի­ե­ւի հայ հա­մայն­քի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ, Ապ­րիլ 22-ին Ուք­րա­յի­նա­յի գի­տու­թիւն­նե­րու ազ­գա­յին ակա­դեմ­իա­յի քա­ղա­քա­գի­տու­թեան եւ ազ­գագ­րա­կան հիմ­նար­կին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ կլոր սե­ղան` “1915 թուա­կա­նի Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը. առանց մո­ռա­ցու­թեան իրա­ւուն­քի նիւ­թով:

Կլոր սե­ղա­նին մաս­նակ­ցե­ցան տեղ­ւոյն խորհր­դա­րա­նի վեց երես­փո­խան­ներ` իշ­խող եւ ընդ­դի­մա­դիր խմբակ­ցու­թիւն­նե­րէն, գի­տա­կան, ակա­դե­մա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու, քա­ղա­քա­կան, հա­սա­րա­կա­կան, մշա­կու­թա­յին կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու, զանգ­ուա­ծա­յին լրատ­ուա­մի­ջոց­նե­րու, հայ հա­մայն­քի, ազ­գա­յին փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րու, ցե­ղաս­պա­նու­թեան, մի­ջազ­գա­յին եւ մարդ­կա­յին իրա­ւունք­նե­րու նշա­նա­ւոր մաս­նա­գէտ­ներ եւ այլ մար­զե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ: Հա­յաս­տա­նի դես­պան Անդ­րա­նիկ Մա­նուկ­եան իր ու­ղեր­ձին մէջ անդ­րա­դար­ձաւ հայ ժո­ղո­վուր­դի պատ­մու­թեան ամէ­նէն մռայլ էջին եւ նշեց, որ ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100-ամ­եա­կին ըն­դա­ռաջ ստեղծ­ուած կա­ռա­վա­րա­կան յանձ­նա­խում­բը, ինչ­պէս նա­եւ Հա­յաս­տա­նը սփիւռ­քի հետ մի­ա­սին պի­տի շա­րու­նա­կեն աշ­խա­տանք­նե­րը` հաս­նե­լու պատ­մա­կան ար­դա­րու­թեան: Հա­յաս­տա­նի դես­պա­նը իր խոր երախ­տա­գի­տու­թիւնը յայտ­նեց Ուք­րան­իոյ եւ ուք­րա­նա­ցի­նե­րուն` ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն վե­րապ­րած­նե­րէն մաս մը հիւ­րըն­կա­լե­լու հա­մար: Կլոր սե­ղա­նին մաս­նա­կից­նե­րը շեշ­տե­ցին, որ Ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը սար­սա­փե­լի ոճիր մըն է ոչ միայն հայ ժո­ղո­վուր­դի, այ­լեւ ամ­բողջ մարդ­կու­թեան նկատ­մամբ, եւ անոր մի­ջազ­գա­յին ճա­նա­չումն ու դա­տա­պար­տու­մը նոր հա­ւա­նա­կան ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­նե­րու լա­ւա­գոյն մի­ջոց­նե­րէն մէկն է:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles