ՄԵ­ՆԱ­ՒՈՐ ԿԻ­ՍԱՆԴՐԻՆ

0 0
Read Time:11 Minute, 53 Second

 

p15 a ՄԱ­ԹԻԿ ԷՊ­ԼԻ­ՂԱ­ԹԵԱՆ

 

Ուր­բաթ, Ապ­րիլ 12, 2013-ին, Մե­ծի Տանն Կի­լիկ­իոյ Սուրբ Աթո­ռի վե­հա­րա­նի դահ­լի­ճին մէջ, հան­դի­սա­պե­տու­թեամբ Արամ Ա. կա­թո­ղի­կո­սին,  շուրջ եր­կու ժամ տե­ւո­ղու­թեամբ ներ­կա­նե­րը ան­մահ պա­հեր ապ­րե­ցան եր­կու եղ­բայ­րա­ցած կա­թո­ղի­կոս­նե­րու յի­շա­տա­կի ոգե­կո­չու­մին, ձեռ­նար­կին ըն­թաց­քին զու­գա­հե­ռա­բար  մտա­պատ­կե­րիս պաս­տա­ռին վրայ կան­գուն էր աղէտ­եալ Հա­լէ­պի մեր պաշ­տե­լի կրթա­կան օր­րա­նին` Ազ­գա­յին Քա­րէն Եփ­փէ Ճե­մա­րա­նի շրջա­փա­կին մէջ, Զա­րեհ Ա. կա­թո­ղի­կո­սին մե­նա­ւոր կի­սանդ­րին:

Զա­րեհ Ա. կա­թո­ղի­կո­սի երկ­րա­ւոր կեան­քի (1915-1963) տա­րի­նե­րուն հա­ւա­սար է իր ԱՊ­ՐՈՂ կի­սանդ­րին, (1965-2013), քա­ռա­սու­նու­թը տա­րի­ներ, կանգ­նած այն­տեղ, ուր ան հիմ­նեց Սփիւռ­քի մե­ծա­գոյն կրթօ­ճախ­նե­րէն մին:

Հսկա­նե­րը կ՛ապ­րին իրենց գոր­ծե­րով, Զա­րեհ Ա. Վե­փա­փառն ալ ան­մահ է իր հաս­տա­տած ու­սում­նա­րա­նին մէջ, երբ ամէն արե­ւա­ծա­գին կ՛ող­ջու­նէ աւե­լի քան հա­զար հա­յոր­դի­նե­րու մուտ­քը միտ­քի հզօր դարբ­նո­ցէն ներս:

Հի­մա մի­նակ է կի­սանդ­րին, ար­ցունք կայ ան­շունչ ար­ձա­նի աչ­քե­րուն մէջ, կը փնտռէ իր սի­րած ճե­մա­րա­նա­կան­նե­րը:

***

Ճեմարանի Գ. Կարգի աշակերտ-աշակերտուհիները Սրբազան Հօր հետ
Ճեմարանի Գ. Կարգի աշակերտ-աշակերտուհիները Սրբազան Հօր հետ

Զա­րեհ եւ Խո­րէն կա­թո­ղի­կոս­նե­րը իրենց առաջ­նոր­դու­թեան օրե­րէն, Հա­լէ­պէն մին­չեւ Պէյ­րութ. հա­րա­զատ եղ­բայր­նե­րու նման, ու­րախ թէ տխուր պա­հեր կողք կող­քի կանգ­նած են: Ճե­մա­րա­նի եօթ­նե­րորդ կրթա­կան տա­րեշր­ջա­նին բա­ցու­մը Հա­լէ­պի “ԱՐԵ­ՒԵԼՔ“ օրա­թեր­թը (երեք­շաբ­թի, 20 Հոկ­տեմ­բիր 1953), այս­պէս կը նկա­րագ­րէ.- Ազ­գա­յին “Քա­րէն Եփ­փէ“ Ճե­մա­րա­նին Պաշ­տօ­նա­կան Բա­ցու­մը Պա­տա­րա­գեց Լի­բա­նա­նի Առաջ­նորդ Խո­րէն Սրբա­զան:

“Կի­րա­կի, 18 Հոկ­տեմ­բեր, Ազգ. “Քա­րէն Եփ­փէ“ ճե­մա­րա­նին 1953-1954 տա­րեշր­ջա­նի պաշ­տօ­նա­կան բա­ցու­մը տե­ղի ու­նե­ցաւ, բա­ցա­ռիկ հան­դի­սու­թեամբ եւ խուռն բազ­մու­թեան մը ներ­կա­յու­թեան, Նոր Գիւ­ղի Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ եկե­ղեց­ւոյ մէջ պա­տա­րա­գեց Լի­բա­նա­նի առաջ­նորդ Խո­րէն եպս. Բա­րոյ­եան, որ ներշնչ­եալ քա­րոզ մը խօ­սե­ցաւ ազ­գա­յին դաստ­ի­ա­րա­կու­թեան եւ Հա­յաս­տան­եայց եկե­ղեց­ւոյ դե­րին շուրջ, ազ­գա­պահ­պան­ման սրբա­զան գոր­ծին մէջ: Պա­տա­րա­գէն ետք, տե­ղի ու­նե­ցաւ հո­գե­հանգստ­եան պաշ­տօն, հան­գուց­եալ հա­յա­սէր բա­րե­րա­րու­հի Քա­րէն Եփ­փէի յի­շա­տա­կին: Եկե­ղե­ցա­կան արա­րո­ղու­թե­նէն ետք Զա­րեհ եւ Խո­րէն եպիս­կո­պոս­նե­րու նա­խա­գա­հու­թեամբ Ազգ.“Քա­րէն Եփ­փէ“ ճե­մա­րա­նի պար­տէ­զին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ պաշ­տօ­նա­կան բա­ցու­մը: Զա­րեհ սրբա­զան ճե­մա­րա­նի աշա­կեր­տու­թեան թե­լադ­րեց հա­ւա­տա­րիմ մնալ ճե­մա­րա­նի աւան­դու­թեան` բարձր պա­հե­լով անոր վար­կը ներ­քին թէ պե­տա­կան քննու­թեանց մէջ: Այս տպա­ւո­րիչ հան­դի­սու­թեան ըն­թաց­քին Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ եկե­ղեց­ւոյ դպրաց դա­սը եր­գեց “Որք զար­դա­րե­ցին“ շա­րա­կա­նը եւ “Տէր կե­ցո“ մաղ­թան­քը: Ապա Ճե­մա­րա­նի աշա­կեր­տու­թիւնը եւ սրբա­զան հայ­րեր մեկ­նե­ցան ազ­գա­յին գե­րեզ­մա­նա­տուն, ուր աշա­կեր­տու­թեան եւ խնա­մա­կա­լու­թեան կող­մէ ծաղ­կեպ­սակ­ներ զե­տեղ­ուե­ցան մեծ բա­րե­րա­րու­հի Քա­րէն Եփ­փէի շի­րի­մին վրայ“:

1953-ի կրթա­կան տա­րեշր­ջա­նի բաց­ման այդ եր­ջա­նիկ օրը ար­դէն իսկ Ազգ. “Քա­րէն Եփ­փէ“ Ճե­մա­րա­նը հա­լէ­պա­հա­յու­թեան պար­գե­ւած էր իր առա­ջին հինգ շրջա­նա­ւարտ­նե­րը, որոնց­մէ Յաս­միկ Նա­ճար­եան կը վե­րա­դառ­նար որ­պէս ու­սուց­չու­հի:

***

Զա­րեհ սրբա­զա­նի Բեր­իոյ Թե­մի առաջ­նոր­դու­թեան տասն­եօ­թը տա­րի­նե­րը(1940- 1956) սուր­ի­ա­հայ գա­ղու­թի ալե­կոծ մէկ ժա­մա­նա­կաշր­ջանն են, Բ. Աշ­խար­հա­մարտ, Ֆրան­սա­կան հո­գա­տա­րու­թիւն եւ ան­կա­խու­թիւն: Որ­պէս առաջ­նորդ իր հայ­րե­նա­սէր կեց­ուածք­նե­րուն, երի­տա­սարդ, տա­կա­ւին երե­սու­ներ­կու տա­րե­կան ծայ­րա­գոյն վար­դա­պետ, Սուր­իոյ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հի ձե­ռամբ, ան­կա­խու­թեան վա­ղոր­դայ­նին, 1946-ին, կը պար­գե­ւատր­ուի սուր­ի­ա­կան Ար­ժան­եաց Ա. կար­գի շքան­շա­նով:p15 b

Հայ­րե­նա­դար­ձու­թեան փո­թոր­կա­լից օրե­րուն, իր շուրջ ու­նե­նա­լով խումբ մը ազ­գա­յին­ներ գլխա­ւո­րու­թեամբ Հրաչ Փա­փազ­եա­նի, Զա­րեհ Սքան­չե­լին տե­սիլք եւ կամք կ՛ու­նե­նայ, գաղ­թա­կա­նու­թեան ցնցո­տի­նե­րը հա­զիւ թօ­թա­փած սուր­ի­ա­հայ գա­ղու­թը օժ­տել երկ­րոր­դա­կան վար­ժա­րա­նով մը, իր ճի­գե­րը յա­ջո­ղու­թեամբ կը պսակ­ուին, երբ Դան­ի­ա­կան մար­դա­սի­րա­կան հա­սա­տա­տու­թեան պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րէն կը յա­ջո­ղի միս Եփ­փէ Մայ­րի­կի, 1924-ին Նոր գիւ­ղի մէջ հիմ­նած որ­բա­նոց` այր­ի­ա­նո­ցը ազ­գա­յին սե­փա­կա­նու­թիւն դարձ­նել` ազ­գա­յին երկ­րոր­դա­կան վար­ժա­րա­նի մը հա­մար, որ պի­տի կոչ­ուէր Քա­րէն Եփ­փէի անու­նով իբ­րեւ ար­դար գնա­հա­տու­թիւն Քա­րէն Եփ­փէ­ին, հա­յե­րու դան­ի­ա­ցի բա­րե­կամ­նե­րուն եւ Դան­իոյ ժո­ղո­վուր­դին:

Եղեռ­նէն ճո­ղոպ­րած հա­յու բե­կոր­նե­րու եր­բեմ­նի որ­բա­նոց-այր­ի­ա­նո­ցը իր առա­քե­լու­թիւնը կա­տա­րած էր ար­դէն:

Զա­րեհ սրբա­զան կը ձեռ­նար­կէ այդ տա­րած­քին վրայ հաս­տա­տե­լու հայ­կա­կան երկ­րոր­դա­կան վար­ժա­րան մը, որուն ոչ միայն հիմ­նա­դի­րը եղաւ, այլ` ար­տօ­նա­տէ­րը տնօ­րէնն ու ու­սու­ցի­չը:

1965-ի Հոկ­տեմ­բե­րին, Թարգ-­ման­չաց տօ­նին, նո­րա­կա­ռոյց “Կիւլ­պէնկ­եան“ շէն­քին առ­ջեւ մա­տուց­ուած Պա­տա­րա­գի ըն­թաց­քին, առաջ­նորդ Ղե­ւոնդ Ար­քե­պիս­կո­պո­սի ձե­ռամբ, ճե­մա­րա­նի պար­տէ­զին մէջ բա­ցու­մը կը կա­տար­ուի եր­ջան­կա­յի­շա­տակ Զա­րեհ Ա. Կա­թո­ղի­կո­սի կի­սանդրի­ին:

Այ­նու­հե­տեւ Մե­ծի Տանն Կի­լիկ­իոյ Ս. Աթո­ռի իրեր­այա­ջորդ գա­հա­կալ­ներ, Բեր­իոյ Թե­մի իրենց հով­ուա­պե­տա­կան այ­ցե­լու­թիւն­նե­րուն առիթ­նե­րով, յա­ճախ այ­ցե­լե­ցին զա­րե­հա­կերտ կրթա­րա­նը:

Խո­րէն Ա. Վե­հա­փառ Հայ­րա­պետ Բեր­իոյ Թե­մի իր պատ­մա­կան մի­ակ այ­ցե­լու­թեան առի­թով, 6 Դեկ­տեմ­բեր 1972-ին, Նոր Գիւ­ղի հա­յա­հոծ շրջա­նին մէջ, ծո­վա­ծա­ւալ բազ­մու­թեան ներ­կա­յու­թեան, այ­ցե­լեց Ճե­մա­րան, հան­դի­պե­ցաւ աշա­կեր­տու­թեան հետ եւ իր հայ­րա­կան պատ­գա­մը փո­խան­ցեց անոնց:

Սիր­տե­րը լեց­ուած էին եւ յու­զու­մի ալիք մը կը տի­րէր բո­լոր ներ­կա­նե­րուն վրայ, երբ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը իր շքա­խում­բով ուղղ­ուե­ցաւ դէ­պի ճե­մա­րա­նի պար­տէ­զին մէջ կանգ­նած երա­նաշ­նորհ Զա­րեհ Ա. Կա­թո­ղի­կո­սի կի­սանդ­րին: Զսպուող ար­ցունք­նե­րը սկսած էին հո­սիլ, երբ հնչեց հան­գուց­եալ մեծ հայ­րա­պե­տին այն­քան սի­րած “Կի­լիկ­իա“ եր­գը: Վե­հա­փա­ռը, որ կ՛ու­զէր քա­նի մը խօսք ըսել, իր յու­զու­մէն չկրցաւ եւ ար­ցուն­քի կայ­լակ­նե­րը սկսան հո­սիլ աչ­քե­րէն…

1983-ի Ապ­րի­լի վեր­ջա­ւո­րու­թեան, Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կոս Բեր­իոյ Թե­մին շնոր­հած իր անդ­րա­նիկ այ­ցե­լու­թեան օրե­րուն, Երեք­շաբ­թի, 3 Մա­յի­սին, իր շքա­խում­բով ճե­մա­րա­նի աշա­կեր­տու­թեան հան­դի­պե­լէ եւ յոր­դո­րը տա­լէ ետք, ան­ցաւ պար­տէզ ու աղօ­թեց Զա­րեհ Ա. կա­թո­ղի­կո­սի կի­սանդրի­ին առ­ջեւ:

p15 b  1991-ի Հոկ­տեմ­բե­րին յա­տուկ հան­դի­սու­թեամբ, Քա­րէն Եփ­փէի կի­սանդ­րին կը կանգ­նի ճե­մա­րա­նի մայր շէն­քի մուտ­քին ձախ կող­մը, իսկ Զա­րեհ հայ­րա­պե­տի կի­սանդ­րին ալ պար­տէ­զէն կը տե­ղա­փոխ­ուի աջ կող­մը:

Ազ­գա­յին Քա­րէն Եփ­փէ ճե­մա­րա­նի հիմ­նադ­րու­թեան յիս­նամ­եա­կին տա­րին, 1997-ի Յու­լի­սի 11-ին, տե­ղի ու­նե­­ցաւ յո­բե­լե­նա­կան հան­դի­սու­թիւնը` նա­խա­գա­հու­թեամբ Մե­ծի Տանն Կի­լիկ­իոյ Արամ Ա. Կա­թո­ղի­կո­սին, որ իր պատ­գա­մին մէջ հե­տեւ­եա­լը փո­խան­ցեց ներ­կա­նե­րուն.

“Ես եւ Ան­թիլ­ի­ա­սի մէջ ապ­րած ու ապ­րող շա­տեր Ճե­մա­րա­նին մէջ չենք եղած, բայց Քա­րէն Եփ­փէ Ճե­մա­րա­նը Ան­թիլ­ի­ա­սի մէջ է եղած` այն խումբ մը ու­սու­ցիչ­նե­րու եւ աշա­կերտ­նե­րու ճամ­բով, որոնք ճե­մա­րա­նը բե­րին Ան­թիլ­ի­ա­սին եւ շա­ղա­խե­ցին Ան­թիլ­ի­ա­սի դպրե­վան­քին, Ան­թիլ­ի­ա­սի հոգի­ին, տե­սիլ­քին ու ան­թիլ­ի­ա­սա­կան առա­քե­լու­թեան…“:

Արամ Ա. կա­թո­ղի­կոս ող­ջու­նեց Բեր­իոյ Թե­մի Առաջ­նորդ ու ապա Մե­ծի Տանն Կի­լիկ­իոյ Կա­թո­ղի­կոս Զա­րեհ Ա. ան­մա­հա­նուն հայ­րա­պե­տը եւ ըսաւ.-

“Բայց ո՛չ, հա­զա՛ր ան­գամ  ոչ, այ­սօր Զա­րեհ կա­թո­ղի­կոսն է, որ կ՛ող­ջու­նէ մեզ եր­կին­քէն, այ­սօր ինք իջած է այս­տեղ` որ­պէս ոգե­ղէն ներ­կա­յու­թիւն, ինքն է մեր պատ­գա­մը, մեր ող­ջոյ­նը: Զա­րե՛հ կա­թո­ղի­կոս, դուն յուշ չես, այլ ոգի ես, դո՛ւն անց­եալ չես` այլ ներ­կայ ես: Դուն պատ­մու­թիւն չես, դուն կեանք ես: Զա­րե՛հ կա­թո­ղի­կո՛ս, դուն միայն ճե­մա­րան չես. Զա­րեհ­եան դպրե­վանք չես, դուն մա­նա­ւանդ ու մա­նա­ւանդ` զա­րեհ­եան մի­ա­բա­նու­թիւն ես` զա­րեհ­եան առա­քե­լու­թեան լծուած: Այ­սօր այս ճե­մա­րա­նը եւ մեր բո­լոր ճե­մա­րան­նե­րը, Ան­թիլ­ի­ա­սը եւ ան­թիլ­ի­ա­սա­կան առա­քե­լու­թիւնը` հա­ւա­տա­րիմ Զա­րեհ­եան առա­քե­լու­թեան պի­տի մեծ­նան, պի­տի հզօ­րա­նան ի խնդիր հայ­րե­նի­քի, ի խնդիր եկե­ղեց­ւոյ, ի խնդիր մեր ազ­գա­յին պա­հան­ջա­տի­րու­թեան …“:

***

Ս.Գրի­գոր Նա­րե­կա­ցի  ճանչց­ուած է “Մատ­եան Ող­բեր­գու­թեան“-ով, Ս. Ներ­սէս Շնոր­հա­լին հռչա­կա­ւոր է “Հա­ւա­տով խոս­տո­վա­նիմ“ աղօթ­քով, իսկ եր­ջան­կա­յի­շա­տակ Զա­րեհ Ա. կա­թո­ղի­կոս Փա­յասլ­եան հա­յաս­փիւռ է զա­րե­հա­կերտ Քա­րէն Եփ­փէ Ազգ Ճե­մա­րա­նով:

Սուր­ի­ա­կան տագ­նա­պի այս օրե­րուն աշ­խար­հաց­րիւ աւե­լի գան հինգ հա­զար ճե­մա­րա­նա­կան շրջա­նա­ւարտ­ներ Հա­լէ­պը կը յի­շեն ճե­մա­րա­նով եւ կ՛ապ­րին աշա­կեր­տա­կան տա­րի­նե­րու ան­դարձ յի­շա­տակ­նե­րով, բո­լո­րին հո­գի­նե­րուն աչ­քե­րը սե­ւե­ռած են հոն, ուր հա­յա­սէր Քա­րէն Եփ­փէ Մայ­րի­կը իր հրեշ­տա­կի թե­ւե­րը բա­ցած է այն հո­ղին վրայ, երբ որ­բեր կը հա­ւա­քէր եւ այ­րի­նե­րուն կեան­քի յոյս կը ներշն­չէր, հոն, ուր կը հսկէ ՍՐԲԱ­ԶԱՆ կի­սանդ­րին իր հիմ­նած եր­կա­թա­գիր կրթա­րա­նին եւ իր անու­նով կոչ­ուած պո­ղո­տա­յի Հա­յա­շունչ մեն մի էա­կի եւ հա­յա­կերտ կա­ռոյ­ցի:

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles