Լրահոս

129 Տարիներ Առաջ․․․Այս Օրը Պոլսոյ «Պանք Օթոման»-ը Գրաւուեցաւ Հ․Յ․Դաշնակցութեան Պոլսոյ Կեդրոնական Կոմիտէին Կողմէ

129 տարիներ առաջ էր։ Օգոստոս 14, 1896-ին, Պոլսոյ «Պանք Օթոման»-ը գրաւուեցաւ Հ․Յ․Դաշնակցութեան Պոլսոյ Կեդրոնական Կոմիտէին Կողմէ։ Այս գործողութեան մտայղացումը ունեցած էր, 23 տարեկան յեղափոխական գործիչ, Պոլսոյ Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ Բաբգէն Սիւնին, որ սուրբ գործին վերջնական յաղթութիւնը չի տեսած ինկաւ պանքին սանդուխներուն վրայ, մարտիրոսը ըլլալով իր հոյակապ գաղափարին:

Գործողութիւնը ղեկավարեց Ժընէւի մէջ ուսումը կիսատ թողած եւ Պոլիս գործուղղուած 24-ամեայ Արմէն Գարօն (յետագային Հ․Հ․ հանրապետութեան դեսպան՝ Ուաշինկթընի մօտ), որուն վարած բանակցութիւնները եւրոպացի ներկայացուցիչներուն հետ արդիւնաւորուեցան դէպի արտասահման ելքով: Տղաքը՝ թիւով 17, 14 ժամ գրաւեցան դրամատունւ, ապա ֆրանսական նաւ բարձրանալէն ետք, մերժեցին յանձնել իրենց զէնքերը։

Աւելի քան դար մը անցած է «Պանք Օթոման»-ի գործողութենէն ասդին եւ ինչպէս հայ ազգային–ազատագրական շարժման գլխաւոր բոլոր քայլերուն շուրջ, այնպէս եւ մանաւանդ Օսմանեան Դրամատան գրոհին ազգային–քաղաքական եւ գաղափարական–բարոյական արժեւորման վերաբերեալ դեռ միասնական գնահատումի չէ յանգած հայ քաղաքական միտքը։
Հայ ժողովուրդի իրերայաջորդ չորս սերունդներու ընկալման մէջ՝ արժեւորման մէկ բեւեռին տիրական եղաւ ու ժամանակի թաւալքին հետ հերոսական իր նշանակութիւնը շեշտեց եւ նոր սխրանքներու ներշնչման աղբիւր դարձաւ «Պանք Օթոման»-ի գրաւումը, մինչ միւս բեւեռին՝ տարբեր կարգի վերապահումներու եւ արժեզրկման քարոզարշաւներու թիրախի վերածուեցաւ հայու յեղափոխական յանդգնութեան անկրկնելի այս թռիչքը։

 

 

Advertisement Subscribe Today

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button