125 ՏԱ­ՐԻ ԱՌԱՋ .- ԱՏՈԼՖ ՀԻԹ­ԼԷՐ ՑԵ­ՂԱ­ՊԱՇՏ ԵՒ ՄԵ­ՆԱ­ՏԷՐ 1889-1945

0 0
Read Time:23 Minute, 30 Second

p10 adolf  ՀԱ­ՄՕ ՊԵՏ­ՐՈՍ­ԵԱՆ

Գեր­ման­իա, Փետր­ուար 2014

 

Ես իմ մա­հա­բեր խում­բե­րուն հրա­հանգ տուած եմ, առանց ողոր­մու­թեան կամ գթու­թեան`

տղա­մար­դիկ, կի­ներ եւ երե­խա­ներ, որոնք սլա­ւա­կան խօ­սող ցե­ղին կը պատ­կա­նին, ոչն­չաց­նել:

Միայն այս­պէս, մենք կրնանք տէր դառ­նալ կեան­քի տա­րա­ծու­թեան, որուն կա­րիք ու­նինք: Վերջապէս, ո՞վ կը յի­շէ այ­սօր հա­յե­րու բնաջն­ջու­մը“:

ԱՏՈԼՖ ՀԻԹ­ԼԷՐ

Օպեր­սալզ­պերկ Օգոս­տոս 22, 1939

 

Ատոլֆ Հիթ­լէ­րի նա­խա­հայ­րե­րու մա­սին ար­տօն­ուած չէր լու­սա­բա­նե­լու, միայն գեր­ման ԷսևԷա­րը իրա­ւունք ու­նե­ցաւ քննե­լու անոր ծագ­ման ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը մին­չեւ 1800 թուա­կա­նին: Իր մա­հէն ետք գեր­ման եւ օտար պատ­մա­բան­ներ, գիտ­նա­կան­ներ եւ լրագ­րող­ներ կա­րո­ղա­ցան լրիւ լու­սա­բա­նել ծա­գու­մը:

Հիթ­լէ­րի հայ­րը ապօ­րի­նի զա­ւակ մըն էր, մեծ մայր Շէ­քէլգ­րու­պէր Լինց քա­ղա­քի մօ­տա­կայ Լի­ոն­տինկ գիւ­ղէն կ՛աշ­խա­տէր իբ­րեւ խո­հա­րա­րու­հի Կրաց քա­ղա­քի մե­ծա­հա­րուստ հրեայ Ֆրան­քէն­պէր­կի ըն­տա­նի­քին տան մէջ: Մեծ մայ­րը Մա­րիա Ան­նա Շի­քէլգ­րու­պէր կ՛ու­նե­նայ տղայ զա­ւակ մը, մին­չեւ 14 տա­րե­կան մե­ծա­հա­րուստ Ֆրանքն­պէր­կըր պա­տա­նի Ալոյ­սի մօ­րը սննդա­գին թո­շակ կը վճա­րէ (դա­տա­րա­նէ որոշ­ուած):

Մար­իա Ան­նան վեր­ջը կ՛ամուս­նա­նայ հո­ղա­գործ Եո­հանն Նէ­փո­մուք Հիթ­լէ­րին հետ, Ալո­յիս եւս կ՛առ­նէ անոր մա­կա­նու­նը Հիթ­լէր:

Մաք­սա­տան պաշ­տօն­եայ Ատոլֆ Հիթ­լէ­րի հայր` Ալո­յիս Հիթ­լէր երեք ան­գամ ամուս­նա­ցած է, եր­րորդ կնոջ­մէ` Քլա­րա Եո­հանն Փոլցլի­էն Ապ­րիլ 20, 1889ին Աւստր­իոյ Պրաու­նաու փոք­րիկ քա­ղա­քին մէջ ծնունդ կու տայ մանչ զա­ւա­կի մը, որ կը կոչ­ուի Ատոլֆ, եր­կու օր վերջ մկրտուած է կա­թո­ղի­կէ եկե­ղեց­ւոյ մը մէջ:

Մարտ 1, 1938ին, երբ Հիթ­լէր գրա­ւեց Աւստր­ի­ան, քա­նի մը շա­բաթ ետք հրա­մա­յեց քան­դել ու գետ­նի հա­ւա­սար ընել բո­լոր այն գիւ­ղե­րը, ուր ծնած ու թաղ­ուած էին մեծ մայ­րը եւ հայ­րը: Եւ այն­տեղ շի­նել տուաւ բա­նա­կին հա­մար հրա­սայ­լե­րու վար­ժու­թեան դաշտ:

Ա. Հիթ­լէր իր դա­սա­րա­նի մէջ յա­ջող աշա­կերտ­նե­րէն մէկն էր մին­չեւ 11 տա­րե­կան, ան­կէ ետք ֆրան­սե­րէն լեզ­ուի եւ թուա­բա­նու­թեան դա­սե­րու մէջ վատ թուան­շան­ներ կը ստա­նայ: Հայ­րը, որ կա­նու­խէն հանգստ­եան կոչ­ուած էր կը փա­փա­քէր, որ տղան պե­տա­կան պաշ­տօն­եայ դառ­նայ իսկ Ատոլֆ կ՛երա­զէր մեծ նկա­րիչ դառ­նայ:"Mein Kampf" mit Portr„tfoto

64 տա­րե­կա­նին կը մա­հա­նայ Ատոլ­ֆի հայ­րը, ին­քը ար­դէն 14 տա­րե­կան էր, Լինց քա­ղա­քի մէջ կը հե­տե­ւի գծագ­րու­թեան, մի­ա­ժա­մա­նակ բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն կը գրէ, կը նուա­գէ եւ ար­ուեստ­նե­րով կ՛անց­նէ իր ժա­մա­նա­կը:

Հօր մա­հէն չորս տա­րի ետք կը մա­հա­նայ Ատոլ­ֆի մայ­րը, երեք ամիս վերջ Փետր­ուար 1908ին Ա. Հիթ­լէր Վի­են­նա կը մեկ­նի ու վեր­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով կը դի­մէ Վի­են­նա­յի գե­ղար­ուես­տի դպրո­ցը ու­սա­նե­լու հա­մար: Կը մերժ­ուի, որով­հե­տեւ վկա­յա­կան­նե­րէն մաս մը կը պակ­սէ­ին:

Վի­են­նա­յի մէջ իր շա­հած եկա­մու­տին մեծ մա­սը կը ծախ­սէ օփե­րա եր­թա­լու եւ Վակ­նէ­րի երաժշ­տու­թիւնը ուն­կընդ­րե­լու հա­մար:

Առա­ջին Հա­մաշ­խար­հա­յին պա­տե­րազ­մէն առաջ Վի­են­նա­յի բնակ­չու­թեան թիւն էր եր­կու միլի­ոն, 8 տո­կո­սը, որ կ՛ընէ 160.000 հրեայ էին, Ատոլֆ Հիթ­լէր իր գծած տե­սա­րան­նե­րը ու քար­տե­րը կը ծա­խէ եւ առեւ­տուր կ՛ընէ հրեա­նե­րու հետ:

Մա­յիս 24, 1913ին Հիթ­լէր կը մեկ­նի Գեր­ման­իոյ Միւ­նիխ քա­ղա­քը: Այն­տեղ սեն­եակ մը կը վար­ձէ եւ ոս­տի­կա­նու­թեան մօտ իբ­րեւ նկա­րիչ կ՛ար­ձա­նագր­ուի: Սա­կայն այս­տեղ եւս ոչ մէկ յա­ջո­ղու­թիւն կ՛ու­նե­նայ:

Յուն­ուար 1914ի ամս­ուան մէջ ոս­տի­կան մը կու գայ իրեն լուր տա­լու, որ ան­պայ­ման պէտք է Լինց քա­ղա­քը վե­րա­դառ­նայ զի­նուո­րա­կան ծա­ռա­յու­թիւնը կա­տա­րե­լու հա­մար:

Եր­կար չի մնար աւստր­ի­ա­կան բա­նա­կին մէջ, իբ­րեւ ան­կա­րող եւ տկար շու­տով բա­նա­կէն կը հե­ռաց­ուի: Կրկին Միւ­նիխ կը վե­րա­դառ­նայ երբ ար­դէն պա­տե­րազ­մը սկսե­լու վրայ էր, Գեր­ման­ի­ան պա­տե­րազմ հռչա­կած էր Ռուս­իոյ դէմ, առա­ջին մեծ պա­տե­րազ­մը սկսած էր ար­դէն, Հիթ­լէր խան­դա­վա­ռու­թեամբ կ՛ար­ձա­նագր­ուի Պա­ւար­իոյ բա­նա­կին մէջ եւ կ՛երդն­ուէր Պա­ւար­իոյ թա­գա­ւո­րին եւ Աւստր­իոյ Ֆրանց Եո­զէֆ կայս­րին իբ­րեւ աւստր­ի­ա­կան հպա­տակ ծա­ռա­յել իր երկ­րին:

Պա­տե­րազ­մի ըն­թաց­քին եր­կու ան­գամ կը վի­րա­ւոր­ուի, ան­գամ մըն ալ պատ­ւոյ եր­կա­թէ խա­չի շքան­շան կը ստա­նայ: Երբ երկ­րորդ ան­գամ կը վի­րա­ւոր­ուի, ժա­մա­նակ մը կը մնայ հիւան­դա­նոց, որով­հե­տեւ թու­նա­ւոր­ուած ըլ­լա­լով տե­սո­ղու­թիւնը կորսն­ցու­ցած էր: Հիւան­դա­նո­ցին մէջ կ՛որո­շէ նշա­նա­ւոր քա­ղա­քա­գէտ մը դառ­նալ, եթէ իր տե­սո­ղու­թիւնը վե­րագտ­նէ:

Յուն­ուար 5, 1920ին Միւ­նի­խի մէջ Ան­թոն Տրէքս­լէ­րը կը հի­մնէ Գեր­մա­նա­կան Բա­նուո­րա­կան կու­սակ­ցու­թիւնը, երկ­րորդ ժո­ղո­վին ար­դէն ներ­կայ է Ատոլֆ Հիթ­լէ­րը: Ամիս մը վերջ Ա. Հիթ­լէր առա­ջին մեծ ժո­ղո­վին “Հոֆպ­րոյ Հաու­սին“ մէջ կը նշէ կու­սակ­ցու­թեան ծրագ­րի 25 կէ­տե­րը: Մար­տի վեր­ջե­րը կը հե­ռա­նայ բա­նա­կէն եւ կը զբաղ­ուի միայն կու­սակ­ցու­թեան գոր­ծե­րով: Շու­տով կ՛ընտր­ուի կու­սակ­ցու­թեան նա­խա­գա­հը:

Նո­յեմ­բեր 9, 1923ին Միւ­նի­խի մէջ կը կազ­մա­կեր­պէ ապս­տամ­բու­թիւն մը կա­ռա­վա­րու­թեան դէմ, ոս­տի­կա­նու­թիւնը կը ձեր­բա­կա­լէ զինք եւ իր գա­ղա­փա­րա­կից ըն­կեր­նե­րը, Ապ­րիլ 1, 1924ին տե­ղի կ՛ու­նե­նայ դա­տա­վա­րու­թիւնը, դա­տա­րա­նը կ՛որո­շէ 5 տար­ուայ բան­տար­կու­թիւն Լանդս­պէրկ քա­ղա­քի բան­տին մէջ: Բան­տին մէջ կը գրէ իր նշա­նա­ւոր գիր­քը “Մայն Քամֆ“, մի­եւ­նոյն ժա­մա­նակ Ռու­տոլֆ Հէ­սը­ալ բան­տին մէջ ըլ­լա­լով կ՛օգ­նէ անոր գիր­քին առա­ջին հա­տո­րի հրա­տա­րա­կու­թեան: Իսկ երկ­րորդ հա­տո­րը լոյս կը տես­նէ 1927ին:

Մէկ տա­րի բանտ կը մնայ վեր­ջը ազատ կ՛ար­ձակ­ուի, եւ կրկին կը կազ­մա­կեր­պէ իր ցրուած կու­սակ­ցու­թիւնը հե­տեւ­եալ ան­ուան տակ “Ազ­գա­յին Ըն­կեր­վա­րա­կան Գեր­ման Բա­նուո­րա­կան Կու­սակ­ցու­թիւն“:

Նո­յեմ­բեր 1926 ամս­ուան մէջ Հիթ­լէ­րի որո­շու­մով Եո­զէֆ Կո­պէլ­սը կը նշա­նակ­ուի Պեր­լի­նի քա­ղա­քա­պետ:

Յուն­ուար 1929ին 2.8 միլի­ոն գեր­մա­նա­ցիք ան­գործ էին, 1930ին 3.2 միլի­ոն, 1931ին 4.9 միլի­ոն, 1932ին 6.7 միլի­ոն:

1929ին Հիթ­լէ­րի կու­սակ­ցու­թեան ան­դամ­նե­րուն թիւն էր 176.000, 1930ին 389.000, 1931ին 806.000, 1932ին 1.415.000:

 

Ո՞Վ ԷՐ ԱՏՈԼՖ ՀԻԹ­ԼԷ­ՐԻՆ

ԻՇ­ԽԱ­ՆՈՒ­ԹԵԱՆ ԳԼՈՒԽ ԲԵ­ՐՈ­ՂԸ

 

Գեր­ման զանգ­ուա­ծը չէր որ Ա. Հիթ­լէ­րի իշ­խա­նու­թեան գլուխ բե­րաւ, այլ իր “Ազ­գա­յին Գեր­ման Բա­նուո­րա­կան Կու­սակ­ցու­թիւնը“: Նա­ցի­նե­րը մին­չեւ 1929ին անն­շան եւ բաժն­ուած կազ­մա­կեր­պու­թիւն մըն էին, 1930ին առա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով Ռայշս­թակիի ընտ­րու­թեան կա­րո­ղա­ցան 18.3 առ հա­րիւր ձայն նուա­ճել:

Սոց­իալ  Դե­մոկ­րատ Կու­սակ­ցու­թիւնը (Էս.Փէ.Տէ.), 24.5 առ հա­րիւր իսկ Հա­մայ­նա­վար Կու­սակ­ցու­թիւնը (Քա.Փէ. Տէ.) 13.1 առ հա­րիւր:

Ապ­րիլ 10, 1932ին երկ­րորդ ան­գամ ըլ­լա­լով Գեր­ման­իոյ նա­խա­գահ ընտր­ուե­ցաւ 84 տա­րե­կան Մար­շալ Փաուլ Ֆոն Հին­տէն­պուրկ, ստա­նա­լով 19.4 միլի­ոն ձայն, Ատոլֆ Հիթ­լէր 13.4 միլի­ոն ձայն եւ հա­մայ­նա­վար Թել­ման 3.7 միլի­ոն ձայն: Ան­գոր­ծու­թեան թիւը այն­քան շատ էր եւ ներ­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թիւնը եւս այն­քան վատ, որ հա­կա­մարտ խում­բե­րը մէ­կը միւ­սին դէմ զէն­քով կը պայ­քա­րէ­ին:

“ԷՍ. ԱՆ“ եւ “ԷՍ. ԷՍ.“ը կը պատ­կա­նէ­ին Նա­ցի­նե­րուն, “Կար­միր Ճա­կատ“ը կը պատ­կա­նէր Հա­մայ­նա­վար Կու­սակ­ցու­թեան, “Եր­կա­թէ Գլխարկ“ խում­բը կը պատ­կա­նէր ճա­կա­տի զի­նուոր­նե­րուն, “Եր­կա­թէ Ճա­կատ“ խում­բը կը պատ­կա­նէր Սոց­ի­ալ Դե­մոկ­րատ Կու­սակ­ցու­թեան:

1932էն ետք, մաս մը ու­րիշ կու­սակ­ցու­թիւն­ներ, որ ժա­մա­նա­կին Ռայշս­թա­կին մէջ ձայն ու­նէ­ին, այ­լեւս մաս չէ­ին կազ­մեր Ռայշս­թա­կին` ձախ Ռամ­կա­վար Գեր­ման Դե­մոկ­րատ Կու­սակ­ցու­թիւնը, Ազ­գա­յին Ռամ­կա­վար Ժո­ղովր­դա­կան Կու­սակ­ցու­թիւնը, խիստ պահ­պա­նո­ղա­կան եւ հա­կաևհան­րա­պե­տա­կան “Գեր­ման Ազ­գա­յին Ժո­ղովր­դա­կան Կու­սակ­ցու­թիւնը“, “Պա­ւար­իոյ Գիւ­ղա­ցի­նե­րու Միու­թիւն“, “Գեր­ման Տնտե­սա­կան Կու­սակ­ցու­թիւն“, “Գեր­ման Հա­սա­րա­կա­կան Ժո­ղովր­դա­կան Կու­սակ­ցու­թիւն“:

Այս բո­լոր կու­սաց­կու­թիւն­նե­րու եւ միու­թիւն­նե­րու ան­դամ­նե­րը եւ հա­մա­կիր­նե­րը կա­մացևկա­մաց եղան Նա­ցի կու­սակց­ու­թեան հա­մա­կիր­ներ: Նա­ցի­նե­րու պա­հես­տը եղաւ մի­ջին խա­ւէն որ­սալ իրենց հա­մա­կիր­նե­րը:

Մա­յիս 30, 1932ին նա­խա­գահ Մառ­շալ Հին­տէն­պուրկ վար­չա­պետ Պրու­նի­կին կը հե­ռաց­նէ պաշ­տօ­նէն եւ Յու­նիս 1ին իր տե­ղը կը նշա­նա­կէ Ֆրանց Ֆոն Փա­բէ­նը: Եր­կու ամիս ետք տե­ղի կ՛ու­նե­նայ կրկին ան­գամ Ռայշս­թա­կի ընտ­րու­թիւնը, Նա­ցի­նե­րը կը ստա­նան 37.8 առ հա­րիւր, 230 աթոռ, Սոց­ի­ա­լիստ­նե­րը կը ստա­նան 22 առ հա­րիւր եւ Հա­մայ­նա­վար­նե­րը 14 առ հա­րիւր:

Ընտ­րու­թեան մաս­նակ­ցած էին 84.1 առ հա­րիւր հա­մե­մա­տու­թիւն: Հե­տե­ւա­բար գեր­ման ժո­ղո­վուր­դի մէկ եր­րորդը միայն ընտ­րած էր Նա­ցի կու­սակ­ցու­թիւնը, իսկ եր­կու եր­րոր­դը ընտ­րած էին հա­կա Նա­ցի կու­սակ­ցու­թիւնը:

Նո­յեմ­բեր 6, 1932ին տե­ղի ու­նե­ցաւ կրկին Ռայշս­թա­կի ընտ­րու­թիւնը, այս ան­գամ Նա­ցի­նե­րը վնա­սե­ցին, 230 աթո­ռէն 136 աթոռ պա­հե­ցին: Այս­տեղ յայտ­նի կ՛ընէ, որ ընտ­րող­նե­րը իրենց քուէ­նե­րը տուած են ձա­խա­կողմ­եան կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րուն: Ու­րեմն ընտ­րող­նե­րը չէ­ին որ Նա­ցի­նե­րուն իշ­խա­նու­թեան գլուխ բե­րին, ինչ­պէս որ վե­րը յի­շե­ցինք, մի միայն եր­րոր­դը ընտ­րած են Նա­ցի­նե­րուն, այլ գոր­ծա­րա­նա­տէ­րե­րը, ար­դիւ­նա­բե­րա­կան պե­տե­րը, դրա­մա­տան տնօ­րէն­նե­րը, մեծ հո­ղա­տէ­րե­րը եւ հա­րուստ կալ­ուա­ծա­տէ­րե­րը, որոնք որո­շե­ցին Նա­ցի շար­ժու­մը օգ­տա­գոր­ծել եւ վերջ տալ Ազատ եւ Դեմոկ­րատ խորհր­դա­րա­նին:

Բա­նուո­րա­կան կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րը եւ բա­նուո­րա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րը փա­կել տալ մե­նա­տի­րու­թեան օգ­նու­թեամբ եւ կրկին զի­նել եւ զի­նամ­թերք ար­տադ­րել իրենց օգ­տին հա­մար:

Մաս մը մեծ եւ հա­րուստ գոր­ծա­րա­նա­տէ­րեր շու­տով սկսած էին Նա­ցի Կու­սակ­ցու­թեան օգ­նել, ինչ­պէս մեծ բաժ­նե­տէր եր­կա­թի ընտ­րու­թեան Ֆրից Թիւ­սի­նը, Սիմն­սի ըն­կե­րու­թեան տէր Քառլ Ֆրիտ­րիշ Ֆոն Սի­մէն­սը, Օթօ Վոլֆ Մոն­թան մեծ ըն­կե­րու­թեան տնօ­րէ­նը, Ռայշ Պան­քի նա­խա­գահ` Հիլ­մար Շախ­թը, Ֆրիք ըն­կե­րու­թեան տնօ­րէ­նը, Գոթֆ­րիտ իշ­խան Ֆոն Պիս­մար­քը, Դրէսդ­ներ դրա­մա­տան տնօ­րէ­նը, Քրուփ Ըն­կե­րու­թեան տէր ու տնօ­րէ­նը, Առեւտ­րա­կան դրա­մա­տու­նի տնօ­րէ­նը, Գեր­մանևամե­րիկ­եան քա­րիւ­ղի տնօ­րէ­նը Իլստր եր­կա­թի գոր­ծա­րա­նի տնօ­րէ­նը եւայլն:

Հոկ­տեմ­բեր 27, 1931ին Նիւ Եոր­քի մէջ, Ճէ­նե­րալ Էլէքթ­րիք ըն­կե­րու­թեան մէջ ճաշ­կե­րոյ­թի ժա­մա­նակ Քարլ Ֆրտիշ Ֆոն Սի­մէն­սը յայ­տա­րա­րած էր, “Ատոլֆ Հիթ­լէ­րի շարժ­ման ար­մատն է, պայ­քար ընդ­դէմ ըն­կեր­վա­րա­կա­նու­թեան“:

Յուն­ուար 27, 1932ին, Գեր­ման­իոյ Տիւ­զէլ­տորֆ քա­ղա­քի գոր­ծա­րա­նա­տէ­րե­րու ակում­բին մէջ 700 տնտե­սա­կան պե­տե­րու ներ­կա­յու­թեան Ատոլֆ Հիթ­լէր հե­տեւ­եա­լը յայ­տա­րա­րած էր,և Մենք վերջ­նա­կա­նա­պէս որո­շած ենք Մարք­սիզ­մը մին­չեւ իր վեր­ջին ար­մա­տը Գեր­ման­իոյ մէջ կտրել եւ փճաց­նել:

Մա­յիս 18, 1932ին Պեր­լի­նի Քայզր պան­դո­կին մէջ տե­ղի կ՛ու­նե­նայ հա­ւա­քոյթ մը, ուր կը կազմ­ուի Ռայշս Ֆիւհ­րիր ԷՍ. ԷՍ. Հայն­րիշ Հիմ­լէ­րի ըն­կե­րա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւնը, այս կազ­մա­կեր­պու­թեան 12 կազ­մա­կեր­պող ան­դամ­ներն էին հե­տեւ­եալ վե­րը յիշ­ուած մե­ծա­հա­րուստ­նե­րը:

Վեր­ջին Ռայշս­թա­կի ընտ­րու­թեան Նա­ցի­նե­րը առա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով մեծ վնաս­ներ կրե­ցին, բայց վե­րի յիշ­ուած մե­ծա­հա­րուստ­նե­րը պա­հան­ջե­ցին Մառ­շալ նա­խա­գա­հին նոր կա­ռա­վա­րու­թիւն մը կազ­մել տալ նա­ցի­նե­րու մի­աս­նա­կա­նու­թեամբ: Նա­խա­գա­հը քիչ մը սպա­սեց, որով­հե­տեւ Ատոլֆ Հիթ­լէ­րը կը նկա­տէր ան­կա­րող մէ­կը, որ սպայ չէր եղած բա­նա­կին մէջ եւ կու­սակ­ցու­թիւնը ան­կար­գա­պահ կը թուէր իրեն:

Երբ նա­խա­գա­հի մօ­տիկ բա­րե­կամ­նե­րը, ծա­նօթ­նե­րը եւ Արե­ւել­եան Էլ­պի կալ­ուա­ծա­տէ­րե­րը սկսան ստի­պել իրեն Հիթ­լէ­րը շու­տով նա­ցի­նե­րուն կա­ռա­վա­րու­թեան մէջ առ­նէ, այն ժա­մա­նակ նա­խա­գա­հը ըն­դու­նեց: Այդ օրե­րուն եւս Արե­ւել­եան Էլ­պի ազն­ուա­կան­նե­րու, կալ­ուա­ծա­տէ­րե­րու գլխա­ւոր մեծ գայ­թակ­ղու­թիւն մը ծա­գած էր եւ անոնց մէջ ալ կը գտնուէ­ին, նա­խա­գահ Հին­տէն­պուր­կի ըն­տա­նի­քի ան­դամ­նե­րու անուն­նե­րը, որոնք միլի­ո­նա­ւոր Ռայշս Մար­քեր գող­ցած էին եւ իրենց տա­րե­կան տուր­քե­րը կա­նո­նա­ւոր չէ­ին վճա­րած:

Երբ Ա. Հիթ­լէր նա­խա­գա­հի տղուն Օթօ Ֆոն Հին­դէն­պուր­կի հետ գաղտ­նի ձե­ւով հան­դի­պում մը ու­նե­ցաւ, նա­խա­գա­հի տղա­յին Հիթ­լէ­րը վստա­հե­ցուց, որ ան­վախ մնայ, որով­հե­տեւ երբ ինք վար­չա­պետ ըլ­լայ այն ժա­մա­նակ Արե­ւել­եան Էլ­պի գայ­թակ­ղու­թիւն­նե­րը շու­տով փա­կել կու տայ:

Ու­րեմն ճամ­բան բաց էր ար­դէն նա­ցի­նե­րուն իշ­խա­նու­թեան գլուխ գա­լուն հա­մար: Նոյն­պէս Կուս­թաֆ Քրուբ Ֆոն Պոհ­լէն եւ Հալ­պախն ալ օգ­նե­ցին Ա. Հիթ­լէ­րին բա­րո­յա­կան եւ նիւ­թա­կան ձե­ւով, որ կա­րո­ղա­նայ վեր­ջին պահ­պա­նո­ղա­կան ընդ­դի­մադ­րու­թիւնը պար­տու­թեան մատ­նէ:

Նա­ցի բռնա­տէր Ատոլֆ Հիթ­լէ­րը դրա­մա­տէ­րե­րու օգ­նու­թեամբ իշ­խա­նու­թեան գլուխ եկաւ Յուն­ուար 30, 1933ին եւ մնաց 13 տա­րի մին­չեւ իր մա­հը:

Միայն մա­քուր ցե­ղա­յին գի­տակ­ցու­թիւնն է որ կը պա­հէ եւ կրնայ ապա­հո­վել մեր ցե­ղը, պէտք է մեր ցե­ղա­յին օրէնք­նե­րու հա­մե­մատ շատ յստակ ըլ­լանք ընդ­դէմ հրեա­նե­րու ուղ­ղել կամ դա­տա­պար­տել: Պէտք է ցե­ղա­յին օրէնք­նե­րու բա­ցատ­րու­թիւնը գեր­ման ժո­ղո­վուր­դին մշտա­կան շեշ­տել, որ­պէս ցե­ղա­յին օրէնք­նե­րի հա­մե­մատ, գեր­ման արիւն ալ խա­փա­նել հայ­կա­կան կամ օտար ոչ ար­ի­ա­կան արիւ­նի վա­րա­կու­մէն:

Մենք պէտք է ամէն ին­չի դի­մենք, որ մեր ժո­ղո­վուր­դի ցե­ղա­յին գի­տակ­ցու­թիւնը ու­ժե­ղաց­նենք: Ինչ­պէս հռո­մէ­ա­ցիք իրենց ծաղկ­ման պատ­մու­թեան ժա­մա­նակ, ամէն մի հռո­մէ­ա­ցի ան­գի­տակ­ցա­բար պաշտ­պա­նու­թեան կը դի­մէր ընդ­դէմ օտա­րա­կան­նե­րու ար­եան խառ­նուր­դի:

Այս­պէս էր որ Յու­նաս­տա­նը իր պատ­մու­թեան փայ­լուն ժա­մա­նակ ապ­րե­ցաւ:

 

ԱՏՈԼՖ ՀԻԹ­ԼԷՐ Յու­լիս 5, 1942

 

Յու­լիս 13, 1933ին Եո­զէֆ Կո­պէլս կը նա­շա­նակ­ուի քա­րոզ­չու­թեան նա­խա­րար: Օգոս­տոս 2, 1934ին կը մա­հա­նայ Գեր­ման­իոյ նա­խա­գահ Մառ­շալ Փաուլ Ֆոն Հին­տէն­պուր­կը, Ատոլֆ Հիթ­լէ­րը կը դառ­նայ Ֆիւրհ­րէր Ռայշս Քանցլր (վար­չա­պետ), նա­խա­գահ գեր­ման Եր­րորդ Կայս­րու­թեան եւ գլխա­ւոր հրա­մա­նա­տար ամ­բողջ բա­նա­կին:

Առանց մի­աս­նա­բար աշ­խա­տան­քի, գեր­ման գոր­ծա­րա­նա­տէ­րե­րու եւ Նա­ցի կու­սակ­ցու­թեան, Ատոլֆ Հիթ­լէ­րը եւ իր կու­սակ­ցու­թեան ըն­կեր­նե­րը որե­ւէ ան­գամ չէ­ին կա­րող Գեր­ման­իոյ իշ­խա­նու­թիւնը ձեռք առ­նել եւ ամ­րաց­նել եւ եր­րորդ Ռայ­շը չէր հա­մար­ձա­կեր աշ­խար­հը պա­տե­րազ­մի մէջ կոր­ծա­նել:

Այս խօս­քե­րը ար­տա­սա­նած է ամե­րի­կա­ցի դա­տա­խա­զը Օգոս­տոս 27, 1947ին Նիւ­րէն­պէր­կի պա­տե­րազ­մա­կան մար­դաս­պան­նե­րու դա­տա­րա­նին մէջ:

Յու­լիս 2, 1934ին Հիթ­լէր սպան­նել կու տայ իր ամե­նէն մտե­րիմ ըն­կե­րո­ջը ԷՍ. ԱՆ.ևնե­րու ղե­կա­վար` Ռիւհ­մին, եւ անոր տեղ կը բե­րէ ԷՍ. ԷՍ.ևնե­րու մե­ծը Հայն­րիշ Հիմ­լէ­րին:

Յուն­ուար 31, 1935ին տե­ղի կ՛ու­նե­նայ ընտ­րու­թիւն­ներ Գեր­ման­իոյ եւ Ֆրան­սա­յի մի­ջեւ գտնուող Սա­ար նա­հան­գին մէջ, 91 առ հա­րիւր կ՛որո­շեն իրենց նա­հան­գը Գեր­ման­իոյ հետ կա­պել, որ ժա­մա­նա­կին Ֆրան­սա­յին կապ­ուած էր:

Մարտ 7, 1936ին Հիթ­լէ­րը կը գրա­ւէ Ռայն­լան­դի նա­հան­գը: Նոյն տա­րին տե­ղի կ՛ու­նե­նայ Պեր­լի­նի մէջ Ողիմպ­ի­ա­կան խա­ղե­րը:

Մարտ 13, 1938ին գեր­ման բա­նա­կը կը շար­ժի դէ­պի Աւստր­իա եւ առանց պա­տե­րազ­մի կը գրա­ւէ եւ կը մի­աց­նէ Գեր­ման­իոյ` Մեծ Գեր­ման­իա կազ­մե­լով:

Մարտ 15, 1939ին գեր­ման բա­նա­կը կը մտնէ եւ կը գրա­ւէ այս ան­գամ Չե­քոս­լա­վաք­ի­ան:

Օգոս­տոս 23, 1939ին Գեր­ման­ի­ան եւ Սո­վե­տա­կան Միու­թիւնը կը ստո­րագ­րեն ոչ յար­ձա­կո­ղա­կան դաշ­նա­գիր մը, ուր եւ կ՛որոշ­ուի Լե­հաս­տա­նը բա­ժա­նել իրենց մի­ջեւ:

 

ԵՐԿ­ՐՈՐԴ

ՀԱ­ՄԱՇ­ԽԱՐ­ՀԱ­ՅԻՆ

ՊԱ­ՏԵ­ՐԱԶ­ՄԸ

Սեպ­տեմ­բեր 1, 1939ին Գեր­ման բա­նա­կը կ՛ար­շա­ւէ եւ կը գրաւէ Լե­հաս­տա­նի կէ­սը, 18 օր վերջ Սեպ­տեմ­բեր 17ին Սո­վե­տա­կան Միու­թեան կար­միր բա­նա­կը կը յար­ձա­կի եւ կը գրա­ւէ Լե­հաս­տա­նի Արե­ւել­եան հո­ղա­մա­սե­րը եւ այս­պէ­սով Լե­հաս­տան մօտ 6 տա­րի աշ­խար­հի քար­տէ­սի վրա­յէն կը չէ­զո­քա­նայ:

Նո­յեմ­բեր 8, 1939ին Միւ­նի­խին մէջ Ճորճ Էլզ­նէր անու­նով մարդ մը կը պայ­թեց­նէ Պուրկրպ­րոյգ գետ­նա­յար­կին մէջ ուր Ատոլֆ Հիթ­լէ­րը նոյն ժա­մա­նակ կը բա­նա­խօ­սէր, այս մա­հա­փոր­ձէն թէ­եւ Հիթ­լէ­րը կ՛ազա­տի, բայց ու­թը հո­գի կը մա­հա­նան եւ երեք ու­րիշ­ներ կը վի­րա­ւոր­ուին:

Ապ­րիլ 9, 1940ին, Գեր­ման բա­նա­կը եր­կու շաբթ­ուան մէջ կը գրա­ւէ Դա­նի­կար­քան եւ Նոր­վեկ­իան, հինգ շա­բա­թէն Հո­լան­տան, 17 օր­ուան մէջ Պել­ճի­քան, 6 շա­բա­թէն Ֆրան­սան, 3 շա­բա­թէն Յու­նաս­տան, 11 օր­ուան մէջ Եո­կոս­լաւ­ի­ան: Ու­րեմն Անգլ­իա­յէն զատ Գեր­ման­իոյ սահ­ման­նե­րը հա­սած էին մին­չեւ ՊրէսթևԼի­թովս­քի:

Յու­նիս 22, 1941ին գեր­մա­նա­կան բա­նակ­նե­րը հրա­ման կը ստա­նան Ատոլֆ Հիթ­լէ­րէն յար­ձակե­լու Սո­վե­տա­կան Միու­թեան վրայ, Լե­հաս­տա­նի վրա­յով, Լաթվ­ի­ան, Լիթ­ուան­ի­ան, Էս­թոն­ի­ան, Ուք­րան­ի­ան, Սպի­տակ Ռուս­ի­ան կը գրաւ­ուի եւ գեր­մա­նա­ցիք կը հաս­նին մին­չեւ Լե­նինկ­րա­տի մօ­տե­րը: Հա­րիւր հա­զա­րա­ւոր սո­վե­տա­կան գե­րի­ներ կը բե­րեն Գեր­ման­իա, գոր­ծա­րան­նե­րու մէջ գոր­ծե­լու: Մեծ յար­ձա­կում մըն ալ տե­ղի կ՛ու­նե­նայ ճիշդ տա­րի մը ետք, գեր­մա­նա­կան, ռու­մա­նա­կան, իտա­լա­կան եւ հուն­գա­րա­կան բա­նակ­նե­րով:

Ռու­սա­կան “Ամառ“ը շատ կարճ կը տե­ւէ Հիթ­լէ­րին հա­մար, օրէ օր վատ լու­րեր կը հաս­նէ­ին Պեր­լին Սթա­լինկ­րա­տի պա­շա­րու­մը ար­դէն Հիթ­լէ­րին կռնա­կը կոտ­րած էր, հիւանդ էր, մի­նակ էր, միայն Մառ­շալ Գիւ­րին­գը յոյ­սեր կու տար գեր­ման պա­շար­ուած բա­նա­կին օդէն օգ­նել, բայց ան ալ չի յա­ջո­ղե­ցաւ:

265.000 պա­շար­ուած գեր­ման զի­նուոր­նե­րէն մին­չեւ պա­տե­րազ­մի վեր­ջը 100.000էն աւե­լի սպան­ուած էին, տասն­եակ հա­զար­նե­րով հիւանդ եւ վի­րա­ւոր, միայն 34.000 վի­րա­ւոր պա­շար­ուած էին 90.000 գե­րի կը տա­նին ռու­սե­րը դէ­պի Ռուս­իոյ չորս կող­մե­րը, պա­տե­րազ­մէն ետք շատ տա­րի­ներ վերջ քի­չեր կը յա­ջո­ղէ­ին ետ վե­րա­դառ­նալ:

Դեկ­տեմ­բեր 7, 1941ին ճա­փո­նա­ցիք կը յար­ձա­կին Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու վրայ: Ամե­րի­կան ալ պա­տե­րազմ կը յայ­տա­րա­րէ չորս օր ետք:

Յու­լիս 20, 1944ին խումբ մը զի­նուո­րա­կան սպա­ներ կը փոր­ձեն Ատոլֆ Հիթ­լէ­րին սպան­նել, բայց չեն յա­ջո­ղիր բո­լորն ալ կը գնդա­կա­հար­ուին եւ անոնց ըն­կեր­ներն ու բա­րե­կամ­բե­րը կը բան­տարկ­ուին:

Ապ­րիլ 28, 1945ին Ա. Հիթ­լէր կ՛ամուս­նա­նայ իր ըն­կե­րուհի­ին` Էվա Պրաու­նի հետ, 40 ժամ վերջ եր­կու­քը մի­ա­սին անձ­նաս­պան կ՛ըլ­լան “Ֆիւհ­րի­րի Պունք­րի“ մէջ:

Գեր­ման­իա եւ իր դաշ­նա­կից­նե­րը ի վեր­ջոյ պարտ­ուե­լով, առանց պայ­մա­նի անձ­նա­տուր կ՛ըլ­լա­յին:

Մա­յիս 8, 1945ին գեր­մա­նա­կան բա­նա­կի հրա­մա­նա­տար զօ­րա­վար Քայ­թէ­լը Մեծ Պե­տու­թիւն­նե­րու առ­ջեւ ստո­րագ­րեց Գեր­ման­իոյ անձ­նա­տուր ըլ­լա­լը:

Գեր­ման նա­ցի կա­ռա­վա­րու­թիւնը եւ բա­նա­կը իրենց քա­ղա­քա­կա­նու­թեան հիմ­նա­կան նպա­տակ­նե­րէն մէ­կը կը դարձ­նեն հա­լա­ծան­քը հրեա­նե­րուն ու ցի­կան­նե­րուն դէմ ամ­բողջ Եւ­րո­պա­յի մէջ: Տաս­նը­եր­կու եր­կար տա­րի­ներ իրենց սպա­նե­ցին եւ ջար­դե­ցին զա­նա­զան մի­ջոց­նե­րով:

1933ը վճռա­կան դար­ձա­կէտ մը կազ­մեց Եւր­պա­յի ժա­մա­նա­կից պատ­մու­թեան մէջ: Նա­ցի Գեր­ման­իա, ըստ մեծ պե­տու­թիւն­նե­րուն պատ­ճառ դար­ձած էր Մեծ Պա­տե­րազ­մին, մօտ 60 միլի­ոն մար­դիկ զոհ­ուե­ցան եւ աշ­խարհն ալ տա­պա­լեց փլա­տակ­նե­րուն մէջ:

Ցե­ղա­պաշտ Ատոլֆ Հիթ­լէ­րի վե­րը յիշ­ուած պատ­մա­կան նշա­նա­կու­թիւն ու­նե­ցող յայ­տա­րա­րու­թիւնը Օպեր­սալզ­պեր­կին մէջ, կը վկա­յէ ու կը փաս­տէ Հայ­կա­կան Ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը:

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles