
Լալա Տէմիրճեան-Աթթարեան Յունուար 7, 2013էն սկսեալ` Հ.Օ.Մ.-ի, հայ կանանց համաշխարհային կազմակերպութեան նոր վարիչ-տնօրէնն է: Ան ծնած է Լիբանան եւ իր նախնական կրթութիւնը ստացած է Աթէնքի Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան վարժարանէն ներս, ապա յաճախած է Նիկոսիոյ Մելգոնեան Կրթական Հաստատութիւնը: Համալսարանական ուսումը ստանալէ ետք Պէյրութի Հայկազեանէն` յաճախած է Օքսֆորտ համալսարան եւ համեմատական ու միջազգային կրթութեան մէջ մասնագիտացած:
Լիբանան վերադառնալով, Տէմիրճեան-Աթթարեան աշխատեցաւ Մ.Ա.Կ.-ի, ինչպէս նաեւ տեղական ոչ-կառավարական կազմակերպութիւններու հետ, կեդրոնանալով գաղթականներու աշխատանքի որոնման հմտութիւններու, կրթութեան, վերակառուցման, արհեստավարժութեան եւ պատրաստման ծանօթացման մարզերուն վրայ:
2008ին ան հաստատուեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ եւ աշխատեցաւ հայ կրթական հաստատութիւններէն ներս մինչեւ Հ.Օ.Մ.-ի տնօրէն-վարիչ պաշտօնի ստանձնումը, ըլլալով մի՛շտ աշխոյժ հայ գաղութի կեանքէն ներս:
Տէմիրճեան-Աթթարեան, որ ներկայիս կը զբաղի նաեւ միջազգային կրթութեան մարզէն ներս ուսումնասիրութիւններ կատարելով, հրատարակած է իր աշխատանքներէն մի քանին: «Եւրոպայի Կրթական Համակարգը – Եւրոպական Միութենէն Դուրս“ խորագրով աշխատանքը ներկայիս ընթացքի մէջ է:
Իր ներկայ պաշտօնին մասին խօսելով ան ըսաւ.- «Պատիւ կը զգամ որ ինծի առիթը տրուեցաւ իմ ներդրումս կատարելու Հայ Օգնութեան Միութեան լայնածաւալ գործունէութեան մէջ: Նկատի ունենալով այս կազմակերպութեան դերը Հայաստանի, Արցախի, Ջաւախքի, եւ Սփիւռքի բոլոր գաղութներէն ներս, ես այն կարծիքին եմ, թէ մենք հպարտութեամբ պէտք է որ արդարացնենք մեր 100ամեայ, համաշխարհային կազմակերպութիւն ըլլալու իրողութիւնը, ընդարձակելով մեր աշխարհահայեացքը եւ գործունէութեան տարողութիւնն ու ձեւը: 27 տարբեր երկիրներու մէջ մեր ունեցած երկարամեայ գործունէութիւնը պէտք է Մ.Ա.Կ.-ի մէջ ընդարձակել, ինչպէս նաեւ աշխուժացնել մեր գործակցութիւնը միջազգային ոչ-կառավարական կազմակերպութիւններու հետ“: