
Լիզպոնի “Կիւլպէնկեան“ հիմնարկը, պաշտօնական հաղորդագրութեամբ մը տեղեկացուց, որ դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեան նշանակուած է “Կիւլպէնկեան“ հիմնարկի Հայկական բաժինի վարիչ-տնօրէն: Ան իր պաշտօնը պիտի ստանձնէ այսօր` Փետրուար 1-ին:
Հայկական համայնքներու բաժինի պատասխանատու հոգաբարձու եւ հիմնարկի հիմնադիր Գալուստ Կիւլպէնկեանի թոռնորդին` Մարթին Եսայեան յայտնեց. “Ինծի մեծ գոհունակութիւն կը պատճառէ այն իրողութիւնը, որ դոկտ. Փանոսեան Հայկական բաժինի տնօրէն նշանակուած է: Ան բացառիկ փորձառութեամբ կու գայ այս պաշտօնին եւ մեզի կը բերէ միջազգային ու համադրական անհրաժեշտ հեռանկար: Նշանակումը հետեւած է միջազգային փնտռտուքի մը, որուն մէջ ընդգրկուած էին բազմաթիւ արժանի թեկնածուներ“:
Փանոսեան, դոկտորականի աւարտաճառը պաշտպանած է Լոնտոնի Տնտեսութեան եւ քաղաքական գիտութեանց համալսարանին մէջ, ուր նաեւ դասաւանդած է: Ան բազմաթիւ հրատարակութիւններ ունի հայկական նիւթերու վերաբերեալ, ինչպէս նաեւ` հատոր մը, որ նուիրուած է հայ ազգային ինքնութեան, ու արժանացած է մասնագիտական ջերմ գնահատանքի: Ան լայն փորձառութիւն կուտակած է աւագ կառավարման մէջ, ներառեալ` բազմամիլիոն տոլարնոց ծրագիրներու եւ միջազգային զարգացման նպաստներու: Երկար տարիներ ծառայած է որպէս քաղաքականութեան, ծրագիրներու եւ ծրագրումի տնօրէն` Մոնրէալի մէջ կառավարական կազմակերպութենէ մը ներս: Ան նաեւ աշխատած է Մ.Ա.Կ.-ի Զարգացման ծրագիրին համար: Կը խօսի անգլերէն, ֆրանսերէն եւ հայերէն:
“Ասիկա Սփիւռքի ամէնէն կարեւոր պաշտօններէն մէկն է: Պատրաստ եմ շարունակելու իմ նախորդներուս աշխատանքը եւ ա՛լ աւելի ամրացնելու ու ընդարձակելու հիմնարկի գործը` կեդրոնացեալ ու համակարգեալ ձեւով, աշխարհասփիւռ հայ համայնքներու հետ:…Կ՛ընդունիմ այս պաշտօնը ուրախութեամբ եւ խոնարհութեամբ“, ըսաւ ան: