ՀԱՅ ԴԱՏԻ ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐ` ՔԵՐԻԻՆ

0 0
Read Time:1 Minute, 48 Second

John Kerry, Barbara Boxer, Robert Menendez, Tim Kaine, Hillary Rodham Clinton  ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Հայամէտ Ծերակուտականներ Ռոպերթ Մենենտես (ձախին) եւ Պարպարա Պոքսըր (աջին) հարցումներ ուղղած են Ա.Մ.Ն.ի նորանշանակ Արտաքին Գործոց նախարար` Ճոն Քերիի: 

Արդարեւ,  Ծերակոյտը 94 թեր եւ 3 դէմ քուէներով հաստատած էր Ճոն Քերիի երկրի Արտաքին Գործոց նախարարի պաշտօնին թեկնածութիւնը:

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը, յատուկ հաղորդագրութիւն մը լոյս ընծայելով կը նշէ, որ թեկնածութեան հաստատման ունկնդրութիւններուն ժամանակ Քերրի նաեւ պատասխանած է հայամէտ ծերակուտականներ Ռոպըրթ Մենենտեսի եւ Պարպարա Պոքսըրի հարցումներուն, որոնք վերաբերած են հայութիւնը հետաքրքրող հարցերուն: 

Պատասխանելով Մենենտեսի` Միացեալ Նահանգներու կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման մասին հարցումին` Քերի ըսաւ.- “Արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնին վրայ հաստատուելու պարագային, իբրեւ արտաքին գործոց նախարար, իմ պարտականութիւնս պիտի ըլլայ անաչառ կերպով ներկայացնել նախագահի եւ վարչակազմի քաղաքականութիւնը: Ինչպէս Պարաք Օպաման նշեց Ապրիլքսանչորսեան իր ելոյթին մէջ, 1915-ի փաստերուն ամբողջական, անկեղծ, արդարացի ճանաչումը կը բխի մեր բոլորին շահերէն“: Ան աւելցուց, որ դէպի յառաջ ընթանալը անկարելի է առանց անցեալի փաստերը հաշուի առնելու, եւ թուրք ու հայ ժողովուրդներուն կոչ ուղղեց պատմութեան հետ դէմ յանդիման գալու… “Եթէ ես հաստատուիմ արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնին վրայ, ապա պիտի շարունակեմ մեծապէս աջակցիլ բոլոր այն ջանքերուն, որոնք ուղղուած պիտի ըլլան Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման, այդ երկիրներուն միջեւ խաղաղ, փոխշահաւէտ եւ բարգաւաճ յարաբերութիւններու հաստատման“: 

Պատասխանելով Պոքսըրի այն հարցումին, թէ ի՞նչ քայլերու պիտի դիմէ Ալիեւի կողմէ ներում ստացած Սաֆարովի հարցին կապակցութեամբ, Քերի յայտնեց.- “Երբ Ատրպէյճանի նախագահը Ռամիլ Սաֆարովին ներում շնորհեց, Միացեալ Նահանգներ անմիջապէս իրենց մտահոգութիւնը յայտնեցին Ատրպէյճանի կառավարութեան: Արտաքին գործոց նախարարութիւնն ու Սպիտակ Տունը հրապարակեցին յայտարարութիւններ, որոնց մէջ խոր մտահոգութիւն կը յայտնէին արտայանձնելու եւ ներում շնորհելու փաստի առնչութեամբ: Սաֆարով դատապարտուած էր դաժան սպանութեան համար, եւ Միացեալ Նահանգներ շատ մտահոգուած էին, որ ան պիտի չշարունակէ իր պատիժը կրել: Իբրեւ Մինսքի խմբակի համանախագահող երկիր` Միացեալ Նահանգներ պիտի շարունակեն ջանքեր գործադրել Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման ուղղութեամբ: Միացեալ Նահանգներ կը դատապարտեն բոլոր այն գործողութիւնները, որոնք կրնան շրջանին մէջ լարուածութիւն յառաջացնել եւ վտանգել խաղաղ կարգաւորման գործընթացը: Եթէ արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնին վրայ հաստատուիմ, կարելի ամէն ինչ պիտի ընեմ, որպէսզի կողմերուն օգնեմ հասնելու տագնապի խաղաղ լուծման“ եզրակացուց Ճոն Քերի:

Սաֆարովի հարցին անդրադառնալով ան ըսած է թէ “Երբ Ատրպէյճանի նախագահը Ռամիլ Սաֆարովին ներում շնորհեց, Միացեալ Նահանգներ անմիջապէս իրենց մտահոգութիւնը յայտնեցին Ատրպէյճանի կառավարութեան: 

Արտաքին գործոց նախարարութիւնն ու Սպիտակ Տունը հրապարակեցին յայտարարութիւններ, որոնց մէջ խոր մտահոգութիւն կը յայտնէին արտայանձնելու եւ ներում շնորհելու փաստի առնչութեամբ:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles