Յ.ՊԱԼԵԱՆ
Կարգախօսներու ներշնչած յոյսերէն եւ աղմուկէն ետք կու գայ զարմացնող եւ դառնացնող իրականութիւններու պահը:
Երբեմն կը յիշե՞նք Ֆրանսական Մեծ Յեղափոխութեան օրերուն, իր գլխատումէն անմիջապէս առաջ, կառափնատի (կիյոթին) առջեւ Տիկին Ռոլանի արտասանած հռչակաւոր խօսքը. “Ո՜վ ազատութիւն, ի՜նչ ոճիրներ կը գործուին քու անունովդ“:
Եթէ յիշենք, եւ մեզմէ առաջ ալ մարդիկ յիշած ըլլային, հաւասարակշռուած եւ հակակշռուած նախաձեռնութիւններ կ՛ունենային եւ կ՛ունենայինք, ընկերային կեանքի բոլոր մակարդակներուն, միութենական, կուսակցական, քաղաքական, պետական:
Ժամանակակիցներուս համար մեծապէս հետաքրքրական դարձած են տնտեսական բարձր աճ ունեցող նախապէս թերաճ համարուած երկիրները: Անոնք հակակայսերապաշտական կարգախօսներով դուրս եկան գաղութարարական դրութենէն: Իրենց առաջին օրերուն ժողովրդավարութիւն հաստատելու առաջադրանքով ներկայացան: Բայց գեղեցիկ խօսքերը այդքան մնացին:
Ժողովրդավարութեան իրականացումը կը չափուի պարզ ձեւով. երբ հերթական կերպով եւ օրէնքի սահմանած եղանակով իշխանափոխութիւն եւ իշխանաւորի փոփոխութիւն տեղի կ՛ունենայ, անխարդախ քուէատուփերէ դուրս եկած ժողովրդական կամքով:
Ապագաղութացման յաջորդող ժամանակաշրջանին, սահմանադրութիւններու զաւեշտական շահագործումով, իշխանաւորները յաւերժացան, իրենք զիրենք անփոխարինելի կարծելով (ֆրանսացիները կ՛ըսեն որ գերեզմաննոցները լեցուն են անփոխարինելի մարդոցմով), մինչեւ որ ըմբոստութեան ալիք մը, բանակին կողմէ կատարուած յեղաշրջում մը, կամ քաղաքական սպանութիւն մը, նոր իշխանաւորի մը ծնունդ տուին, որ իր կարգին յաւերժանալու փորձութեան յանձնուեցաւ, յառաջացնելով ճահճացում:
Ապագաղութացման արդիւնքով յառաջացած “նոր ժողովրդավարութիւնները“, արագ աճով, այսօր հետզհետէ աւելի կը հակակշռեն համաշխարհային տնտեսութեան կարեւոր մէկ մասը: Անոնք ծնունդ տուին կայսերապաշտական նոր ոճի մը, շահագործման եւ հարստացման, իրենց երկիրներուն մէջ: Այդ երկիրներուն մէջ դրամագլուխ կուտակուեցաւ, առանց բարձրացնելու բնակչութեան կենսամակարդակը, ստեղծուեցաւ դրամատէրերու նոր խաւ մը, որ ձեռք բերուած շահը դուրս կը բերէ երկրէն, ներդրումներ կատարելով աշխարհի տարբեր շրջաններուն մէջ: Կը գնեն նոյնինքն դրամատիրական երկիրներու գործարանները, գինեգործական այգիները, մեծ հիւրանոցները, մարզական մեծ ակումբները: Ասոնք Չինաստանի, Հնդկաստանի, Ռուսիոյ, Պրազիլիոյ եւ դեռ աւելի փոքր երկիրներու “գործարարներ“ն են: Ասոնց վրայ կը գումարուին նաւթային հարստութիւններու տէր երկիրները, թագաւորները, սուլթանները, իշխանները, որոնք տէր են կուտակուած մեծ դրամագլուխի:
Օրաթերթի ընթերցողը, կամ հեռատեսիլի լուրերուն հետեւողը, առանց ճիգի կը նկատէ, որ այս հարստացումները սեփական երկրի ժողովուրդին չեն նպաստեր, անոր կենսամակարդակի բարձրացման, առողջապահութեան, կրթութեան: Հնդկաստան, Չինաստան, արաբական երկիրներ, Ափրիկէ, այս նոր մեծահարուստները ճոխութիւն կը ցուցադրեն իրենց ապարանքներով, գանձ արժող ինքնաշարժներով, պերճանքի առարկաներով, արուեստի թանկարժէք ստեղծագործութիւններու գնումով:
Եթէ անցեալին գաղութարարները կը կողոպտէին երկիրներու հարստութիւնները, հիմա անհատներ նոյն գործը կը շարունակեն իրենց “ազատագրուած“ երկիրներուն մէջ, ամենուրեք: Անոնք մաս կը կազմեն դրամի իշխանութեան “ապահայրենիք“ շրջանակի մը, ստեղծելով դրամատիրական համամոլորակային նորաձեւ աշխարհ մը, ուր միակ արժէքը անտեսանելի եւ կուտակուող դրամն է:
Միւս կողմէ կը զարգանայ թշուառութիւնը, ամենուրեք, գործազուրկներու, սովահարներու եւ աներդիքներու բազմութեամբ, թերաճ երկիրներու, նաեւ նախկին գաղութարար եւ զարգացած երկիրներու մէջ: Այժմ, հակակայսերապաշտական կարգախօսներով իրենք զիրենք հաստատած երկիրներուն մէջ, անհաւասարութիւնները աւելի մեծ են քան նոյնինքն որպէս կայսերապաշտ ներկայացուած Միացեալ Նահանգներու եւ ընդհանրապէս Արեւմուտքի մէջ:
Դրամագլուխի այս կուտակումին զուգահեռ կ՛ընթանան ժողովրդավարական հաստատման միտող շարժումներ: Անոնք իրականացան, օրինակ, Արժանթին եւ Պրազիլ, առանց խանգարելու դրամագլուխի կուտակումը: Ժողովուրդները չեն օգտուիր դրամի կուտակման բարիքներէն:
Արաբական աշխարհի գարունը նոր է: Բայց պատմութիւնը եւ կրօնաքաղաքական քաղաքակրթութիւնը, կրնա՞ն թոյլ տալ իսկական ժողովրդավարութեան հաստատումը եւ զարգացումը: Աւելի պարզ. պետութիւնը ընկերատնտեսական կազմակերպութեամբ եւ համակարգումով կը զբաղի, կրօնքը խղճի հարց է: Արաբական աշխարհը պիտի ընդունի՞ երկու մարզերը իրարմէ բաժնել: Առանց այդ բաժանման, ժողովրդավարութիւնը ինքզինք պիտի գտնէ զարգացման եւ հաստատման դժուարութեան առջեւ:
Ժողովրդավարութիւնը ի վերուստ բխած եւ անփոփոխելի ճշմարտութիւններու կրկէսը չէ, ինչպէս որ էին “աստուածային իրաւունքով“ իշխող թագաւորները, որոնք կ՛ըսէին` “ես եմ պետութիւնը“:
Ազատ մարդիկ իրենք կ՛որոշեն իրենց օրէնքները, անոնք կ՛որոշեն զիրենք կառավարող սահմանադրութիւնը, այդ օրէնքները կը վերահսկեն արդարութիւնը: Ժողովրդավարութիւնը կարելի է ըմբռնել Յիսուսի խօսքին մէջ, երբ ան կ՛ըսէ` “տալ զկայսերն կայսեր եւ զԱստուծոյն Աստուծոյ“:
Սակայն իրողութիւն է “արաբական գարուն“ը, որ սկսած է, չէ աւարտած, ինչպէ՞ս կ՛աւարտի, ե՞րբ կ՛աւարտէ իր ընթացքը: Այժմ կը գտնուի իր տարերային թափին մէջ, որ վաղը կրնայ հասնիլ կայուն համարուած երկիրներ, ինչպէս Մարօք, Յորդանան, Սէուտական Արաբիա: Արդարութեան հեռանկարով սկսած շարժումները, իշխանափոխութեամբ, հոն ալ կրնան ծնունդ տալ նոր դրամատէրերու եւ դրամագլուխի կուտակումներու, ինչպէս եղաւ Ռուսիոյ եւ խորհրդային նախկին հանրապետութիւններու պարագային, երբ հաւասարութեան դրութենէն ետք յայտնուեցան միլիառատէրեր, որոնք մաս կը կազմեն իրենց նմաններու համաստեղութեան եւ կը մասնակցին միջազգային կեանքի առաջնորդութեան:
Սուրիոյ քաղաքացիական կռիւը այս բարդ կացութեան փորձադաշտն է, ուրկէ կրնայ ծնունդ առնել ժողովրդավարութիւնը կամ անոր հակառակը, որ անուանափոխութեամբ շարունակութիւն կ՛ըլլայ:
Ապագաղութարարութիւնը եւ հակակայսերապաշտութիւնը ինքնաբերաբար ծնունդ չտուին իսկական եւ լիարժէք ժողովրդավարութեան:
Եւ ի հարկէ, այս իրարանցումներու ետին, կայ նաւթային հարստութիւններու հզօր ազդակը, զոր կ՛ուզեն հակակշռել շրջանային եւ համաշխարհային ուժեր, որոնց նպատակը ոչ ժողովուրդներու բարօրութիւնն է եւ ոչ ալ ժողովրդավարութիւնը:
Ժողովրդավարութիւնը երազ մըն է, նոյնիսկ հոն ուր կը կարծենք որ ան կայ:
Դժուար համակարգ է ժողովրդավարութիւնը, որուն համար ամէն օր պէտք է պայքարիլ, մանր շահախնդրութիւններէ եւ փառասիրութիւններէ անդին անցնելով: Ան կը յաջողի երբ մարդը կը դառնայ գերագոյն արժէք եւ մարդիկ կը յաղթահարեն Հոպզի բանաձեւած “մարդը մարդուն գայլն է“ առաւել կամ նուազ համեմատութիւններով տիրող բացայայտ կամ կիսաթաքուն մտայնութիւնը:
Ան մտայնութիւնը չէ միայն միւսին, որուն դէմ կը պայքարինք:
Միջազգային բազմերես տագնապը նոր չէ, նոր թափ ստացած է:
Հռոմի սրբազան քահանայապետ Պիոս ԺԱ., խօսած էր “դրամի միջազգային կայսերապաշտութեան մասին“, որ ոչ սահման կը ճանչնայ, ոչ ալ մորթի գոյն, ոչ յատուկ է մեծերուն եւ ոչ ալ փոքրերուն:
Լաւ կ՛ըլլայ որ մարդիկ երբեմն կարդան ֆրանսացի գրող իմաստասէր ԺանՓոլ Սարթրի թատերախաղերը, ինչպէս “Les mains sales“ը եւ “L՛engrenage“ը:
Բարդութիւնները եւ հակասութիւնները տեսնողներ եւ ըսողներ եղած են, բայց լսողները բացակայ եղած են:
Բայց կը շարունակենք թուղթ մրոտել, ձայնով եւ պատկերով աղմկել ու ընդարմանալ:
Մինչեւ ե՞րբ: