
Շաբաթ , Յուլիս 28, 2012ին, Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի Առաջնորդական փոխանորդ Գրշ. Տ. Անուշաւան Եպկ. Դանիէլեան, յատուկ առաքելութեամբ մը ժամանած էր Տիթրոյթ: Արդարեւ, Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ յարակից ժողովասրահին մէջ, Գերաշնորհ Սրբազան հօր գլխաւորութեամբ` նորանշանակ հոգեւոր հովիւ Արժպ. Տ. Հրանդ Քհնյ. Գէորգեանի հետ ծանօթացման հանդիպում մը տեղի ունեցաւ եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան եւ ազգային երեսփոխաններու հետ:
Սրբազան Հայրը համառօտ գիծերու մէջ ներկայացնելէ ետք Տէր Հօր կենսագրութիւնը, անդրադարձաւ նաեւ անցնող ութ ամիսներուն Ուիսքանսըն նահանգի Րէյսին եւ Ուոքիկըն քաղաքներու Սուրբ Յակոբ եւ Սուրբ Պօղոս Հայոց Առաքելական եկեղեցիներու եւ համայնքի կեանքէն ներս, քահանային նուիրեալ ծառայութեան:
Կիրակի, Յուլիս 29-ին, Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ, Գրշ. Տ. Անուշաւան Եպկ. Դանիէլեան կատարեց սուրբ պատարագ, իր կողքին ունենալով եկեղեցւոյս նորանշանակ հոգեւոր հովիւը:
Յընթացս սուրբ պատարագի, Սրբազան Հայրը փոխանցեց պատշաճ քարոզ մը:
Թեմի Բարձրաշնորհ Տ. Օշական Արք. Չօլոյեանի գլխաւորութեամբ եւ անոր տնօրինումով, նաեւ ազգային վարչութեան ու կրօնական յանձնախումբի միաձեալ որոշումով, Արժպ. Տ. Հրանդ Քհնյ. Գէորգեան նշանակուեցաւ Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ: Արժանապատիւ Տէր Հայրը, աւազանի անունով Սեպուհ Գէորգեան, ծնած է Լիբանանի Այնճար Հայ գիւղաւանը: Երկրորդական ուսումը ստանալէ ետք, երկու տարի հետեւած է Լիբանանի պետական համալսարանի Գիտութեան դասընթացքին: Ան մաս կազմած է Համազգայինի “Կոմիտաս“ եւ Մայրավանքի “Շնորհալի“ երգչախումբին, որոնց առընթեր հետեւած է Համազգայինի “Բարսեղ Կանաչեան“ երաժշտութեան եւ խմբավարի դասընթացքներուն, հսկողութեամբ դասատու Զաքար Քէշիշեանի:
Ան նշանակուած է Այնճար հայ գիւղաւանի Ս. Պօղոս Հայոց Առաքելական եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ վարժարանի պատանեաց պատասխանա-տու: Կազմած է Այնճար հայ գիւղաւանի Համազգայինի “Պարոյր Սեւակ“ մասնաճիւղի մանկապատանեկան “Կաքաւիկ“ երչախումբին, որուն խմբավարութեան առընթեր վարած է նաեւ գիւղաւանի Հ.Յ.Դ. “Կարմի Լեռ“ կոմիտէութեան “Յառաջ“ պատանեկան միութեան երգչախումբը:
Ան երեք տարիներ հետեւած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքի քահանայից դասընթացքներուն, որուն առընթեր հետեւած է նաեւ Պէյրութի ( Near East School of Teology) համալսարանի հովուական Աստուածաբանական դասընթացքներուն:
Թամար Գիւսպէկեանի հետ կազմած ընտանեկան բոյն մը, ան Սեպտեմբեր 2010-ին, Այնճար Հայ գիւղաւանի Սուրբ Պօղոս Հայոց Առաքելական եկեղեցւոյ մէջ, ձեռամբ Գրշ. Տ. Կոմիտաս Արք. Օհանեանի. ձեռնադրուած է Քահանայ, վերանուանուելով Տ. Հրանդ Քհնյ. ի յիշատակ թեմի վախճանած Առաջնորդ` Տ. Հրանդ Արքպ. Խաչատուրեանի անունը:
Միացեալ Նահանգներ ժամանելէն ետք, վեց ամիս Ութըրթաունի (Մասաչուսէց) Սուրբ Ստեփանոս Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւոր Հովիւ Տ. Անդրանիկ Աւգ. Քհնյ. Պալճեանի հսկողութեամբ հետեւած է եկեղեցւոյ ծիսական եւ ներքին կանոնագրութեան: Ապա ան նշանակուեցաւ Ուիսքանսընի Սուրբ Պօղոս Հայոց Առաքելական եկեղեցիներու հոգեւոր հովիւ: Տէր Հայրը անցնող ութ ամիսներուն գիտակից իր հոգեւոր կոչումին հետեւողական աշխատանքով կրցաւ համակրանքը շահիլ համայքին, սիրուեցաւ եւ սիրեց իր հոգեւոր խնամքին յանձնուած հօտը:
Այնուհետեւ Սրբազան Հայրը իր պատգամը ուղղեց Տէր Հօր, յայտնելով.- “Սիրելի Տէր Հայր, Հոգեւորականի մը կեանքի ճամբան, ինչ պայմաններու մէջ ալ գտնուի, ինչ հանգամանք ալ ունենայ, ծառայութիւն է միայն: Եւ այսօր մեր ժողովուրդը եւ եկեղեցի անհրաժեշտ կարիք ունի գիտակից, կոչում, հաւատք ու տեսիլք ունեցող հոգեւորականներու:
Սրբազան Հայրը իր խօսքը եզրափակեց յաջողութեան մաղթանքներով, Տէր Հօր, Սուրբ Սարգիս Եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան, յարակից մարմիններուն եւ համայնքին: