ԲԱԿՕ ՍԱՀԱԿԵԱՆ ՎԵՐԸՆՏՐՈՒԵՑԱՒ ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀ

0 0
Read Time:1 Minute, 51 Second

 Յուլիս 19, 2012-ին, Արցախի Հանրապետութեան մէջ տեղի ունեցան նախագահական ընտրութիւններ, որոնց մասնակցեցան քուէարկողներուն 73 առ հարիւրը: Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբի նախագահ Ռաշիտ Պետրոսեան հրապարակեց յանձնախումբի հաղորդագրութիւնը` Արցախի Հանրապետութեան 2012 թուականի նախագահական ընտրութիւններու քուէարկութեան ընթացքին մասին: Այսպէս, Արցախի Հանրապետութեան նախագահական ընտրութիւններուն մասնակցած է 72.833 մարդ, այսինքն` ընտրողներուն 73.43 առ հարիւրը:

Թեկնածուներ՝ Վիթալի Բալասանեան եւ

Քուէներուն երկու երրորդը ստանալով, Բակօ Սահակեան վերընտրուեցաւ Արցախի նախագահ: Ան քուէարկեց Ստեփանակերտի թիւ 24 ընտրատեղամասին մէջ: Նշենք թէ Արցախի Հանրապետութեան նախագահի պաշտօնին համար, Սահակեանի կողքին, նաեւ իրենց թեկնածութիւնը դրած էին Արցախի Հանրապետութեան հերոս Վիթալի Բալասանեան եւ Հայաստանի գիւղատնտեսութեան համալսարանի Արցախի մասնաճիւղի ուսումնական բաժնի փոխտնօրէն Արկադի Սողոմոնեան: Նախագահ Բակօ Սահակեան կարեւոր նկատեց ընտրութիւններուն դերը Արցախի Հանրապետութեան կեանքին մէջ` աւելցնելով, որ անոնք ցոյց կու տան երկրին մէջ ժողովրդավարութեան իրական աստիճանը, Արցախի հաւատարմութիւնը միջազգային չափանիշերուն եւ ցուցանիշերուն: Սահակեանի կարծիքով` այս անգամ եւս Արցախի մէջ յաջողած են բարձր մակարդակով եւ միջազգային չափանիշերուն համապատասխան իրականացնել նախընտրական քարոզարշաւը` բոլորին համար հաւասար պայմաններով` ազատ ու թափանցիկ:

…Հայաստանի գիւղատնտեսութեան համալսարանի Արցախի մասնաճիւղի ուսումնական բաժնի փոխտնօրէն Արկադի Սողոմոնեան

Ստեփանակերտի մէջ ընտրութիւններուն մասնակցած է 25,054 ընտրող կամ` ընտրողներու 68.40 տոկոսը: Ասկերանի շրջանին մէջ  9264 կամ 79.87 տոկոսը: Հադրութի շրջանին մէջ ընտրողներուն թիւը 7136 է կամ ընտրողներուն 82.72 տոկոսը: Մարտակերտի շրջանին մէջ ընտրութիւններուն մասնակցած է 9904 մարդ կամ 75.14 տոկոս, Մարտունիի շրջանին մէջ` 12.069 կամ 70.31 տոկոսը, Շահումեանի շրջանին մէջ 1533 կամ 86.37 տոկոսը, Շուշիի շրջանին մէջ ընտրած է 2680 անձ կամ 74.26 տոկոսը, Քաշաթաղի շրջանին մէջ  4701 ընտրող կամ 77. 45 տոկոսը: Երեւանի մէջ ընտրութիւններուն մասնակցած է 492 ընտրող կամ ընդհանուր թիւին  92.31 տոկոսը: Աշխարհի տարբեր երկիրներէ իբրեւ դիտորդ ժամանած էին 81 միջազգային դէտեր, որոնք հետեւեցան նախագահական ընտրութիւններուն: Ոմանք լրագրողներու հետ ունեցած իրենց զրոյցներուն ընթացքին փոխանցեցին իրենց տպաւորութիւնները:Աւստրիացի դէտ Ալեքսանտր Շտելզըլ յայտնեց, որ տեղւոյն բնակիչները չեն կասկածիր ընտրութիւններուն արդար ըլլալուն վրայ, ինչ որ օրինականութիւն կու տայ իշխանութիւններուն եւ անոնց տալիք որոշումներուն:Կիպրացի դէտ Եանիս Խարալամփիտիս յայտնեց, թէ պատշաճօրէն կատարուած են Արցախի նախագահական ընտրութիւնները: Պուլկարիոյ խորհրդարանի պատգամաւոր Փաւել Չերնեւ դիտել տուաւ, որ նախագահական ընտրութիւններուն ընթացքին նոյնիսկ ամէնէն փոքր գիւղերուն մէջ ընտրակեդրոնները լրացուցած են համապատասխան  պայմանները:       Թեկնածուներ՝ Վիթալի Բալասանեան եւ …Հայաստանի գիւղատնտեսութեան համալսարանի Արցախի մասնաճիւղի ուսումնական բաժնի փոխտնօրէն Արկադի Սողոմոնեան

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles