
«Անձնատուութիւնը էապէս ընթացք մըն է, որմով կը սկսինք բացատրել փոխանակ գործելու»:
Շարլ Փեկի, ֆրանսացի հայրենասէր բանաստեղծ, զոհ պատերազմի (1873-1914)
Ինծի պէս շատեր կը հետեւին, հետեւած պիտի ըլլան 100+1-ի նախօրեակին, նոյն օրը եւ յաջորդող օրերուն տրուած տեղեկութիւններուն՝ ձեռնարկներու թղթակացութիւններուն, յայտարարութիւններուն, ճառերուն, որոնք հազուադէպօրէն վաղուան տեսիլքի մասին կը խօսին:
Սովորաբար կ’ըսուի, որ պէտք չէ քննադատել եղածները: Լաւ է որ անոնք կ’ըլլան: Սակայն տարելիցէ մը առաջ եւ վերջ, ի՞նչ պէտք է ընել ազգի մէկութիւնը եւ ինքնութիւնը պահել-վերականգնելու համար: Առանց պահել-վերականգնելու մնայուն լարումին եւ կենսագործման, «տօնել-տօնախմբելու» խաղը կը շարունակուի:
«Փանթիւրքիզմ»ին նպաստ բերելու կոչուած ազրպէյճանական նախայարձակումը ցեղասպանութեան 100+1 տարելիցին ազգասիրական-քաղաքական-յուզական բովանդակութիւն տուաւ: Սակայն ոչ երբ մենք մեզի հետ ենք եւ ոչ ալ «քաղաքական» մակարդակի վրայ, օրակարգ չեղաւ ՀԱՅՐԵՆԱՀԱՆՈՒՄը, որուն ռազմավարական շարունակութիւնն է ապրիլ ամսուան առաջին օրերուն Արցախի դէմ շղթայազերծուած նախայարձակումը:
Ցեղասպանութեան զոհերը կրնանք սգալ: Հայրենահանումն է քաղաքական հարցը, որ չ’արծարծուիր: Որուն ազգային գաղափարախօսութեամբ պատասխան չենք տար:
Հայրենահանման դէմ քաղաքական պատասխանը հայրենատիրութիւնն է:
Իսկ այդ հայրենատիրութիւնը ներկայութեամբ կ’ըլլայ: Արտագաղթը հայրենատիրութեան հակառակն է: Հայրենադարձութեան բացակայութիւնը, իր կարգին, հայրենատիրութեան հակառակն է, զայն կը փորձենք փոխարինել բարեսիրութեամբ, օժանդակութեամբ, ճառերով: Այս չի նշանակեր, որ սփիւռքի նպաստը արհամարհելի է, բայց ան իսկական պատասխանը չէ հայրենահանման:
Հայրենադարձութիւնը ազգային նպատակասլաց ռազմավարութիւն է, որ ուղղութիւն պէտք է տայ մեր բոլոր նախաձեռնութիւններուն: Ան էական նշանակութիւն ունի հայրենիքին համար, ինչպէս որ ան կայ այսօր, բովանդակութիւն կու տայ հայկական պահանջատիրութեան, եւ հայրենահանուածները, ներառեալ արտագաղթողները, կը փրկէ ուծացումէ: Ճկոյթի ետին պէտք չէ թաքնուիլ: Առանց հայրենադարձութեան, գաղութները հզօր ըլլան կամ տկար, դատապարտուած են ուծացման: Անմիջական ներկայի յուսադրիչ պակերները եւ աղմուկը վաղուան երաշխիք չեն: Լաւատեսութիւնը դրական վերաբերում է, սակայն պճեղ մըն ալ իրատեսութիւն օգտակար է: Բաժակին լեցուն մասով խանդավառուիլ հեռատեսութիւն չէ, պէտք է դիտել նաեւ բաժակին դատարկ մասը: Իսկ մեծ գիտնական ըլլալու կարիք չկայ տեսնելու համար, որ այդ դատարկ մասը կ’աճի, ոմանք կ’ըսեն՝ արագ, ուրիշներ կ’ըսեն՝ դանդաղ:
Հայրենադարձութեամբ ոչ միայն հայրենատէր կ’ըլլանք, այլ տէր կը մնանք մեր լեզուին, անով հասած մշակոյթին եւ ինքնութեան: Իսկ բազմագոյն սփիւռքները կը կորսնցնեն լեզուն, այդ ընթացքը անյեղլի է, հակառակ հերոսական ճիգերու, հին եւ նոր հայկական վարժարաններու: Հայրենահանման անմիջական հետեւանք է հայրենահանուածներու սպառնացող մշակութասպանութիւնը, որ իր լրումին կը հասցնէ վերապրածներու եւ անոնց ժառանգներու անարիւն սպանութիւնը:
Ֆրանսայի հարաւը կը բնակին պասքեր, ֆրանսացի են, գաղութ չեն: Անոնք կառչած են իրենց լեզուին, որ ընդունուած է որպէս «շրջանային լեզու»: Հայերէնը նման իրավիճակ չունի Հայաստանէն դուրս, քանի որ հայերը իրենց ապրած երկիրներուն մէջ շրջանային արմատներ չունին, պատմութիւն չունին, գաղթական էին եւ հիմա քաղաքացի են, իրաւունքներով եւ պարտաւորութիւններով: Պասքերը իրենց հողին վրայ են, պատմական արմատներով: Հեռատեսիլային հաղորդման մը ընթացքին, պասք կին մը ըսաւ, որ «եթէ կորսնցնենք լեզուն, պիտի մնայ բացիկներու (carte postale) վրայ մնալու մխիթարութիւնը»: Իսկ ի՞նչ պիտի մնայ հայկական սփիւռքներէն, երբ անոնց ոտքին տակ հայրենի հող չկայ եւ երբ կորսուի նաեւ լեզուն: Ինտոնեզիոյ հայկական եկեղեցին զբօսաշրջիկներուն ցոյց կը տրուի որպէս երկրի ամենահին քրիստոնէական տաճարը… Խիստ յուզիչ: Բայց ի՞նչ ընելու համար: Յետո՞յ…
100+1: 100+2-ին հայրենի պետութիւնը, սփիւռքներու կազմակերպութիւնները եւ միութիւնները, պիտի ըսե՞ն, թէ ինչպէս հայրենահանման չարիքին դէմ պայքարեցան եւ քանի հարիւրի, հազարի կամ տասը հազարի հայրենադարձութիւնը իրականացուցին:
Մեր գնահատումները ըստ հայրենադարձութեան ընելու իրատեսութիւնը եւ յանդգնութիւնը կ’ունենա՞նք:
Հայրենադարձութեամբ միայն կարելի է պայքարիլ հայրենահանման դէմ:
Հայկական սփիւռքներուն կարելի կ’ըլլա՞յ այս պարզ ազգային գաղափարախօսութիւնը ներշնչել: Ֆրանսացի հայրենասէր բանաստեղծին պէս պէտք է մտածել եւ գործել. «Անձնատուութիւնը էապէս ընթացք մըն է, որմով կը սկսինք բացատրել փոխանակ գործելու»:
Սփիւռքը մնայուն համարելու ընթացքին անձնատուութենէ այլ բնորոշում կարելի՞ է տալ: