100-ՐԴ ՄՈ­ՄԷՆ ԱՌԱՋ ԵՒ ՎԵՐՋ

0 0
Read Time:18 Minute, 15 Second

light-a-candle2  ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

 

Շա­տոնց վերջ գտած են, առ ի յի­շա­տակ 1915-ի Ապ­րիլ 24ի կամ Մեծ Եղեռ­նի կամ աւե­լի ճիշդ Հայ­կա­կան Ցե­ղաս­պա­նու­թեան յա­տուկ, հա­յու­թեան կա­տա­րած աշ­խար­հա­տա­րած ցոյ­ցե­րը, ոգե­կո­չում­նե­րը, ուխ­տագ­նա­ցու­թիւն­նե­րը, յի­շա­տա­կի երե­կո­նե­րը եւ ան­շուշտ գե­ղար­ուես­տական յայ­տա­գիր­նե­րը, հայ եւ օտար դէմ­քե­րուն` այս առ­թիւ ար­տա­սա­նած բազ­մա­թիւ պերճա­խօս ճա­ռե­րը, խոս­տում­ներն ու խրա­խու­սա­կան խօս­քե­րը, խուն­կով եւ աղօթ­քով պա­րուրուած հո­գե­հանգստ­եան արա­րո­ղու­թիւն­նե­րը, ջա­հերթ­ներն ու քայ­լար­շաւ­նե­րը:

Տա­կա­ւին` պատ­մա­կան յու­շար­ձան­նե­րու, հա­մա­լիր­նե­րու, յու­շա­կո­թող­նե­րուն նուիր­ուած ծա­կեպ­սակ­նե­րուն ու միլի­ո­նա­ւոր մե­խակ­նե­րուն յի­շա­տա­կե­լի նկար­նե­րը միայն մնա­ցած են:

Նա­եւ շա­տոնց լռած ու մա­րած է աշ­խար­հով մէկ տեղ, մարդ­կու­թեան ականջ­նե­րուն հասցէ­ագր­ուած հա­յու­թեան պա­հան­ջա­տի­րու­թեան աղ­մու­կը:

Ու ամէն տա­րի աւան­դա­պա­հօ­րէն նոր մոմ մը վա­ռե­լով, յի­շա­տա­կե­լի այս օր­ուան ոգե­կոչման առ­թիւ մեր վա­ռած մո­մե­րու թիւը հաս­ցու­ցած ենք 98ի եւ վճռած ենք շա­րու­նա­կել…:

Կը կար­ծեմ, որ բո­լո­րիս պար­տա­կա­նու­թիւնն է, մեր պատ­մու­թեան եզ­րին պահ մը կանգ առ­նել, ցարդ մեր աշ­խա­տանք­նե­րուն մա­սին հաշ­ուեկ­շիռ մը ընել եւ ապա մենք մե­զի հարց տալ. թէ ի՞նչ կամ ին­չեր ըրինք եւ կամ աս­կէ ետք ին­չեր պի­տի ընենք կամ կրնանք ընել:

Յստակ ըսեմ, որ շա­տե­րու նման ին­ծի հա­մար ալ Հայ­կա­կան Ցե­ղաս­պա­նու­թեան մա­սին գրել կամ կար­դալ կը նշա­նա­կէ դարձ­եալ հա­ղոր­դակ­ցիլ մեր տա­ռա­պե­լի անց­եա­լին հետ:

Յու­զիչ ու նոյն­քան ալ ծանր:

Բայց միւս կող­մէ այն­պէս կը թուի, թէ կար­ծես ժա­մա­նա­կէ մը ի վեր հայ­կա­կան երկ­նա­կամա­րին վրայ տե­սա­նե­լի է անօ­րի­նակ աճա­պա­րանք մը:

Այս­պէս` հայ­րե­նի­քի եւ հա­յա­հոծ կարգ մը գա­ղութ­նե­րէ ներս սկսած են Հայ­կա­կան Ցե­ղասպա­նու­թեան յա­տուկ մեծ ու փոքր տա­րո­ղու­թեամբ խորհր­դա­ժո­ղով­ներ գու­մար­ուիլ, գի­տաժո­ղով­ներ կազ­մա­կերպ­ուիլ, զա­նա­զան յանձ­նա­խում­բե­րու ծնունդ տալ եւ տա­կա­ւին շատ ու­րիշ բա­ներ: Տե­սակ մը ազ­գա­յին մեծ շար­ժում մը ծնած է: Կայ: Նո­րու­թիւն է:

Այս բո­լո­րը ան­շուշտ, թե­րեւս անոր հա­մար, որ ար­դէն Մեծ Եղեռ­նի յի­շա­տակ­ման հա­րիւ­րամեա­կը մօ­տե­ցած է, կամ շու­տով կը մօ­տե­նայ:

Ար­դէն իսկ մօ­տիկ է: Ըն­դա­մէ­նը եր­կու տա­րի:

Կար­ծէք կա­յա­րա­նը հաս­նե­լու վրայ էինք կամ ենք եւ հի­մա ալ կը վախ­նանք, որ շո­գե­կառ­քը յան­կարծ կրնանք “փախց­նել“: Վեր­ջին պա­հու քրտնա­թոռ աճա­պա­րանք:

Կաս­կա­ծէ դուրս է, թէ հայ ան­մեղ նա­հա­տակ­նե­րու յու­շը մին­չեւ հի­մա կը խռո­վէ մեզ եւ մեր իրա­րա­յա­ջորդ սե­րունդ­նե­րու հո­գի­նե­րը:

Գի­տենք, որ Ապ­րիլ­եան 98րդ յի­շա­տա­կու­մը հա­սաւ եւ ան­ցաւ ու բնա­կա­նա­բար մեր առ­ջեւ նոր օրեր բաց­ուե­ցան, որոնք շատ հա­ւա­նա­բար լե­ցուն պի­տի ըլ­լան տխուր եւ կամ ու­րախ անակն­կալ­նե­րով:

Ան­շուշտ այս բո­լո­րը ըն­դու­նինք կամ ոչ, պայ­մա­նա­ւոր­ուած են Հայ­կա­կան Ցեղաս­պա­նութեան ճա­նաչ­ման մեր հա­ւատ­քին, մեր գի­տակ­ցու­թեան, մեր գոր­ծե­լա­կեր­պե­րուն եւ մեր այս առ­թիւ տա­նե­լիք աշ­խա­տանք­նե­րուն յա­րա­տեւ թա­փին եւ լրջու­թեան հետ:

Գի­տենք նա­եւ, որ այս ճա­նաչ­ման հար­ցը այ­սօր աշ­խար­հի հզօր պե­տու­թիւն­նե­րը իրենց շա­հե­րէն մեկ­նած, կ՛օգ­տա­գոր­ծեն իբ­րեւ լծակ` Թուրք­իոյ վրայ ճնշում բա­նեց­նե­լու հա­մար: Այս մէ­կը բա­ցա­յայտ է եւ իրո­ղու­թիւն:

Աւե­լի ճիշդ նոյն այս մե­ծե­րը, կար­ծես կ՛ու­զեն մեր դա­տը շա­հա­գոր­ծել: Տե­սակ մը “քա­ղաքա­կա­նու­թիւն“ կը խա­ղան թէ՛ թուր­քին եւ թէ՛ մե­զի հետ: Թուրքն ալ իր կար­գին հար­կաւ լաւ գի­տէ, որ Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նա­չու­մէն ետք, հա­յե­րու յա­ջորդ պա­հանջք­նե­րը պի­տի ըլ­լան հայ­կա­կան հո­ղա­յին տա­րածք­նե­րու վե­րա­դար­ձը, ապա նիւ­թա­կան հա­տու­ցու­մը: Անոր հա­մար է, որ ան յա­մա­ռօ­րէն կառ­չած է իր տե­սա­կէ­տին վրայ:

Ան­պայ­ման քա­ղա­քա­գէտ ըլ­լա­լու պէտք չկայ հասկ­նա­լու կամ վեր­լու­ծե­լու հա­մար ներ­կա­յի մեծ պե­տու­թիւն­նե­րու դիւա­նա­գի­տա­կան այս խա­ղե­րը:

Ար­դէն տաս­նամ­եակ­նե­րէ ի վեր ակա­նա­տես եւ ական­ջա­լուր ենք այս բո­լո­րին: Յոգ­նե­ցանք:

Իրո­ղու­թիւն է նա­եւ, թէ մին­չեւ այ­սօր Թուրք­ի­ան, Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու օրհ­նու­թեամբ, եր­բեք չէ զի­ջած այլ` միշտ “յաղ­թա­նա­կած է“: Իսկ մենք ալ ամէն յար­մար առի­թով, մեծ պե­տու­թիւն­նե­րու դռնե­րը թա­կած են բո­ղո­քե­լով, թէ թուր­քը “պէտք է ըն­դու­նի անց­եալ դա­րաս­կիզ­բին կա­տա­րած իր ոճ­րա­գոր­ծու­թիւնը եւ հա­տու­ցա­նէ հայ ժո­ղո­վուր­դին պատճա­ռած վնա­սը“:

Լա­ւա­տեղ­եակ ենք նա­եւ, որ տա­րի­ներ առաջ կա­թո­լիկ եկե­ղե­ցին իր գոր­ծած մեղ­քե­րուն հա­մար, Հռո­մի պա­պը հա­մայն մարդ­կու­թեան առ­ջեւ նե­րո­ղու­թիւն խնդրած էր:

Այս ար­դէն ինք­նին մարդ­կա­յին խո­նար­հու­թեան մե­ծա­գոյն դրսե­ւո­րումն էր:

Զղջալն ալ ամօթ չէ, կ՛ըսենք եւ կը թե­լադ­րենք շատ յա­ճախ: Թուր­քին հա­մար պարզ պէտք է ըլ­լայ, որ այս խնդրին առա­ջին եւ վեր­ջին իրա­ւա­տէ­րը հայ ժո­ղո­վուրդն է:

Այս իրա­կա­նու­թիւնը ժա­ռան­գած ենք եւ մեր կար­գին ալ կ՛աւան­դենք մեր նոր սե­րուն­դին: Այս մէ­կը` կաս­կած չըն­դու­նիր:

Ասով հան­դերձ հա­մոզ­ուած ենք, որ Թուրք­ի­ան, որ­քան ալ խու­սա­փի, չի կրնար հեր­քել իր այս ան­մարդ­կա­յին արար­քը: Օր մը չէ օր մը ան պի­տի ըն­դու­նի իր կա­տա­րա­ծը: Ոճի­րը:

Հա­ւա­նա­բար այս օրե­րուն ան սար­սա­փի իր մեղ­քը ըն­դու­նե­լէ, որով­հե­տեւ ինքն ալ քաջ գի­տէ, թէ մեղ­քը ըն­դու­նե­լուն պի­տի յա­ջոր­դէ ան­կէ ծնունդ առած իրեն հա­մար անըն­դունե­լի եւ անա­խորժ շատ մը հե­տե­ւանք­ներ: “Ար­ժա­նա­պա­տուու­թեան“ հա՞րց: Վրաս գրէ:

Յա­ճախ կ՛ըսեմ, անց­եալ մը ու­նինք յա­ւեր­ժա­կան: Հպարտ կամ տխուր սա­կայն ան միայն մե­զի կը պատ­կա­նի, մեր ազ­գին եւ մեր հայ­րե­նի­քին:

Իր հո­ղե­րէն տա­րագր­ուած ու տե­ղա­հան­ուած մեր ժո­ղո­վուր­դին մէ­կու­կէս միլի­ո­նը ջարդ­ուած ըլ­լա­լով, հա­յը կ՛ու­նե­նար մեծ կո­րուստ­ներ թիւի, հո­ղե­րու, նիւ­թա­կան հարս­տութեան եւ դա­րե­րու մշա­կոյ­թին:

Ահա 20րդ դա­րու մեր անց­եա­լէն ցա­ւա­լի, նոյն­քան արիւ­նոտ ու մեծ պա­տառ մը:

Չմոռ­նանք սա­կայն, որ այս տխուր անց­եա­լին կող­քին ու­նինք նա­եւ ներ­կայ մը, կապ­ուած ժա­մա­նա­կին հետ:

Անոր հա­մար, Ապ­րիլ­եան մեր ոգե­կո­չում­նե­րուն ոչ միայն յար­գանք կը մա­տու­ցա­նենք, այ­լեւ մեր անց­եա­լը կը յի­շենք եւ կը փոր­ձենք իրա­զեկ գո­հու­նա­կու­թեամբ կար­դալ մեր ներ­կան, որ­պէս­զի ծրագ­րենք մեր ապա­գան:

Վստահ եմ, որ բո­լո­րիս մօտ ցե­ղաս­պա­նու­թեան մա­սին խօս­ուած ճա­ռե­րը եւ կամ ցարդ ձեռք ձգուած ու բեր­ուած յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րը մե­զի որոշ չա­փով մխի­թա­րու­թիւն բե­րին:

Յե­տոյ ի՞նչ սա­կայն:

Ան­կեղ­ծօ­րէն ըսե­լով, տա­կա­ւին եր­կար տա­րի­ներ անձ­նա­պէս դրաց­նու­թիւն ընե­լէ ետք, Կլէն­տէյ­լի մեր ապ­րած թա­ղի օտար դրա­ցի­նե­րէն շա­տեր ան­տեղ­եակ են մեր ժո­ղո­վուր­դի մա­սին, մեր դա­տի մա­սին, հա­յու ազ­գա­յին մեծ ցա­ւին, կո­րուս­տին ու վիշ­տին մա­սին:

Յան­ցա­ւոր չեմ փնտռեր: Բայց…:

Այն­պէս կ՛երե­ւի, թէ մեր կար­գին մենք ալ յոգ­նած ենք մի­եւ­նոյն կար­գա­խօ­սե­րը լսե­լէ: Մեր ճա­ռե­րուն եւ յոր­դոր­նե­րուն մէջ “պէտք է“ բա­ռին գոր­ծա­ծու­թիւնը մեզ յա­ճախ դէ­պի ձանձ­րոյթ առաջ­նոր­դած է:

Անոր հա­մար, մեր մտքե­րը նոր զար­թօն­քի մը կա­րի­քը ու­նին, իսկ մեր աշ­խա­տանք­նե­րը նոր ար­շա­լոյ­սեր առաջ­նոր­դող­նե­րու. կա­րօ­տով կրկնած եմ շա­րու­նակ:

Կաս­կած չկայ, որ ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նա­չու­մը նոր էջ մը պի­տի բա­նայ կամ կրնայ բա­նալ մեր ազ­գա­յին պատ­մու­թեան մէջ: Այս ձե­ւով, թէ­եւ ան­մեղ մեր զո­հե­րու յու­շը պի­տի չխամ­րի, բայց կը կար­ծեմ, որ վերջ ի վեր­ջոյ մեր ապա­գայ սե­րունդ­նե­րը պի­տի կա­րո­ղա­նան ձեռ­բա­զատ­ուիլ “զո­հի“ բար­դոյ­թէն:

Մեր աչ­քե­րը ու­ղե­լով մեր նոր վաղ­ուան, վերջ ի վեր­ջոյ ստիպ­ուած ենք հաշ­ուի առ­նել, թէ ինչ պայ­ման­ներ կը պա­շա­րեն մեզ:

Այ­սօր շեշ­տա­ւոր­ուած իրա­կա­նու­թիւն մը կայ: Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն վե­րապ­րող­նե­րու թիւը ար­դէն նօս­րա­ցած է եթէ ոչ գրե­թէ չքա­ցած: Եր­կու տարի­էն դար մը պատ­մու­թիւն պի­տի ու­նե­նայ մեր ազ­գա­յին վիշ­տը:

Եր­կու տա­րի ետք պի­տի վա­ռենք յ­ի­շա­տա­կի 100րդ մո­մը: Սար­սա­փե­լի է եւ փշա­քա­ղող:

Հի­մա հարց է, թէ իբ­րեւ Սփիւռ­քի մէջ ապ­րիլ շա­րու­նա­կող հա­ւա­քա­կա­նու­թիւն, այս թուա­կա­նէն ի՞նչ հե­ռա­ւո­րու­թեան վրայ կը գտնուինք:

Որ­քա­նո՞վ լուրջ եւ առողջ է մեր գի­տակ­ցու­թիւնը:

Արդ­եօք պատ­րա՞ստ ենք դի­մա­ւո­րել մեր ձեռք ձգե­լիք կամ մե­զի յանձն­ուե­լիք “նո­րու­թիւննե­րուն“:

Պա­տաս­խա­նը մեզ­մէ իւ­րա­քան­չիւ­րիս մօտն է:

Այս բո­լո­րը կրկին ան­գամ հրա­պա­րա­կով հնչեց­նե­լը անհ­րա­ժեշտ պայ­ման կը նկա­տենք, որով­հե­տեւ լա­ւա­տեղ­եակ ենք, թէ ներ­կա­յիս թէ՛ հայ­րե­նի­քի եւ թէ՛ Սփիւռ­քի տա­րած­քին ազ­գո­վին վտան­գա­ւոր պա­հեր կ՛ապ­րինք:

Հա­կա­ռակ այս իրա­կա­նու­թեան, տա­կա­ւին մեզ­մէ շա­տեր հե­ռու կը մնան հա­յու աղ­մու­կէն: Կը սի­րեն միայն խօ­սիլ, եր­կար խօ­սիլ, պո­ռալ, քննա­դա­տել, ձե­ւով մը իրենց մաղ­ձը թա­փել:

Սա­կայն մեր ժա­մա­նա­կը անն­կատ անց­նե­լը դա­ւա­ճա­նու­թեան հա­մա­զօր է. կը կրկնեմ: Ժամա­նա­կը իր ըն­թաց­քը չի դան­դա­ղեց­ներ: Պէտք է ետե­ւէն հաս­նիլ: Իսկ գործ­նա­կան ըլ­լա­լը եւ մենք զմեզ դի­տե­լու քա­ջու­թիւնը ու­նե­նա­լը մե­զի հա­մար օդի ու ջու­րի չափ կեն­սա­կան են, մեր գի­տա­կից հա­սու­նու­թեան կող­քին:

Կեն­սա­կան են նա­եւ մեր թշնա­մին լաւ ճանչ­նա­լու եւ իրաւ դաշ­նա­կից­նե­րը ընտ­րե­լու մեր անթ­նու­թիւնն ու ողջմ­տու­թիւնը:

Կրկնե­լու գնով ըսեմ, որ նման միտ­քե­րու շա­րու­նա­կու­թիւնը մի միայն կախ­եալ է մեզ­մէ, մեր խիղ­ճէն եւ իմա­ցա­կա­նու­թե­նէն:

Ազ­գա­յին յանձ­նա­ռու­թիւն կը քա­րոզ­ուի: Ազ­գա­յին դի­մա­գի­ծի պահ­պա­նում կը շե­փոր­ուի: Նման պա­րա­գա­նե­րուն հար­կա­ւոր է ամէն գա­ղու­թէ ներս տես­նել ներ­կա­յու­թիւնը ուխ­տապահ հա­յոր­դի­նե­րու հա­ւա­քա­կա­նու­թեան, կը կար­ծեմ: Առանց նման երի­տա­սար­դու­թեան` մեր հար­ցե­րըիրենց ար­դար լուծ­ման չեն յան­գիր: Երի­տա­սար­դու­թիւնն է մեր ապա­գան:

Անց­եա­լին կրցած էինք յա­ւեր­ժա­նալ: Յա­ջո­ղած էինք չմեռ­նիլ եւ մահ­ուան յաղ­թել ու վե­րապ­րիլ: Ահա մեր ազ­գա­յին ու­րիշ մէկ դրա­մագ­լու­խը: Օգտ­ուինք:

Կը կար­ծեմ, որ ներ­կա­յիս ո՛չ ոք պար­կեշ­տօ­րէն կոչ­ուած է փրկե­լու մեզ: Ո՛չ մէ­կը նպա­տակ ու­նի ան­կեղ­ծօ­րէն մե­զի ձեռք եր­կա­րե­լու: Ո՛չ մէ­կը մտա­հոգ է մեր փոքր ած­ուին ճա­կա­տագրով: Ամէն մարդ նախ իր շա­հը կը փնտռէ: Բո­լոր մե­ծե­րը իրենց գե­րա­գոյն շա­հե­րէն մեկ­նած մե­զի խոս­տում­ներ կը կա­տա­րեն եւ կամ` “կը խաղց­նեն“:

Հաս­տատ գի­տենք, որ սու­գը, լացն ու հեծկլ­տու­քը տաս­նամ­եակ­նե­րով, մեզ տեղ մը չհաս­ցու­ցին: Հրա­պա­րա­կա­յին դժգո­հու­թիւնը եւ դա­տա­պար­տու­մը ոչինչ փո­խե­ցին մեր էու­թե­նէն ու այս­քան տա­րի­ներ ետք թե­րեւս մա­զա­չափ մը նպաս­տե­ցին մեր դա­տին:

Հայ Դատ մը ու­նինք: Շա­տեր նոյ­նիսկ այս մէ­կը պա­տա­հա­կան կը յի­շեն: Անոր հա­մար տեւա­բար կը յի­շեց­նենք: Կը պատ­մենք: Կը պո­ռանք: Ցոյ­ցեր կը կազ­մա­կեր­պենք: Կը թե­լադրենք եւ կը շեշ­տենք, որ Հայ Դա­տը իր հետ թէ­եւ կը բե­րէ ցե­ղի մը բար­բա­րո­սու­թեան պատ­կե­րը, բայց միւս կող­մէ ալ` մեր ժո­ղո­վուր­դին ապ­րե­լու կամքն ու վճռա­կա­նու­թիւնը կ՛ար­տա­ցո­լաց­նէ:

Դատ ըսի, սա­կայն ո՞ւր է դա­տա­րա­նը: Ո՞վ է դա­տուողն ու ար­դա­րու­թիւն ճշդո­ղը:

Ո՞ւր մնաց Սեւ­րի դաշ­նա­գի­րը: Ո՞վ է զայն հե­տապն­դո­ղը: Ո՞ւր են եւ ո՞ւր մնա­ցին այս պատ­մա­կան դաշ­նա­գի­րը ստո­րագ­րող գրիչ­նե­րուն տէ­րե­րը: Այս բո­լո­րը թշնամի­ին դրօ­շա­կը այ­րե­լով չենք կրնար իրա­կա­նաց­ներ: Հաս­տա­տօ­րէն: Նոր Ուոտ­րօ Ուիլ­սըն մը պէտք է փնտռենք:

Հա­պա միւս կող­մէ ալ, ամէն առի­թով պո­ռա­լով մեր թշնամի­էն մեր հո­ղե­րը կը պա­հան­ջենք, կը պո­ռանք, բարձ­րա­ձայն կը բո­ղո­քենք, առանց սա­կայն անդ­րա­դառ­նա­լու, որ ամէն օր մեր հայ­րե­նի հո­ղե­րէն կա­մո­վին կ՛ար­տա­գաղ­թենք: Ո՞վ է ասոնց մա­սին մտա­ծո­ղը:

Ո՞ւր ենք մենք այս աշ­խար­հին մէջ` հայ­րե­նիք եւ Սփիւռք` հա­ւա­սա­րա­պէս:

Ազ­գո­վին ո՞ւր կ՛եր­թանք կամ կ՛ու­զենք եր­թալ: Ի՞նչ ընել կ՛ու­զենք: Ի՞նչ կ՛ընենք:

Կար­ծես “անգ­լուխ“ ենք: Սար­սա­փե­լի է չէ՞:

Ամէն ազգ իր ախոր­ժա­կը ու­նի: Մենք ալ մեր ախոր­ժա­կը պէտք է ու­նե­նանք:

Ուս­տի ստիպ­ուած ենք հաշ­ուի առ­նել նման բա­ներ ու մեր աչ­քե­րը ուղ­ղե­լով վաղ­ուան մեր քայ­լե­րը գաղտ­նա­պա­հօ­րէն գործ­նա­կա­նաց­նել:

Ամէն ան­գամ եւ ամէն առիթ­նե­րով մտքիս մէջ նոյն եւ ան­պա­տաս­խան հար­ցու­մը կը յայտն­ուի ցցուե­լով.-

Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նա­չում եւ յե­տոյ ի՞նչ…

Ցե­ղաս­պա­նու­թեան մա­սին թշնամի­ին հետ հաշ­ուի նստիլ, սրբագ­րել տալ պատ­մա­կան սխա­լը: Յե­տոյ ի՞նչ:

Ին­ծի նման շա­տեր ալ այլ հար­ցեր կու տան ան­մե­ղօ­րէն.-

Արդ­եօ՞ք Ցե­ղաս­պա­նու­թեան փաս­տի ճա­նա­չու­մը Հայ Դա­տին վերջ­նա­կան պա­տաս­խա­նը կը դառ­նայ:

Արդ­եօք, ո՞րն է ել­քը: Արդ­եօ՞ք այդ ել­քը հայ­կա­կան հո­ղե­րու ազա­տագ­րումն ու մեր ժո­ղո­վուր­դի դէ­պի իր հայ­րե­նի օճա­խը վե­րա­դա՞րձն է:

Ի՞նչ են մեր առաջ­նա­հերթ պա­հանջք­նե­րը: Հո՞ղ, դրա՞մ, ճա­նա­չո՞ւմ, թէ ոչ այս բո­լո­րը:

Հա­պա՞ մեր հայ­րե­նի­քէն ար­տա­գաղ­թի ներ­կայ ամօ­թա­լի իրա­վի­ճա­կը: Ինչ­պէ՞ս կա­սեց­նել:

Չմոռ­նանք նա­եւ, որ ամէն առիթ­նե­րով զա­նա­զան շա­հե­րէ մեկ­նած քա­ղա­քա­գէտ­ներ ըլ­լան անոնք նա­խա­գահ­ներ կամ ծե­րա­կու­տա­կան­ներ, մե­զի նե­ցուկ կանգ­նե­լու քիչ կամ առատ խոս­տում­ներ կա­տա­րած են եւ տա­կա­ւին կը շա­րու­նա­կեն կա­տա­րել:

Մեր ձայ­նե­րը, մեր քուէ­նե­րը կ՛ու­զեն: Կը խմբուինք իրենց շուրջ: Մեծ յոյ­սեր հիւ­սե­լով մեր ձայ­նը իրենց կու տանք: Կ՛ու­րա­խա­նանք, երբ անոնք բառ մը հա­յե­րէ­նով ար­տա­յայտ­ուին, մեր դէմ­քե­րուն վրայ կը գծենք գո­հու­նա­կու­թեան ժպիտ­ներ եւ կը կար­ծենք, որ եր­կար ու մութ փա­պուղի­էն լոյ­սի նշոյ­ներ կրցած ենք տես­նել:

Բայց… Մնաց­եա­լը գի­տէք: Սին եւ պա­րապ: Մի­ամ­տու­թիւն: Աղ­տոտ խաղ:

Թէ­եւ իրա­ւազրկ­ուած եւ Սփիւռք դար­ձած է մեր ժո­ղո­վուր­դը, սա­կայն հաս­տա­տա­պէս հաւա­տա­ցէք, որ նոյն այս Սփիւռ­քը տա­կա­ւին իր մէջ պա­հած է իր եր­կի­րը վե­րա­դառ­նա­լու յոյսն ու հա­ւատ­քը:

Ու­րեմն մե­զի կ՛իյ­նայ նկա­տի ու­նե­նալ եւ իմաս­տու­թիւնն ու ողջմ­տու­թիւնը ու­նե­նալ այս պարզ իրա­կանու­թիւն­նե­րը հաշ­ուի առ­նել:

Տաս­նամ­եակ­ներ սպա­սե­ցինք եւ ես կը կար­ծեմ թե­րեւս ալ աշ­խար­հի քա­ղա­քա­կա­նու­թեան կամ դիւա­նա­գէտ­նե­րու խա­ղե­րէն մեկ­նած` թե­րեւս ալ եր­կար սպա­սենք: Բայց իրա­կա­նութիւն է, որ այ­սօր երէկ­ուը­նէ աւե­լի տար­բեր օր է, որով­հե­տեւ Հայ­կա­կան Ցե­ղաս­պա­նութեան ճա­նաչ­ման աշ­խա­տան­քա­յին եր­թի կա­րե­ւոր հանգր­ուան­նե­րէն մէ­կուն մէջ կը գտնուինք ազ­գո­վին:

Ահա թէ ին­չո՞ւ մենք բո­լորս ալ, մե­ծով ու պզտի­կով, պա­տաս­խա­նա­տու ենք պատ­մու­թեան եւ մա­նա­ւանդ մեր երկ­րին առ­ջեւ:

Եր­բեմն նման ճշմար­տու­թիւն­ներ ճա­կա­տա­բաց պէտք է երե­ւան բե­րել, արե­ւու լոյ­սին յանձ­նել, որ­պէս­զի մար­դիկ կա­րե­նան զայն լա­ւա­պէս տես­նել:

Ուս­տի, Ապ­րիլ­եան ան­մեղ զո­հե­րու յի­շա­տա­կին մեր վա­ռե­լիք 100րդ մո­մէն առաջ կը կար­ծեմ, որ նա­խա­պայ­ման է ամ­րապնդ­ուած պա­հել Հա­յաս­տա­նի ան­կախ պե­տա­կա­նութեան ազ­գա­յին դի­մա­գի­ծը, մի­ա­ժա­մա­նակ ար­թուն պա­հե­լով մեր ազ­գա­յին ար­ժա­նա­պատուու­թիւնը:

Մէկ խօս­քով, նախ ամէն բա­նէ առաջ ազ­գո­վին ձգտե­լու ենք ե՛ւ իրաւ ե՛ւ դրա­կան ե՛ւ ան­հա­շիւ մի­աս­նու­թեան:

Ահա այն լուց­կին, որ­մով պի­տի ու­զէ­ինք վա­ռել այդ սպաս­ուած մո­մը:

Ու­րիշ դե­ղա­տոմս չու­նինք:

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles