Հ.Մ.Ը.Մ.-Ի 100-ԱՄԵԱԿԻ ՋԱՀԱՎԱՌՈՒԹԻՒՆ, ԾԱՌԱՏՆԿՈՒՄ ԵՒ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ ՝ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԾԻԾԵՌՆԱԲԵՐԴԻ ՅՈՒՇԱՀԱՄԱԼԻՐԻՆ ՄԷՋ

0 0
Read Time:4 Minute, 44 Second

Հ.Մ.Ը.Մ.-ի 100-ամեակի ոգեկոչումները շարունակուեցան Հայոց Ցեղասպանութեան Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրին մէջ կազմակերպուած դրօշակի արարողութեամբ, ջահավառութեամբ, 100-ամեակի ծառատնկումով եւ հայ մարմնակրթութեան նուիրուած ցուցահանդէսի բացումով։

100-ամեակի երէկուան ոգեկոչումներուն շարքը սկսաւ յետմիջօրէի ժամը 4-ին, Հայոց Ցեղասպանութեան Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր-թանգարանի մուտքին կազմակերպուած դրօշակի արարողութեամբ, ներկայութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան ներկայ եւ նախկին անդամներու, միութեան հիմնադիր Շաւարշ Քրիսեանի եղբօրը թոռ՝ տոքթ. Շաւարշ Քրիսեանի, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչներ՝ Պետրոս Վրդ. Մանուէլեանի եւ Արտաւազդ Աբղ. Շառոյեանի, 100-ամեակի տօնակատարութիւններու «կնքահայր»ներէն տէր եւ տիկ. Հրաչ եւ Էլիզապէթ Սիսեռեաններու, Հ.Մ.Ը.Մ-Հ.Ա.Ս.Կ.-ի ատենապետ Դաւիթ Յակոբեանի, Ցեղասպանութեան թանգարանի տնօրէնի ժամանակաւոր գործակատար Նարինէ Մարգարեանի, Հայկ Դեմոյեանի, Այնճարի քաղաքապետ Վարդգէս Խօշեանի, ազգային բարերար Գաբրիէլ Չէմպէրճեանի, համա-Հ.Մ.Ը.Մ.-ական 11-րդ բանակումի մասնակից խումբ մը սկաուտներու եւ այս առիթով աշխարհի չորս ծագերէն ժամանած Հ.Մ.Ը.Մ.-ական պատասխանատուներու, ծնողներու եւ համակիրներու։

Նախ, Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.-ի սկաուտական շեփորախումբին նուագով երկու սկաուտներ Հայաստանի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի դրօշները ստանձնեցին Հայկ Դեմոյեանէն եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեանէն եւ ուղղուեցան դրօշակի ձողին մօտ, ուր հանդիսաւոր կերպով բարձրացուցին, որպէսզի անոնք ծածանին մինչեւ միութեան 100-ամեակի տօնակատարութիւններու աւարտ։ Ապա, հնչեցին Հայաստանի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի քայլերգները։

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.-ի արենոյշներէն Անահիտ Անդրէասեան։ Ան հանդիսութեան խորհուրդն ու նպատակը ներկայացնելով հրաւիրեց Հայկ Դեմոյեանը՝ փոխանցելու իր խօսքը։

Դեմոյեան յայտնեց, որ 20 Յուլիսը պատմական օր է, որովհետեւ Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրին մէջ կը ծածանի Հ.Մ.Ը.Մ.-ի դրօշը։ Այն դրօշը, զոր բարձր բռնեցին Ցեղասպանութենէն վերապրած որբերը, վերապրումի եւ պայքարի կեանք մղած նուիրեալները։ Մենք այսօր այդ սերունդներու ժառանգութիւնը, յիշողութիւնը եւ պատիւը կրողներն ենք, նշեց ան։

Շարունակելով, Հայկ Դեմոյեան ըսաւ, որ մենք այսօր մտովին 1918 թուականին Հ.Մ.Ը.Մ.-ը հիմնած սերունդին հետն ենք։ Կը յիշենք Շաւարշ Քրիսեանը, Հայկ Ճոլոլեանը, Գրիգոր Յակոբեանը, Յովհաննէս Հինդլեանն ու Վահան Չերազը, որոնք հայ մարմնակրթութեան ռահվիրաները հանդիսացան եւ որբերէն արժանապատիւ ու հպարտ քաղաքացիներ կերտեցին։ Փառք այդ սերունդին եւ յարգանք անոնց վաստակին։

Այս առիթով խօսք առաւ նաեւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան։ Ան ըսաւ, որ «Այսօր յաղթանակի օր է, ոչ թէ անոր համար որ դրօշակի այս արարողութեամբ բացումը կը կատարուի 100-ամեակի տօնակատարութիւններուն,  այլ՝ անոր համար, որ «խաւար դամբան» նետուելէ 100 տարի ետք, մենք կա՛նք, կը մնանք ու կը խոստանանք շարունակել մնալ, մինչեւ որ մեր զոյգ դրօշները՝ Եռագոյնը եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի դրօշակը կոթողենք «կատարն հայրենի լերանց հեռագոյն»։

«Այսօր, յաղթանակի օր է, որովհետեւ այսօր Ծիծեռնակաբերդի մէջ միայն Ցեղասպանութեան նահատակներուն ջահը չէ, որ կը բոցավառի, այլ մէկի փոխարէն կը բոցավառին բոցավառին չորս այլ ջահեր, որոնք կու գան Անթիլիասէն, Փարիզէն, Պոլիսէն եւ Արարատի կատարէն։ Վերջին ջահը անակնկալ մըն էր միութեան աշխարհասփիւռ մասնաճիւղերուն պատկանող 24 խմբապետներուն կողմէ, որոնք անցնող օրերուն ամէն դժուարութիւն յաղթահարելով բարձրացան Արարատ, Հ.Մ.Ը.Մ.ականի իրենց ուխտը վերանորոգեցին եւ անմար ջահով մը վերադարձան անկէ»։

Այս ջահերը,- շարունակեց Գառնիկ Մկրտիչեան-, այսօր պիտի միանան Ծիծեռնակաբերդի անմար ջահին եւ միասնաբար պիտի բոցավառին հայութեան եւ Հայաստանին համար, Հ.Մ.Ը.Մ.ին եւ անոր երազներուն իրականացման համար։ Մինչ չորս վայրերէ բերուած հողերը, Ծիծեռնակաբերդի հողին խառնուելով, պիտի պարարտացնեն ու զօրացնեն զայն այնպէս մը, որ անոնք նոր աւիշ պիտի տան միութեան 100-ամեակի ծառին, որ պիտի ցանուի բոլորիս կողմէ, բոլորիս համար։

Այնուհետեւ, ներկայ հիւրերն ու ժողովուրդը ուղղուեցան յուշահամալիրին պուրակը, առաջնորդութեամբ Հայաստանի, Հ.Մ.Ը.Մ.ի, միութեան սկաուտութեան եւ 100-ամեակի դրօշներուն։ Անոնց հետեւեցան չորս ջահակիրներ եւ չորս սկաուտներ, որոնք կը կրէին յատուկ արկղներով չորս վայրերէ բերուած հողեր։

Ծառատնկումի վայրը հասնելով, արկղներու հողերը պարպուեցան եւ խառնուեցան 100-ամեակի ծառի հողին, որուն մօտ կանգնեցուած մետաղեայ բացատրագիրը կը կրէր հետեւեալ գրութիւնը. «Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերի յիշատակին՝ Հ.Մ.Ը.Մ․-ի 100-ամեակի կապակցութեամբ։ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւն, 2018»։

Ծառատնկումէն ետք, ներկաները ուղղուեցան Ծիծեռնակաբերդի յուշարձան եւ անմար կրակին շուրջ բոլորուելով իրենց յարգանքն ու երախտիքը յայտնեցին միութեան մէկ դարու հաւատաւորներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք ինկան ի սէր հայ ժողովուրդին եւ ի պաշտպանութիւն անոր նուիրական հայրենիքին։

Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբան հայրերու կողմէ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն, որմէ ետք ջահերը միացուեցան Ծիծեռնակաբերդի անմար ջահին։

Ոգեկոչումներու շարքը աւարտեցաւ Ցեղասպանութեան թանգարանին մէջ կազմակերպուած ցուցահանդէսի բացումով։ Հայ մարմնակրթութեան նուիրուած ցուցահանդէսը եզակի էր իր տեսակին մէջ, որովհետեւ թանգարանի հաւաքածոյին կողքին ան կը ցուցադրէր նաեւ յատկապէս Պէյրութէն, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի «Վարդգէս Տէր Կարապետեան թանգարան»էն բերուած արժէքաւոր իրեր եւ պատմական փաստաթուղթեր։

Ցուցահանդէսին բացումէն առաջ, Ցեղասպանութեան թանգարանի տնօրէնի ժամանակաւոր գործակատար Նարինէ Մարգարեան եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան կատարեցին նոր լոյս տեսած «Ալպոմ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Վարդգէս Տէր Կարապետեան թանգարանի» գիրքին մակագրութիւնն ու իրարու փոխանակումը։ «Ալպոմը» կը ներկայացնէ միութեան թանգարանին աւելի քան 1200 իրերէն եւ փաստաթուղթերէն 230 նմոյշներ։ «Ալպոմ»ին խմբագիրն է միութեան «Մարզիկ» պաշտօնաթերթի խմբագիր Վիգէն Աւագեան։

Տեղի ունեցաւ նաեւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի կողմէ 100-ամեակի յուշանուէրներու փոխանցում Նարինէ Մարգարեանի եւ Հայկ Դեմոյեանի։

Խօսք առաւ Ցեղասպանութեան թանգարանի տնօրէնի ժամանակաւոր գործակատար Նարինէ Մարգարեան եւ ըսաւ, որ մեծ է Հ.Մ.Ը.Մ.-ի դերը հայապահպանութեան գործին մէջ։ Հ.Մ.Ը.Մ. կը նպաստէ մեր նորահաս սերունդի ֆիզիքական առողջ կազմաւորման եւ ազգային ու բարոյական արժէքներու ձեռք բերման։ Հ.Մ.Ը.Մ. նաեւ կամուրջ կը հանդիսանայ Հայաստան-Սփիւռք կապերու ամրապնդման եւ զարգացման։

Մարգարեան նշեց, որ Ցեղասպանութեան թանգարանը յատուկ ուշադրութիւն կ’ընծայէ նախաեղեռնեան հայ կեանքի լուսաբանման ու ներկայացման եւ մարմնակրթութիւնը կը հանդիսանայ այդ կեանքի կարեւոր երեսներէն մէկը, տրուած ըլլալով որ հայեր հիմնադիրները եղած են Օսմանեան կայսրութեան մարզական կեանքին։

Խօսքին աւարտին, Նարինէ Մարգարեան, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Արեւելեան Մ. Նահանգներու շրջանի ատենապետ եւ համա-Հ.Մ.Ը.Մ.-ական 11-րդ բանակումի գործադիր մարմինի անդամ Արամ Գայսէրեան հատեցին ցուցահանդէսի բացման ժապաւէնը, որմէ ետք ներկաները առիթը ունեցան շրջելու ցուցադրուած նկարներուն, իրերուն եւ փաստաթուղթերուն շուրջ՝ լայն բացատրութիւններ ստանալով Հայկ Դեմոյեանէն։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles