
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ. – Արցախի տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարար Հայկ Խանումեան մինչեւ Օգոստոս 25 ժամանակ տուաւէ Աղաւնոյի եւ Բերձորի բնակիչներուն իրենց բնակավայրերէն դուրս գալու համար: Աղաւնոյի գիւղապետ Անդրանիկ Չաւուշեանի համաձայն, Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի հետ եւս հարցը քննարկուած է:
«Նախագահը ո՛չ բացատրել, ո՛չ ալ պատճառաբանել կրնայ, քանի որ ինք բանակցող կողմ չէ: Ես զինք չեմ արդարացներ, բայց իրմէ ի՞նչ պահանջենք: Փաշինեանն է այս վիճակին հասցնողը: Իր կարգախօսն է` բոլորը մեղաւոր են իրմէ բացի: Հայկ Խանումեանը մեզի տարհանման ծրագիրը ներկայացուցած է, ըսած է` ո՛վ ուր պիտի երթայ, ի՛նչ պիտի ընէ: Մենք փաստաթուղթեր պիտի լեցնենք, լրացնենք, պիտի նշենք` իւրաքանչիւրս ո՛ւր պիտի երթայ: Ընդհանուր առմամբ` գիւղի բնակիչները պատրաստ էին, գիտէին` ի՛նչ պիտի ըլլայ: Այսքան ժամանակ մեզի չէին աջակցեր, զօրք չէին բերեր: Ժողովուրդին, եթէ զէնք բերեն, տան, հզօրացնեն, բոլորն ալ պայքարող են: Ոչ ոք կ՛ուզէ իր տունէն դուրս գալ», յայտնեց Անդրանիկ Չաւուշեան: