
Read Time:21 Second
ՊՈՒԵՆՈՍ ԱՅՐԷՍ.- Արժանթինի մայրաքաղաքի հայ կաթողիկէ Նարեկի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ պատարագի ընթացքին, Արքեպիսկոպոս Մարիօ Փոլի կիրակի, Օգոստոս 17ին յայտարարած է, որ Փրանկիսկոս Պապը Ապրիլ 12, 2015-ին Վատիկանի Ս. Պետրոս տաճարին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով պատարագ պիտի մատուցէ:
Նարեկի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հովիւ Փապլու Հաքիմեան, այս գծով կը յայտնէ.- “Պապը ընդառաջած է յանուն Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքին` ցեղասպանութեան ճանաչման համար պատարագ մը մատուցելու հրաւէրին“: