Շրջափակման 100-րդ Օր․- Հ.Յ.Դ. Արցախի Երիտասարդական Միութեան Ցոյցը

0 0
Read Time:1 Minute, 3 Second

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ («Ապառաժ») ․- Երեքշաբթի, Մարտ 21-ին, Հ․Յ․Դ․ Արցախի երիտասարդական միութիւնը Վերածնունդի հրապարակին մէջ կազմակերպեց ցոյց-հաւաք մը, վերահաստատելու այդ կամքը, արցախցիի ձայնը լսելի դարձնելու համայն աշխարհին,  պայքարի վճռականութիւնը արտայայտելու եւ հայ ժողովուրդի միասնական կամքը ապացուցելու համար: Այսպէս, Արցախի երիտասարդները անգամ մը եւս ցոյց տուին իրենց հաստատակամութիւնը` այդ հողին մէջ ապրելու ու արարելու` ի հեճուկս համայն աշխարհի եւ բոլոր դժուարութիւններուն:

Խորհրդանշական օր էր, պայքարի 100-րդ օրը: Արցախը կը դիմակայէ եւ իր դիմակայութեամբ թշնամիին ոչ կ՛ըսէ` պարտադրելով յարգանք եւ ակնածանք:

Անոնք շեշտեցին, թէ Արցախը շրջափակման մէջ է 100 օրէ ի վեր: Թշնամի Ատրպէյճանը արդէն 100 օրէ ի վեր չի կրնար հասնիլ  իր դաւադիր նպատակներուն` հայաթափել Արցախը եւ գրաւել զայն: 2020 թուականի դաժան պատերազմէն ետք թէեւ վիրաւոր, սակայն Արցախի սիրտը կը բաբախէ, իսկ ատիկա կը նշանակէ, որ արցախցին կը պայքարի:

Սնունդի, դեղորայքի, վառելիքի, ելեկտրականութեան ու կազի բացակայութեան պայմաններուն մէջ կ՛ապրի արցախցին: 3 պատերազմի բովով անցած, բազմաթիւ զրկանքներ ու դաժանութիւններ տեսած արցախցիի կամքն անկոտրում է: Արցախցին հաւատարիմ է իր ընտրած պայքարի ուղիին:

Բազմաթիւ երկիրներու մէջ, ուր Կը գործեն դաշնակցական կառոյցներ եւ երիտասարդական, ուսանողական եւ պատանեկան միութիւններ, նմանատիպ ցոյցեր տեղի ունեցան` փաստելով, որ դաշնակցական երիտասարդները դիւանագիտական մակարդակով, հանրային բեմերու վրայ չեն մոռցած Արցախը եւ ամէն առիթով միջազգային հարթակներու մէջ կը ներկայացնեն Հայ Դատն ու հայկական պահանջատիրութիւնը:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles