

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
22 Փետրուար 2023
Լա Հէյի միջազգային ատեանը 22 Փետրուարին պատասխանեց Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի դիմումներուն եւ փոխան 3-0-ի՝ 1-0 հաշիւով յաղթանակ մը տուաւ հայկական կողմին:
Միջազգային դատարանը արդար գտաւ հայկական կողմին ներկայացուցած երեք բողոքներէն մէկը եւ պահանջեց Ատրպէյճանէն, որ վերջ տայ Բերձորի միջանցքին փակման, ազատ երթեւեկի կարելութիւնը վերահաստատուի: Ատկէ անդին, ատեանը «բաւարար ապացոյց» չտեսաւ, որ ճամբան փակող «բնապահպաններ»-ը կը շարժին Ատրպէյճանի մատներուն շարժումին համընթաց, ո՛չ ալ բաւարար ապացոյց գտաւ, որ նոյն շրջանէն անցնող կազատար խողովակը բաց ու խուփ կ’ըլլայ Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն քմայքներուն համաձայն, գերիներու տագնապին զուգահեռ՝ զայն ճնշումի այլ լծակի մը վերածելով:
Այսպէսով, Հայաստան «երթի մրցումին» մէկ կէտ նշանակեց Ատրպէյճանի դէմ, որուն ներկայացուցած գանգատներէն ո՛չ մէկը ընդունելի նկատուեցաւ. Պաքու նշանակեց զեռօ կէտ: (Չանտեսենք, որ օր մը առաջ, եւրոպական խորհրդարանական դաշտին վրայ ալ, Հայաստան կէտ շահած էր եւ ականատես եղան իշխանական եւ ընդդիմադիր երեսփոխաններու՝ Ատրպէյճանին ուղղուած համահունչ ամբաստանութիւններուն):
Ատեանին տուած վճիռը բնականաբար ողջունելի է, պայմանաւ, որ անիկա վաղը չվերածուի մուկ ծնած լերան վիճակի, այսինքն, միջազգային ընտանիքը չբաւականանայ միայն խօսքերով, այլ գործնական ձեւեր գտնէ ազերիական ոճիրներուն դադարեցման եւ արդարութեան ճամբուն բացման նպատակով: Այդ ընելու համար, սպասելի է Ատրպէյճանի հանդէպ միակողմանի եւ զուտ շահադիտական մօտեցման հիմնական վերանայումը: Լիւքսեմպուրքի արտաքին գործոց նախարարը Երեւանի մէջ նոյն օրը յայտարարեց, որ կարելի չէ հոգին ծախել շահու համար: Պրաւօ մըն ալ անոր:
***
Գոհունակութեան այս գիծին դիմաց, կայ անշուշտ հիասթափութեան երես մը, ի տես եւ ի լուր՝ Լա Հէյի ատեանին միականի կեցուածքին: Եթէ ատեանին աթոռները գրաւող դատաւորները՝ իրաւագէտները, քիչ մը աչք, քիչ մըն ալ ականջ ու հաւասարակշուած (ըսել կ’ուզենք՝ իրականութիւնները ճիշդ) ձեւով դատելու ատակ են, ինչպէ՞ս կրնան չտեսնել, որ աւելի քան 70 օրէ ի վեր Բերձորի ճամբան փակողները պարզ բնապահպաններ չեն, այլ Ատրպէյճանի (եւ անոր ետին կանգնող Թուրքիոյ) ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՆՊԱՏԱԿՆԵՐՈՒՆ ծառայողներ: Եթէ այդպէս չըլլային, ո՛չ ռուս խաղաղապահներուն, ո՛չ ալ տկար ինկած արցախցիններուն համար դժուար պիտի ըլլար ճամբուն՝ քանի մը վայրկեանի մէջ վերաբացումը: Յստակ է, սակայն, որ Լա Հէյի ատեանը կը փորձէ խուսափիլ այն իրականութենէն, որ Բերձորի անցքին թելերը կ’երկարին մինչեւ… Ուքրայինա եւ Արեւելք-Արեւմուտք հակամարտութեան բաւիղները, ու եթէ ճամբան բանալու գործնական քայլ առնուի, Ուքրանիան արձագանգ պիտի գտնէ Կովկասի մէջ: Այլ խօսքով, բնապահպան կոչուածները կը ծառայեն Պաքուէ՛ն ալ հեռուները տարածուող նպատակներու, ուրեմն, ճամբուն բացումը կը կարօտի ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԱՐԴԱՐԱՄԻՏ ՀԱՄԱԽՈՀՈՒԹԵՆԷ ՄԸ բխող որոշումի, որուն լիազօրութիւնը ունէր – եւ ունի – այս ատեանը:
Ինչ կը վերաբերի կազատարի բացխփումներուն, ատեանին միականիութիւնը աւելի՛ աղաղակող կը դառնայ եւ յայտնապէս զոհը կը դառնայ շիշ հաշիւներու: Ի՞նչ տեսակ փաստ կ’ուզեն դատաւորները (եւ արցախցիք պէտք չունին ինքնապաշտպանութեան դիմելու, որ անոր բանալիին գտնուած վայրը ազերիներուն ձեռքն է ու հասնելի չէ իրենց՝ որպէսզի փաստ բերեն), երբ գիտեն, որ հոն նստողը միայն ու միայն Պաքուի ձեռքն են: Ինչպէ՞ս կ’ըլլայ, որ ճամբուն փակման պատասխանատուն կը տեսնուի յստակօրէն, սակայն չի տեսնուիր, թէ անկէ անցնող խողովակին բանալին որո՛ւն ձեռքն է: Աւելի քան ծիծաղելի է հարց տալ, թէ արդեօք ռուսական ուժե՞րն են փակողը, երբ անոնց խաղաղապահի առաքելութիւնը ամէն օր խաղալիք կը դառնայ ազերիներուն կողմէ (երբեմն ալ՝ հայկական որոշ կողմերէ): Արդեօք իրանցիներո՞ւն ձեռքը երկարած է մինչեւ հոն, կամ արցախցի՞ք է որ կը փակեն իրենց մէկ շնչափողը: Արդեօք այս անմարդկային խաղին ետին չինացի՞ք, քորէացի՞ք, հարաւ-ամերիկացինե՞ր կամ ափրիկեցինե՞ր կը կանգնին, թերեւս՝… արտերկրայիննե՞ր:
Ատեանը որքա՜ն վարկ ու արդարամտութեան վաստակ պիտի շահէր, եթէ ինքզինք խայտառակ չընէր կէս-կատար արդարութիւն կիրարկելով: Կրկնենք. հայկական կողմին առաջին պահանջին նկատմամբ արդար որոշումը ողջունելի է, սակայն պէտք էր պահուէր անաղարտ, գինիին ջուր պէտք չէր խառնուէր այսքան արագ կերպով:
Գործնական արդարութեան մեր սպասումը բոլոր շրջագիծղերուն մէջ օրակարգի վրայ կը մնայ յաջորդ «մրցում»-ներուն: