
Համադրեց՝ Բժիշկ Կարպիս Հարպոյեան
Մոնրէալ
Բժիշկ Գարեգին Վարդապետեան ծնած է Մարաշ, 1881-ին:
Բարձրագոյն ուսումը ստացած է Իզմիրի Ամերիկեան Քոլէճէն, 1897-1901: Երեք տարի ուսուցչութեան պաշտօն վարած է նոյն քոլէճի նախակրթարանի բաժնին մէջ։ 1905-ին անցած է Պէյրութ եւ Ամերիկեան համալսարանին մէջ հետեւած է բժշկութեան: Վկայուած է 1909-ին՝ ստանալով բժիշկի տիտղոս։ Կը վերադառնայ Վերադաձած է ծննդավայրը, ուր երկու տարի աշխատած է իբրեւ օգնական բժիշկ։ 1911-ին փոխադրուած է Ատանա, իբրեւ հիւանդանոցի օգնական բժիշկ: Տարի մը ետք կը դառնայ բժշկապետ եւ կը պաշտօնավարէ վեց տարի: Ա. Աշխարհամարտի վերջաւորութեան, կը վերադառնայ Ատանա:
Կիլիկիոյ պարպումին օրերուն, նախ անցած է Ալեքսանտրէթ, ապա Պէյրութ, ուր հաստատած է իր դարմանատունը։
Բժիշկ Վարդապետեան ամուսնացած է Նուարդ Չէթէճեանի հետ։ Տիկին Վարդապետեան իր ամուսինին հետ մասնակցած է ազգային ձեռնարկներու։ Ունեցած են երեք զաւակ, երկու մանչ՝ Ժիրայր եւ Վարդգէս, եւ աղջիկ մը՝ Սօնա որ ծանօթ դաշնակահարուհի եղած է, վկայեալ Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանի երաժշտանոցէն եւ Եէյլ համալսարանէն։


Վարդապետեան եւ տիկին Նուարդ

Բժիշկ Գարեգին Վարդապետեան ունեցած է բազմամեայ ու եռանդուն ազգային գործունէութիւն։ 1910-ին, Մարաշի մէջ եղած է Միացեալ դպրոցի ատենապէտ։ 1918-ին, պասերազմէն ետք, Ատանայի մէջ եղած է Ազգ. միութեան ատենապետ եւ Փարիզ ղրկուած իբրեւ պատուիրակ։ 1930-33, Պէյրութի մէջ 3 տարի եղած է Ազգ. Ս. Նշան վարժարանի հոգաբարձութեան ատենապետ, իսկ 1934-ին տարի մըն ալ՝ Հայ Աւետ. Բարձր. Վարժարանի հոգաբարձութեան ատենապետ։: 1937-ին, տարի մը Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Պէյրութի մասնաժողովի ատենապետ։ Քսան տարի ծառայած է Ազգ. Բուժարանի վարչութեան մէջ, իբրեւ փոխ ատենապետ։ Ան եղած է նաեւ Նոր Մարաշ թաղի հիմնարկութեան կառուցումի յանձնախումբին ատենապետ:
1962-ին, Պէյրութի մէջ հրատարակուած է իր «Տոքթէօր Գարեգին Վարդապետեան» գիրքը, որ ինքնակենսագրութիւն եւ վկայութիւններ են իր մասին: Գիրքի «Անկեղծ եւ պարզ յառաջաբան»-ին մէջ, բժիշկ Գարեգին Վարդապետեան գրած է. «Արտակարգ ոչինչ պիտի գտնէք յուշերուս մէջ: Ոչ գրագէտ եղած եմ եւ ոչ ալ բեմբասաց, եղած եմ պարզ, իտէալի տէր մարդ մը, որ կը նշանակէ՝ մեծ խենթ: Ուրեմն գրութեանս մէջ ձեր գտածը պիտի ըլլայ ո՛չ բանաստեղծութիւն եւ ոչ ալ փիլիսոփայութիւն, հապա՝ յուշագրութիւն մը, գրուած պարզ կերպով, դէմքերու եւ դէպքերու մասին, ինչպէս նաեւ դրուագներ իմ կեանքէս, որոնք ճշմարտութեան սահմանէն դուրս չեն գար»:
Գիրքին մէջ բարեկամ մը իր վկայութիւնը արձանագրած է ըսելով. «Մեծ բարերա՞ր մը, մեծ կտակարա՞ր մը, ո՛չ մէկը, ոչ ալ միւսը: Շատ կանուխէն ամէն բան մոռցած, սկսելով ինքզինքէն, այս հայը չէր կրնար ըլլալ այդ, բայց մեծ հոգի մը, մեծ սիրտ մը անկասկած, որ բարին ու գեղեցիկը, ճշմարտութիւնն ու արդարութիւնը իրեն համար դրօշի ու քայլերգի վերածած, իր ամբողջ հնարաւորութիւններն ու կարելիութիւնները ի սպաս դրաւ իր պաշտած ժողովուրդին ծառայութեան սրբազան գործին»:
Բժիշկ Գարեգին Վարդապետեան իր գրութիւններէն մէկուն մէջ գրած է. «Մարաշի մէջ Յակոբ Պալեանը եկաւ քովս։ Յակոբը է՛ն մտերիմ բարեկամս էր։ Ըսաւ.
– Գարեգի՛ն, քեզի գաղտնի բան մը պիտի ըսեմ. մեր թաղը թուրք հարսանիք մը կայ այսօր. թուրք կիներուն քով “չալղըճին՝” նուագողը, կամ “կոյր” ըլլալու է, կամ “չոճուխ՝” մանուկ։ (Ես տասնմէկ տարեկան էի)։ Դուն լաւ “ղաւալ” կը նուագես, – շարունակեց Յակոբ, – ես ալ “դէպլէք” մը ունիմ. Եկո՛ւր, երթանք հարսնիքին ու թրքուհիներուն կէօպէք աթտըրմըշ ընել տանք։Օլո՞ւր մը. օլուր։ (Կ’ըլլա՞յ մը, կ’ըլլայ)։
Կամաց մը փախանք դպրոցէն ու միասին գացինք հարսանիքի. մինչեւ իրիկուն վո՛ւր, փաթլասըն, չա՛լ, օյնասըն, (զա՛րկ թող պայթի, նուագէ՛ թող պարէ)։
Իրիկուան դէմ, երբ վերջացուցինք մեր գործը, ինծի ութ մեթելիկ տուին, իսկ Յակոբը ստացաւ չորս։
Յաջորդ օր հօրս կը հաղորդեն, թէ Գարեգինը երէկ դպրոցէն փախաւ։ Իրիկունը հարցաքննութիւնը տեղի ունեցաւ ու ես ամէն բան պատմեցի, այնպէս՝ ինչպէս որ է։
Զորս դո՛ւ պատուիրեցիր, հայրս փառաւոր ֆալախա մը քաշեց ու ես երեք օր մնացի անկողին։ Ութ մեթելիկը քիթէս բերնէս եկած էր արդէն»։ (*)
(*) Այս պատմութիւնը առած եմ Կարօ Տէրունեանի դիմատետրէն:
Աղբիւրներ՝
1. Վիքիփետիա, Գարեգին Վարդապետեան:
2. Վարժապետեան, Սիսակ, Հայերը Լիբանանի մէջ, Ա. հատոր, Պէյրութ:
3. Վարդապետեան, Գարեգին, , Ինքնակենսագրութիւն եւ վկայութիւններ, Գարեգին Վարդապետեան, Պէյրութ, 1962:
4. Kestenian, Hratch, Doctors, Disease, and Death: WWI and Armenians at the Syrian Protestant College, Armenian Weekly, 29 April, 2020.